Թուրքիոյ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկրորդ գունդի մատակարարման համաձայնագիրը կնքուած է. անոր ծիրին մէջ կը նախատեսուի տեղայնացնել համակարգի առանձին բաղադրիչներու արտադրութիւնը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Տմիթրի Շուկայեւ` չմանրամասնելով, թէ համաձայնագիրը ե՛րբ կնքուած է:
Շուկայեւ «Բանակ-2022» խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, «Թասս» լրատու գործակալութեան ըսաւ, որ նշեալ համաձայնագիրի գործնական իրականացումը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է:
Յիշեցնենք, որ Մոսկուա եւ Անգարա 2017ին ստորագրած էին «Էս-400»ներու մատակարարման համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Թուրքիա դարձած էր ՆԱԹՕի անդամ առաջին երկիրը, որ գնած է ռուսական համակարգեր: Միացեալ Նահանգները Անգարայէն պահանջած էր հրաժարիլ «Էս-400»էն, այնուհետեւ պատժամիջոցներ հաստատած էր Անգարայի դէմ: Ուաշինկթըն նշեալ պատժամիջոցները ջնջելու համար առաջարկած է այդ համակարգերը տրամադրել Ուքրանիոյ: Թուրքիա յայտարարած էր, որ հակառակ սահմանափակումներուն, պիտի շարունակէ Ռուսիայէն «Էս-400»ներ գնել: