Տոքթ. Սարգիս Ատամ կը տեղեկացնէ, թէ տարիներու երկար ընդհատումէ ետք, 19 Օգոստոսին, Պոլսոյ հայահոծ Գնալը կղզիին վրայ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի աւանդական Նաւասարդեան փառատօնի փառաւոր բացումը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Սահակ արք. Մաշալեան պատրիարքը եւ այլ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ կուսակալի օգնական Նիայզի Էրթէն,Կղզեաց գաւառապետ տոքթ.Մուսթաֆա Այհան եւ այլ պետական պաշտօնատարներ։
Փառատօնի բացման հանդիսութիւնը աւելի իմաստալից դարձաւ, որովհետեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան ժամանակաշրջանի ընթացքին առաջին անգամն է որ, հայկական ձեռնարկ մը պետութեան հովանաւորութիւնը եւ աջակցութիւնը կը վայելէր, իսկ կղզիի մուտքին դրուած էին ձեռնակին վերաբերեալ թրքերէնով եւ հայերէնով տեղեկութիւններ:
Տոքթ. Ատամը կը նշէ, թէ փառատօնին կազմակերպումին մէջ յատկանշական դեր ունեցած են «Լոյս Մետիա»ի նախագահ Արամ Գուրան եւ անոր աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի մարզական ու մշակութային միութիւնները։

«Ժամանակ» օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ պատրիարքական աթոռին խրախուսանքով կազմակերպուած Նաւասարդեան խաղերը շաբաթավերջին Գնալը կղզիին վրայ արտասովոր խանդավառութեան առիթ դարձան։
Այս անգամ ամառնային փառատօնի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած ծրագիրը 21 Օգոստոսին հասաւ իր աւարտին։ Մինչ մարզախաղերուն մէջ դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակները կամ պարգեւները, գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հանդէս եկան մեներգչուհի Մարալ Այվազ, «Մարալ» համոյթը, ինչպէս նաեւ մեներգիչներ Պարթեւ Կարեան եւ Արի Պարութօղլու։ Եզրափակիչ փուլին եւս պատուոյ հիւրն էր պատրիարքը, որուն ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Յարութիւն վրդ. Տամատեանին։
Աւարտին, այս ծրագիրը խրախուսած կամ անոր կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած դէմքերը միասնաբար ընթրեցին Գնալը կղզիի վրայ։