ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2022ի երեկոյեան, նռնակով եւ ատրճանակով Մասիսի քաղաքապետարանը ներխուժած քաղաքացին անձնասպան եղած է: Այս մասին Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն հաղորդեց Հայաստանի ոստիկանութիւնը:
Ըստ քննչական մարմնին՝ Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:40ին, հաղորդում ստացուած է, որ Մասիսի 36ամեայ բնակիչը յայտնած է, թէ հարց ունի նոյն քաղաքի խումբ մը պաշտօնատար անձերու հետ՝ աւելցնելով, որ հաւանական է, որ քիչ ետք ինք եւ 10 անձեր մահանան: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 9:20ի շուրջ, նոյն քաղաքացին գացած է Մասիսի համայնքապետարանի վարչական շէնքը, ինքնաշարժը կանգնեցուցած է մուտքին դիմաց եւ մտնելով ներս՝ հրած է պահակը, հայհոյանքներ ուղղելով՝ բարձրացած է շէնքին 4րդ յարկը, ուրկէ նռնակ նետած է դէպի դուրս եւ 2 անգամ կրակած է:
Քաղաքացին վնասազերծելու նպատակով, Հայաստանի ոստիկանութիւնը դիմեց համապատասխան քայլերու եւ Մասիսի համայնքապետարանի 4րդ յարկին վրայ գտնուող համայնքի ղեկավարին աշխատասենեակին մէջ յայտնաբերուեցաւ քաղաքացիի դին՝ գլուխի քունքային հատուածին մէջ հրազէնի կրակոցի վէրքով:
Կատարուեցաւ դէպքի վայրի զննութիւնը. համայնքապետարանի վարչական շէնքին առջեւ գտնուող տարածքին մէջ գտնուեցաւ պայթումի օճախ եւ բեկորային վնասուածքներով «Մազտա» եւ «Ռենօ» մակնիշի ինքնաշարժներ:
Ուշագրաւ է, որ մինչեւ անձնասպանութեան մասին ոստիկանութեան հրապարակումը՝ Մասիսի փոխքաղաքապետ Նորայր Յակոբեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած էր, որ «զինուած անձը վնասազերծուած է»:
Մինչդեռ Քննչական կոմիտէն հաղորդեց, որ տղամարդուն դիակը յայտնաբերուած է զայն վնասազերծելու ուղղութեամբ ոստիկանութեան ձեռնարկած միջոցառումներու շրջագիծին մէջ:
Քննչական կոմիտէն հաղորդեց, որ դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ՝ ահաբեկչութեան եւ ինքնասպանութեան հասցնելու յօդուածներով: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: