
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊՌՈՇԵԱՆ ԳԻՒՂԻ «ՀԵՐՈՍՆԵՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑԻ (ՅԱԿՈԲԵԱՆ) ՀԵՏ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Գէորգ Թորոյեան յատուկ «Ասպարէզ»ի համար հարցազրոյց մը ունեցաւ Պռոշեան գիւղին մէջ գտնուող «Հերոսների վերականգնողական քաղաք»ի նախաձեռնող Սուրէն Արեենցի հետ:
Ստորեւ՝ հարցազրոյցը.

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պրն. Սուրէն, նախ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնէք, թէ ի՛նչ է «Հերոսների վերականգնողական քաղաք»ը:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Նախ շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար, որովհետեւ Սփիւռքի մամուլը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ Հայաստանը առանց Սփիւռքի եւ Սփիւռքը առանց Հայաստանի գոյութիւն չեն կրնար ունենալ:
Պատերազմէն ետք, երբ իմացանք, որ ֆիզիքապէս վիրաւորներու թիւը աւելի քիչ է քան հոգեբանական վնաս ունեցող զինուորներու քանակը՝ մեր խմբակը, որ պատերազմին ընթացքին վիրահատական պարագաներ եւ դեղորայք կը հասցնէր սահմանը, որոշեց հոգեբանական մասնագիտացուած կեդրոն մը հիմնել: Սփիւռքահայեր, որոնք պատերազմի օրերուն մեզի կ՛աջակցէին, մեզի նուիրեցին հողակտոր մը, ուր հիմք դրինք Հայաստանի մէջ առաջին անգամ նեղ մասնագիտական-հոգեբանական կեդրոնի մը: Կեդրոնը նոր ձեւաչափ է Հայաստանի համար. այստեղ ընկերային ծրագիրներու, վերականգնողական, ընդհանուր նոր ապրելակերպի հետ զուգահեռ, հոգեբանական եւ հոգեվերականգնողական ծառայութիւններ կը մատուցենք, պատերազմին մասնակցողներուն, զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ անոնց, որոնք հոգեբանական հարցը յառաջ եկած է պատերազմին ընթացքին կամ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով: Խօսքը 12,000 եւ աւելի մարդոց մասին է: Այս թիւին մէջ չեն ներառնուած հասարակ քաղաքացիները կամ զինուորական հրամանատարական կազմը:
Կեդրոնի առաջին բացումը կատարեցինք 25 Դեկտեմբեր 2021ին եւ եօթը ամսուան մէջ յաջողեցանք ունենալ 165 քառ .մեթր շինութիւն, ուր ամսական 150 պարագաներ հոգեբանական եւ հոգեբուժական ծառայութիւններ ստացած են: 2022ին, մենք բացինք տարածաշրջանին մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող թուայնացուած եռաչափ վախերու կառավարման Քեարամ Սլոյեանի անուան սենեակը եւ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հիմը դրուեցաւ հոգեբանական թուայնացուած բուժման, այս ձեւով, մենք կրցանք բուժման ընթացքը արագացնել: Կեդրոնը ունի նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ, այլ խօսքով ամէն ինչ կ՛օգտագործենք ՝մարդու ջղային համակարգը հանգստացնելու համար: Պատերազմէն ետք, թիւր կարծիք կար, որ մարդը եթէ ոտքի վրայ է եւ գանգատ չունի, բայց ինքզինք հանգիստ չզգար, այդ մէկը բնական է եւ հարց չկայ: Նոյնիսկ Հայաստանի առողջապահական համակարգին մէջ հոգեբանի դերակատարութեան մասին դրոյթ չկայ, այսինքն՝ օրէնսդրական շատ բացեր կան: Կեդրոնը պետութեան հետ կ՛աշխատի, որպէսզի կարենանք հոգեբանական բուժումը հասցնել նոր մակարդակի: Այսօր, մեր առաջնահերթ հարցը հացատունը աւարտելն է, հոգեկան բուժման ջրվէժը, որպէսզի ֆոնտեր բանանք նոր շէնքի մը համար, ուր մարզերէն եկողներուն համար մէկ-երկու ամիսով գիշերելու հնարաւորութիւն կը տրուի, որպէսզի 24ժամեայ վերահսկողութեան տակ գտնուին: Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ Արէն Մեհրապեանի անուան գրադարան, որովհետեւ մենք կրթութեամբ ալ պիտի պայքարինք եւ հոգեբանական բուժումը կարելի չէ առանց մտաւոր զարգացման:
Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ IT ոլորտի բաժանմունք, եւ այն զինուորները, որոնք պատերազմէն ետք վերապատրաստուած են, թէ՛ իրենք աշխատանք կ՛ունենան եւ թէ կեդրոնը նիւթապէս եկամուտ կը սկսի ունենալ:
Այստեղ ունինք նաեւ մեծ այգի՝ 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ: Հոգեբանական արդի բուժման մէջ բնութիւնը կարեւոր դերակատար է եւ առանց անոր մարդը չի կրնար ամբողջական կեանքին մէջ մտնել: Կեդրոնին նպատակն է՝ նաեւ մարզերուն մէջ ունենալ փոքր մասնաճիւղեր եւ զինուորները առանց Պռոշեան գալու, պիտի միանան մեր VR ցանցին, որ համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնին միացուած է, եւ այս ձեւով բուժումները կրնանք բազմապատկել:
Ծրագրած ենք 2023ի վերջաւորութեան աւարտել ամբողջ ծրագիրը՝ այսինքն կեդրոնը ամբողջական ձեւով պիտի սկսի աշխատիլ եւ այդ պարագային ամսական բուժումը կը հասնի 300ի, որ Հայաստանեան չափանիշով մեծագոյն թիւն է:


ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ո՞վ է այս նախաձեռնութեան մտայղացողը, ո՞վ կամ որո՞նք կը ֆինանսաւորեն, ուրկէ՞ կամ ինչպէ՞ս կը գոյանայ ձեր պիւտճէն:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կեդրոնը հիմնելու գաղափարը ծագեցաւ պատերազմէն ետք, մեր խմբակին կողմէ: Ծրագիրը սկսանք 250,000 դրամով, որ մնացած էր պատերազմի ընթացքին եկած օգնութիւններու ֆոնտէն, եւ ունէինք նուէր ստացած 5600 քառ. Մեթր տարածքով այս հողը: Մնացեալ ամէն ինչը մենք կրցանք հաւաքել եօթը ամսուան ընթացքին մուրացկանութեամբ, մեր սփիւռքահայ ընկերներուն եւ Հայաստանցի մեր գործարարներուն միջոցով, որոնք փոքր գումարներով (5, 10 տոլարներով) ինչպէս նաեւ հայաստանեան շինարարական ընկերութիւններու արտադրանքի ներդրումով եւ «Ֆէյսպուք»ի միջոցով դրամահաւաքներով, այսօր արդէն յաջողած ենք 320,000 տոլարի ներդրում կատարել: Արդէն աշխատավարձի ֆոնտ յայտարարած ենք, եւ մարդիկ իրենց փոքրիկ լուման կը նուիրեն մեզի: Եւ բոլոր նուիրատուները տեսան, որ մենք խաբէութեամբ չենք զբաղած եւ մեր թափանցիկ աշխատանքը վստահութիւն ներշնչեց բոլորին:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պետութիւնը նիւթապէս կ՛օժանդակէ՞ այս ծրագիրին, կամ ընդհանրապէս, համագործակցութիւն կա՞յ պետութեան տարբեր գերատեսչութիւններուն հետ:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Այս պահուն, պետութիւնը չի կրնար ունենալ որեւէ տեսակի ներդրում, որովհետեւ օրէնսդրութեամբ կը բացակայի հոգեբանական բուժման դրոյթը: Մենք ներկայիս, այդ գծով ալ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի օրէնսդրութեան մէջ անցնի նաեւ հոգեբանական բուժումը ոչ միայն մեր կեդրոնին համար, այլ ընդհանրապէս, ինչպէս մարմնական բուժման պարագային է: Մենք նաեւ աշխատանք կը տանինք, որ պետութեան մտածողութեան մէջ փոփոխութիւն մտնէ, որովհետեւ փրոթեզաւորում (մարմինի կեղծ՝ շինծու անդամ) ստացած զինուորը չի կրնար առանց հոգեբանական բուժման ինքզինք ամբողջական մարդ զգալ: Միայն շրջակայ միջավայրի նախարարութեան կողմէ եղաւ 1,000,000 դրամի ներդրում, եւ մարզպետարանը մեզի թղթաբանական դժուարութիւնններ չյարուցեց: Ինչպէս նաեւ պետութիւնը օժանդակեց ճամբու ասֆալթապատումը կատարելով եւ խմելու ջուր ապահովելով:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւն կա՞յ:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կը համագործակցինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ. հարիւրաւոր նամակներ ուղարկած ենք եւ հազարաւոր հեռաձայններ կատարած, որոնցմէ ետք սկսան յայտնուիլ թեթեւ հետաքրքրութիւն եւ տարբեր չափի օժանդակութիւններ: Յուրախութիւն մեր ընթերցողներուն՝ ըսեմ, որ Համահայկական հիմնադրամը արձագանգած է, թէեւ տակաւին չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կրնան հասնիլ բանակցութիւնները: Շատ հաւաբանար ֆինանսաւորեն, որ կեդրոնը արեւային ջեռուցման համակարգ ունենայ: Կան բազմաթիւ շինարարական ընկերութիւններ, որոնք մեր կողքին են: Կեդրոնը որդեգրած է երեք հիմնական սկզբունքներ.
Ա. Չունենալ կուսակցական որեւէ ուղղուածութիւն եւ չվերցնել որեւէ կուսակցութենէ գումար, եթէ այդ գումարը պիտի ծառայէ կուսակցութեան քարոզչութեան: Բայց եթէ կան կուսակցութիւններ, որոնք լուռ ու մունջ գումար տան՝ ի շահ զինուորին, մենք շնորհակալ կ՛ըլլանք:
Բ. Չունենալ հոգեւոր ուղղուածութիւն: Պահպանել սահմանադրականօրէն ընդունուած քրիստոնէութիւնը, ունենալ գրադարանին մէջ Աստուածաշունչներ, բայց ոչ մէկուն չպարտադրել որեւէ կրօնական ուղղուածութիւն:
Գ. Սեռային այլ կողմնորոշում ունեցողներու պաշտպան կազմակերպութիւններու հետ երբեք չգործակցիլ. ունեցած ենք գայթակղիչ առաջարկներ, որոնց միջոցով կարելի էր մէկ օրուան մէջ կեդրոնը կառուցել, բայց մերժեցինք եւ պիտի մերժենք: Բարեբախտաբար, թէ՛ Սփիւռքի մէջ եւ թէ այստեղ. բազմաթիւ անձնաւորութիւններ մեր կողքին են, եւ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք որ մարդոց վստահութիւնը վերականգնի ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ ներդրում ընելու համար: Պատերազմէն ետք, մեր կեդրոնը յոյս եւ լոյս էր նման մարդոց համար, եւ աւելցնեմ, որ մեր կեդրոնի նուիրատուները ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ անգամներ նուիրատուութիւններ կը կատարեն, հոգ չէ թէ՝ փոքր գումարներ, եւ այդ ձեւը մեզի համար աւելի ձեռընտու է:
Այս տարի, պատերազմի մասնակցած զինուորները կը պատրաստեն կեդրոնի մասին ֆիլմ մը:
Պատերազմի աւարտի յուզականութեան խորապատկերին հիման վրայ նուիրատուութիւն ընող ընկերութիւնները այսօր, պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի ետք, տեսնելով մեր աշխատանքին արդիւնքը՝ կը շարունակեն իրենց նուիրատուութիւնները:
Արդէն կը համագործակցինք Sante Armenien կազմակերպութեան հետ, որ կրնայ լուծել մեր աշխատավարձերու հարցը: Անոնք աշխատավարձերու հարցին կը գիտակցին եւ զայն կրնան լուծել արտասահմանեան ընկերութիւնները, որոնք աւելի արհեստավարժ մօտեցում ունին այս հարցին նկատմամբ:
Կը համագործակցինք նաեւ օտար ընկերութիւններու հետ. ճիշդ է՝ սերտ չէ կապը, բայց միշտ կապի մէջ ենք անոնց հետ, որոնք իրենց մասնագիտական արտադրութիւնները մեծ զեղջերով կու տան մեզի: Այս թոյլ կապի գլխաւոր պատճառը այն է, որ մենք զինուորներուն չենք լուսանկարեր եւ իրենց համար անհասկնալի է, թէ ինչպէս ֆինանսաւորել նման կեդրոն մը:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կեդրոնը քանի՞ պաշտօնեայ ունի եւ ի՞նչ դրութեամբ կը գործեն:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կեդրոնը կը կառավարուի կառավարման խորհուրդով մը: Կայ հիմնադիրներու ժողովը, որուն մէջ կան տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր, նոյնիսկ կայ կառավարման խորհուրդի անդամ բանուոր մը, իսկ նախագահը Վազգէն սրբազանն է: Կան բժիշկներ, հոգեբաններ. չկան քաղաքական գործիչներ եւ չկան կուսակցութեան անդամներ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կամաւորներ կու գան եւ կ՛աշխատի՞ն:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Այո, այս տարի Միացեալ Նահանգներէն ունինք կամաւորական խումբ մը, որ այցելեց կեդրոնը եւ այնտեղ, 15 օր թէ ֆիզիքական եւ թէ ստեղծագործական աշխատանք տարին: Տարբեր աշխատանքներու համար յաճախ կ՛ունենանք կամաւորներ: Նոյնիսկ մասնագիտական առումով կ՛ունենանք կամաւորներ` թարգմանիչներ, հոգեբաններ եւ այլն: Նոյնիսկ, նոր շէնքի յատակագիծը կամաւորական դրութեամբ եղած է: Ունինք կամաւորներ, որոնք անվճար դասեր կու տան կեդրոնին մէջ: Կեդրոնի բոլոր աշխատանքները կատարելու համար, մեզի անհրաժեշտ է ամսական 3,600,000 դրամ. կամաւորներու շնորհիւ, այդ ծախսը 1000 տոլարով կը փակենք:


ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Քարոզչական ի՞նչ միջոցներ կ՛օգտագործէք ձեր այս կեդրոնը ծանօթացնելու համար:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կեդրոնը որդեգրած է բաց եւ թափանցիկ կառավարման եւ քարոզչութեան դրութիւն, այսինքն՝ պատկերասփիւռ, առցանց հարթակ, տպագիր մամուլ, ճամբաները տեղադրուած վահանակներ (նոյնիսկ մեթրոյի կայարաններուն մէջ տեղադրուած են գովազդները) եւ այլն, եւ այս բոլորը նոյնպէս կամաւորական սկզբունքով են. շուտով SMS հաղորդագրութիւններ պիտի ըլլան եւ տեսահոլովակներ պատրաստուած են: Ամէն տեղ կը տարուի քարոզչական աշխատանք՝ նշելով, որ հոգեբանական հարցը մահ չի նշանակեր եւ ի պատիւ ինծի, մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ ասիկա խենթանոց չէ, այլ այստեղ կան ջղային համակարգի կամ հոգեբանական հարցեր ունեցող մարդիկ: Ասիկա պարզապէս վերականգման ծրագիր է: Այս գլխացաւի նման հիւանդութիւն մըն է, որ կարելի է բուժել, եթէ ճիշդ ժամանակին դիմուի հոգեբանին:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Քանի՞ հոգեբաններ ունիք:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Ներկայիս հինգ լիարժամ գործող հոգեբաններ ունինք՝ մէկ հոգեբուժ եւ չորս հոգեբան, իսկ կեդրոնի աշխատանքը մեծնալու պարագային, մենք ունինք բաւարար մարդուժ` 15 վերապատրաստուած հոգեբաններ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Վիրաւոր զինուորներու ֆիզիքական հարցերու բուժման հետ դուք առընչութիւն ունի՞ք:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Ոչ: Օրէնսդրութեամբ այնպէս գրուած է, որ Հերոսների Վերականգնողական Քաղաք նախագիծի ծիրին մէջ, ֆիզիքական վերականգնում պիտի չկատարուի: Բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ գործող բժշկական կեդրոնները այդ հարցը յաջողած են լուծել: Այս կեդրոն մըն է, որուն աշխատանքը նուիրուած է մարդու հոգիի վերականգման:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ընդհանրապէս, Սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու նուիրատուներէն ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք:
ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Ես բոլորէն կը խնդրեմ անտարբեր չըլլալ ընդհանրապէս Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ: Ես միշտ կը շեշտեմ, որ երկու ընկալումներ պէտք է ըլլան: Սփիւռքը պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանը այն երկիրն է, ուր ինքզինք բոլորովին ազատ կրնայ զգալ, անկախ քաղաքական, ռազմական, կուսակցական դրութիւններէն, իսկ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ Սփիւռքը միակ վայրն է, ուր ինք կրնայ դիմել, երբ զինք նեղ կացութեան կը մատնեն: Այս գիտակցութիւնը երկուստեք պէտք է պահպանենք:
Սփիւռքը անհատներու խաբէութիւններէն կամ որոշ ժամանակի կառավարման համակարգէն հիասթափութիւն ապրելով՝ երես պէտք չէ դարձնէ Հայաստանէն, այլապէս ինք վերացման վտանգին առջեւ պիտի գտնուի: Իշխանութիւնները կու գան եւ կ՛երթան, բայց պետութիւնը եւ պետականութիւնը պիտի պահպանենք: Այս առումով, ներդրումները պէտք է շարունակել կատարել եւ աւելի մեծ ծաւալով: Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայութենէն կը խնդրեմ, որ իրենց նուիրատուութիւնները կատարեն ճիշդ հասցէներու եւ ըլլան հետեւողական: Խնդրանքս է, որ Հերոսների Վերականգնողական Քաղաքին շարունակեն նուիրել իրենց լուման: Չմտածեն մեծ գումարներով օգնել, այլ փոքր, բայց ամսական կամ շաբաթական դրութեամբ շարունակեն օժանդակել մեր կեդրոնին:
Շնորհակալ եմ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որ աւելի հին է քան Ատրպէյճան պետութիւնը եւ կը մաղթեմ աւելի երկար կեանք «Ասպարէզ»ին, յուսալով որ օր մը անոր էջերէն կը կարդանք Ատրպէյճան պետութեան վերացման մասին:
Շնորհակալ եմ ձեր անդրադարձին համար, որովհետեւ մեր կեդրոնի քարոզչութեան մէջ մամուլի դերակատարութիւնը շատ մեծ է եւ այս արձագանգով դուք շատ մեծ ներդրում ունեցաք մեր կեդրոնին համար, որուն արդիւնքները, վստահ եմ, շուտով կը տեսնենք: