ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Իսկ, ինչպէ՞ս փակել աչքերը, ինչպէ՞ս խեղդել յուզմունքը, ինչպէ՞ս չափսոսալ, վերջապէս ինչպէ՞ս հաշտուիլ…
Արդէն ուշ է…:
Արեւածագին, երկար տարիներով երազուած շրջապտոյտը սկսած էր: Պատմամշակութային՝ Ալեքսանդրապոլ, Գիւմրի քաղաքի կողքով դէպի դրախտային Ջաւախքի դալարապատ դաշտերով, ծառուղիներով եւ Ջաւախք ցուցանակի հիացմունքով, անցանք ու կրկին հպարտացանք ջաւախքահայուն հայրենասէր ոգիին, կամքին եւ յարատեւութեամբ…
Անցանք, Նինոծմինտա ապա Ախալքալաք եւ Լոռիի ազատ գօտիով, ուր կանգուն էր Ամուլսարը, որ մենք եւս անոր նման հիացանք Փարւանա լիճով, որ շատ հաւանաբար ըսելիք մը ունէր մեզի, սակայն նախընտրեց «լռել», մտածելով որ տակաւին խոր յուզում ապրելու երկար ժամանակ ունինք… կա՛նգ առինք, հայրենածին տաղանդ, անզուգական աշուղ Ջիւանի գիւղը… Մեծ վարպետին հոգեբուխ եւ սրտաբուխ նուագն ու ձայնը կարծես կը լսէի եւ հսկայ ու լուռ արձանին դէմ կեցած հպարտօրէն նայուածքս սեւեռած էի անոր աչքերուն խորը, արդեօ՞ք բան մը պիտի ըսէր..․ եւ ինչպէս միշտ՝ յիշատակի պատկերով մը հրաժեշտ տուինք՝ հրաշք հայ մեծ աշուղին ու հասանք՝ անցակէտ:
Միապաղաղ եւ «ցուրտ» էր Վրաստանի սահմանը։ Սիրտս հասկնալի բայց եւ վախազդու տրոփիւնով կը զգաստացնէր զիս պատրաստուելու յաջորդ կանգառին՝ «Թուրքիոյ սահմանին»…
Գիտէի, որ փշոտ պիտի ըլլար ճանապարհը, սակայն չէի ուզած պատկերացնել, թէ ինչպիսի՞ հոգեխառն ապրումներով եւ խիստ բարկութեամբ պիտի համակերպիմ «անոնց» օրէնքներուն եւ «տիրութեան»…:
Այս սահմանը, առաւել եւ առաւել, «սոսկալի ցուրտ» էր, սրտիս զարկերն իսկ սառած էին, կարծես: Ապակեփեղկին ետեւ նստած էր ճաղատ գլուխով, դեղնած եւ անժպիտ ու սառած աչքերով պաշտօնեայ մը, որուն դէմքին վրայ դաժան մահուան մը տժգոյն տեսիլքը կար կարծես, մեծ հաւանականութեամբ «Թալէաթի կրկնօրինակն» էր… մտածեցի եւ առաւել սարսուռ եւ ատելութիւն զգացի:
Արամ Հայկազի մտքերով տարուած. «Տէ՜ր Աստուած, հիմա, որ կը տեսնես թուրքը, արդեօ՞ք կ՛ամչնաս, որ նման ազգ մը ստեղծած ես»։ «Է՜հ ինքը՝ Աստուած, գիտէ» մտածեցի:
Եւ այդ վախազդու աչքերուն մէջ առանց նայելու, երկարեցի ինքնութեանս տետրը եւ չեմ յիշեր, թէ ի՞նչ ըսաւ, որ հերթս անցաւ եւ ես դուրս գալով ոտքս դրի յուզման գագաթնակէտին տանող՝ իմ պապերուս, իմ մեծերուս, մեր հերոսներուն, նախնիներուն եւ մեծ տառապանքով եւ վայրագաբար արտահանուած իմ ժողովուրդիս «հող»երուն վրայ:
Սահմանի երկայնքին՝ «Ծովակն Հիւսիսոյ» անվերջ կ՛երկարէր մեր ճամբուն հետ զուգահեռ, կարծես կը փորձէր հանդարտեցնել հոգիիս խռովքը… արդեօ՞ք:
Տարածուող պսպղուն եւ կապուտակ լիճը եւ հեռուն կանգուն Ամուլսարը, որ իր լռին մնջութեամբ կը յիշեցնէր մօտալուտ՝ «Կա՛րս, Կա՛րս, Կա՛րս, հայրենի հարս, երբ դու նորից Մայր Հայաստան պիտ՝ վերադառնաս» մեր կարօտի սրտայոյզ երգի տողերը… Արցունքներս արդէն լուացած էին հանրակառքի ապակին, որ տակաւին յորդառատ արցունքներու ականատեսը պիտի դառնար եւ տակաւ պիտի առաջնորդէր մեզ՝ անցեալի հպարտութեան եւ ներկայի ցաւոտ ու մղկտող ճանապարհներով:
Կանգնած եմ Կարսի անցեալի ամրակուռ բերդի դիմաց, ուր կայուն բարկութեամբ հանգչած էր՝ մեր անցեալի Ս. Կարապետ եկեղեցին, ներկայիս մզկիթի նոր ինքնութեամբ…
Փորձեցինք մտնել «եկեղեցի», դռնապանը պարտադրեց մահմետական կրօնքի պայմանները յարգելու պարտաւորութիւնը… ոմա՞նք մտան, իսկ ե՞ս, մերժեցի, ոչ կրօնքի մերժումով, այլ բիրտ արարքի ցաւով:
Նախաքայլը արդէն նողկանք յառաջացուցած էր, իմ ազգային բազկերակիս վրայ:
Բարձրացանք մեր «յանձնուած Կարս»ի բերդը… ամրակուռ էր երեւոյթը, ինչպէս անցեալի մեր ոգին, բարձր եւ հպարտ էր, ինչպէս մեր կամքն ու ոգին եւ ինչպէս որ փոխանցած էին մեզի մեր պատմութեան հպարտալի էջերով… իսկ այսօր վարը հանգչած Կարսը՝ հպարտ ու խեղդուած յուզումի «արցունք»ներով մե՜զ կը դիտէ՜ր…երեւակայեցինք:
Ապա,
Անի՜ն… Ա՜խ Անի՛, Անի՛, ծախուա՛ծ Անի,աւերուա՛ծ Անի..եւ այժմ Անիի աւերակները, հսկայ եւ տարածուած, կիսաւե՛ր, տնաւե՛ր…
Զարմացած եւ քարացած կեցած դարպասին դիմաց, կանգնած ոչնչութիւն մըն էի կարծես, սակայն շուտով ծունկերս շունչ առին եւ դողացին վերջապէս… Հիմա ինչպէ՞ս որպէս «օտարացած» այցելու մը, տուրք տալով պիտի յառաջանայի մեր Անի մայրաքաղաքի պարիսպներէն անդին եւ քայլ առ քայլ յառաջանայի կիսաւեր, կիսաքանդ եկեղեցիներու անխաչ գմբէթներով եւ քանդուած ու փլատակ դարձած սրբաքարերով եւ կիսաքանդ սիւներով… ափսոսանքն ու արցունքը ոչնչացուցած էին մտածումիս եւ տրամաբանութեանս կապը.. եւ սակայն Ս.Գրիգոր եկեղեցւոյ «խաչ»ուած միակ գմբէթն ու պաղ եւ դատարկ խորանը, բայց եւ պատերուն վրայ կիսաերեւելի սրբանկարները աղօթք բարձրացուցին հոգիիս խորքէն, որով ուժ հաւաքեցի եւ կրցայ հասնիլ մինչեւ Արեւելեան Հայաստանը բաժնող Ախուրեան գետը՝ իր ազնուական հոսքով․ արցունքներս յորդեցան եւ հանգչեցան հեռո՜ւն երեւցող հայկական գիւղի մը բարձունքին հանգչած փոքրիկ եւ հազիւ երեւելի՝ Եռագոյն դրօշս ի տես, որ կը հաստատէր, գաղթը մերժած եւ տակաւին հոն ապրող միայնակ հայ պառաւի մը տնակը: Շատ լացի իմ հայ պառաւին մինակութեան բայց եւ անպարտելի հայրենական ոգիին համար:
Մեր ճամբան կը շարունակուէր «Ծովակն Վանայ» լիճի անվերջ երկայնքով… Պայազիտ, Բերկրի, ապա Վան եւ Աղթամար, մեզ կը սպասէին անհամբեր… ինչպէս մենք:
Յիշելով մեր նուիրական հերոս ֆետայիներն ու այգեստան Վանի «Հայրիկ»ն ու քաջասիրտ վանեցիները, ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէի անոնց լու՜ռ, բայց եւ հզօ՛ր աղմուկը…
Լուռ հպարտութեան եւ խոր ցաւի յուշերով, կը շարունակեմ չլռել յաջորդ թիւերով…: