ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան իրեն դէմ 2016ին ծրագրուած եւ չգործադրուած մահափորձի ծրագիրին վերբաբերեալ հարցադրումներ ուղղեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան:
Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Դեմոկրատհապեր»ը (demokrathaber.org):
Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան ուղղեց հետեւեալ հարցումները.
«-Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ ինծի դէմ մահափորձին վերաբերեալ հետաքննութեան սկսա՞ծ էք:
«-Քանի՞ անգամ, ո՞ր թուականներուն եւ որքա՞ն ժամանակ է, որ Մեհմեթ Սինան Ինճեն 2010էն ի վեր գտնուած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ:
«-Ո՞ր պատգամաւորները ապահոված են Մեհմեթ Սինան Ինճէի մուտքը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողով:
«-Եթէ Մեհմետ Սինան Ինճէի` Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը մտնելու համար արձանագրութիւն չէ կատարուած, ո՞վ կամ որո՞նք հիւրընկալած են զայն Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ:
«-Մեհմետ Սինան Ինճէի սպանութեան ծրագիրի պարագային, «գործը խորհրդականէն վերադարձուեցաւ» արտայայտութեան մէջ յիշատակուող պատգամաւորին խորհրդականը ո՞վ է:
«-Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ ինծի դէմ ծրագրուած եւ բացայայտուած սպանութեան ծիրին մէջ հետաքննա՞ծ էք, թէ տուեալ անձը որմէ՞ զէնք ձեռք բերած է:
«- Հասա՞ծ էք տեսախցիկի այն մասերուն, որ Մեհմետ Սինան Ինճէ կ՛ըսէ. «Քալելու ատեն մեր աչքին առջեւ ինկած են»:
Յայտնենք, որ Փայլան յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուց Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան:
Հաղորդումը կը վերաբերի փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէի պնդումին, ըստ որուն, 2016ին Փայլանի դէմ սպանութեան ծրագիր մը մշակուած էր։