
Երեքշաբթի, 23 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի Շրջանայի վարչութիւնը, որ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի՝ եկած էր առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնները ստանալու:
Հանդիպման ընթացքին Թորգոմ եպիսկոպոսը գնահատեց Համազգային Հայ Կրթակական եւ Մշակութային Միութեան գրեթէ մէկդարեայ գործունէութիւնը եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն ու յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արձանագրած իրագործումները, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ երկու տարիէ ի վեր աշխարհը ցնցող համաճարակը եւ մանաւանդ արցախեան 44օրեայ պատերազմը առաջին հերթին ու բոլոր ժողովուրդներէն աւելի ծանր վնասներ պատճառեցին հայոց բնօրրանին եւ Սփիւռքի հայութեան հոգեւոր, կրթական, ընկերային ու մշակութային կեանքի յարատեւման եւ զարգացման:
Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ գալիք օրերը պիտի ըլլան խաղաղ, ապահով եւ բարեբեր, որպէսզի հայ ազգային կեանքը վերանորոգ թափով լծուի հայրենակերտ ու հայակերտ իր առաքելութեան եւ Համազգայինը վերստանձնէ իր դերը՝ աւելի արդիւնաւէտ ու ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով աշխատանքի մղելու համար կրթական եւ մշակութային նոր ծրագիրներ:
Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին՝ ազգային արժէքներուն եւ յատկապէս Համազգայինի նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգածութեան համար, ապա ներկայացուց միութեան ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, մասնաճիւղերը, միաւորները եւ յառաջիկայ ծրագիրները՝ ստանալով անոր խորհուրդները: