ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ կառավարութեան մօտիկ «Թիւրքիէ» թերթը, անդրադառնալով Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններուն՝ գրած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հինգ պահանջներ ներկայացուցած է Անգարային, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը։
Ըստ աղբիւրին՝ Դամասկոս, որ «11 տարի ետք Թուրքիոյ հետ կ՛ուզէ դարձեալ գործակցիլ», Անգարային հետեւեալ պահանջները ներկայացուցած է.
1. Իտլիպի վերադարձը Դամասկոսի վարչակազմին.
2. Քեսապի մաքսակէտի վերադարձը Ռէյհանլը-Ճիլվէկէօզու սահմանային անցակէտին հետ.
3. Փոխադրական միջանցք Ճիլվէկէօզույի եւ Դամասկոսի միջեւ.
4. Ամբողջական հսկողութեան սահմանում Սուրիոյ արեւելեան Տէր Զօր-Հասաքէ քաղաքներուն եւ Հալէպ-Լաթաքիա փոխադրական միջանցքին (M4 ազատուղի) վրայ.
5. Թուրքիոյ աջակցութիւնը Եւրոպա եւ Ամերիկա գտնուող Ասատի վարչակազմին աջակցող պաշտօնեաներուն եւ գործարարներուն։
Նշուած է, որ Թուրքիա իր կարգին պահանջած է հետեւեալները.
1. Ամբողջոթեամբ «մաքրել» Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ Սուրիոյ քրտական՝ Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու հսկողութեան տակ գտնուող շրջանները.
2. Ամբողջութեամբ վերացնել ահաբեկչութեան վտանգը սահմանին վրայ.
3. Ընդդիմութեան եւ Դամասկոսի միջեւ ամբողջացնել քաղաքական եւ ռազմական համարկման գործընթացները.
4. Ապահովել գաղթականներու ապահով վերադարձը։