
Համադրեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ
Այդ անցեալը կը սկսի Հայաստանի Խորհրդայնացումով, 1920ի Դեկտեմբեր 2ին, իսկ կարմիր թուականով՝ Նոյեմբեր 29ին: Ծանօթ է պատմութիւնը այդ եւ հետագայ օրերու անցքերուն, երբ խորհրդայնացման հռչակումովն իսկ տիրեց ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը եւ ծայր տուին բռնագրաւումները, հալածանքները, ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւնները, սպանութիւններն ու աքսորները (սպաներուն զանգուածային աքսորը): Թիզ մը հասակի տէր Աւիս Նուրիջանեան անունով ճիւաղ մը դարձաւ ատելութեան թիրախը ամէն անոնց, որոնք այդ օրերուն ինկած էին Երեւանի բանտը: Ասոր նման ոճիրներն էին, որ պայթեցուցին Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որուն շնորհիւ վերահաս մահէն փրկուեցան ուրիշ բազմաթիւ արժէքաւոր դէմքեր:
Խորհրդային համատարած մարդասպանութեան շրջանն էր եւ հետեւաբար միեւնոյն բռնատիրութեան ենթակայ Հայաստանը պիտի չունենար տարբեր ճակատագիր մը: Ասկէ առաջ մէկ այլ հատորի մը մէջ գրուած էր, որ Լենին, ինքը, տարբեր կարծիք չունէր՝ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին: Երբ հայոց պաշտպանութեան մասին (թուրքերուն դէմ) հայ համայնավարներու մէկ պատուիրակութեան կողմէ դիմում եղած էր իրեն, Լենին պատասխանած էր իրեն․ «Յեղափոխութիւնը 15 միլիոն մարդոց կեանքը արժեց մեզի. եթէ պէտք ըլլայ մէկ միլիոն հայեր ալ զոհել, այդ եւս պիտի կատարուի անհրաժեշտօրէն»: Այս խօսքերը դուրս կու գային անոր շրթներէն Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն, իսկ խորհրդայնացման յաջորդած Փետրուարեան ապստամբութենէն դաս առած, ի՛նք հրահանգեց աւելի տանելի քաղաքականութիւն մը վարել Հայաստանի մէջ:
«ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԵՂԲԱՅՐԴ Է ԳԱԼԻՍ»…
Խորհրդայնացումը եղաւ անմիջական հետեւանքներէն մէկը 1920ի հայեւթուրք պատերազմին, որ պիտի կործանէր Հայաստանի անկախութիւնը: Հազարաւոր առիթներով պատմուած է, թէ ինչպէս, եւ ինչ միջոցներով սովետները օգնեցին թուրքերուն եւ ջանացին ջլատել հայկական բանակին ռազմական տրամադրութիւնները: Ջանացին եւ յաջողեցան, մինչեւ որ՝ «Վար դիր զէնքդ, Մուսթաֆա եղբայրդ է գալիս» բացագանչութիւններով կրցան դասալիքներու բազմութիւններ հեռացնել ռազմագծերէն եւ ի վերջոյ պարտադրել Ալեքսանդրապոլսոյ դաշնագիրը հայրենի կառավարութեան: Այդ իրադարձութիւններէն երկու տարի ետքն էր, որ քէմալական շարժման գլխաւոր փողահարը հանդիսացող Ռատէքը, «Նիւ Եորք Հերըլտ Թրիպիւն»ի Մոսկուայի թղթակցին կ՛ընէր հետեւեալ պերճախօս խոստովանութիւնը (21 Հոկտեմբեր, 1922)․ «Ռուսաստան կանգնած է Թուրքիոյ կռնակը, որովհետեւ, ամէն ինչ, որ զօրացնէ միջազգային իմպերիալիզմի (կայսերապաշտութեան) կողմէ շահագործուած ժողովուրդները, կը զօրացնէ նաեւ Ռուսաստանը, որ կը գտնուի՛ միեւնոյն իմպերիալիստական վտանգի շուքին տակ»:
Այդ յայտարարութիւնը կը հաստատէ, թէ սովետները թուրքին օգնեցին ոչ միայն հայթուրք պատերազմի նախօրեակին, աւելի ճիշդը՝ ի նախապատրաստութիւն այդ պատերազմին, այլեւ այդ պատերազմէն ետք, տարիներով, մինչեւ որ Մուստաֆա Քեմալ ցցեց իր հասակը աշխարհի առջեւ: (Ուշագրաւ է, որ Ռատէք իր այդ յայտարարութիւնը կ՛ընէր յունական բանակին ենթարկուած փոքրասիական աղէտէն եւ Իզմիրի պարպումէն յետոյ) :
Այսօրուան համար ալ ուշագրաւն այն է, որ պարագայական թեթեւ ընդհատումներէ ետք սովետթուրք բարեկամութիւնը կը շարունակէ պահել իր գոյութիւնը, հակառակ Ատլանտեան դաշինքին անդամակցութեան գծով Թուրքիոյ հակախորհրդային դիրքաւորման: Մէկէ աւելի անդամներ պաշտօնական յայտարարութիւններով կրկնուեցաւ, որ սովետները հողային ոչ մէկ պահանջ ունին Թուրքիայէն եւ հետեւաբար այժմու գոյավիճակը վերջնական է իրենց համար: Այս յայտարարութիւնները կ՛ակնարկէին անշուշտ հայոց ունեցած հողային պահանջներուն, որոնք պարագայօրէն արժանացած էին ժողովրդային ցոյցերու եւ արտայայտութեանց:
Դիւանագիտութիւնը իր դերին մէջն էր նաեւ այն պարագային, երբ Մեծ Եղեռնի յիսնամեայ տարեդարձին առթիւ հակաթուրք ցոյցեր տեղի կ՛ունենային Հայաստանի մէջ: Թուրքի աչքին ծուռ չերեւալու համար էր, որ այդ ցոյցերը կը դատապարտուէին պաշտօնապէս եւ անոնց պատասխանատու կոմկուսի ընդհանուր քարտուղար Յ. Զարոբեանը կը հեռացուեր իր պաշտօնէն եւ Հայաստանէն:
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր, այլեւս կարելի է հրապարակով արտայայտուիլ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական պահանջներուն մասին Թուրքիայէն եւ նոյնիսկ անոր մանկլաւիկ Ատրպէյճանէն: Խորհրդային հայուրաց քաղաքականութեան պտուղն է թաթարներուն ծառացումը հայկական անմոռանալի, արդարագոյն պահանջներուն դէմ, Ղարաբաղի ազգային ինքնորոշման գծով: «Ղարաբաղը թաթարական է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ», կը յայտարարէն ատրպէյճանեան կոմկուսի ղեկավարները, առանց հաշուի առնելու ջախջախիչ մեծամասնութիւն կազմող եւ դաժանօրէն ստրկացուած ժողովուրդի մը իրաւունքները: Եւ այս բոլորը ընդ հովանեաւ միահեծան Խորհրդային Միութեան, որ Թուրքիոյ սիրոյն իր բարեացակամ վերբերմունքին մէջ նախապատուութիւն կու տայ ոչ թէ Հայաստանին, այլ Ատրպէյճանին:
Յիսնամեակի շրջանին Հայաստանի դէմ գործուած անիրաւութեանց կարգին երբեք պիտի չի մոռցուի Ղարաբաղի ողբերգութիւնը: Պիտի չմոռցուի նմանապէս այն անիրաւութիւնը, որով Հայաստանէն անջատուեցան Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի շրջանները, իբրեւ նուէր տրուելու համար մէկը դարձեալ Ատրպէյճանին եւ միւսը՝ Վրաստանին:
ԱՆՏԱՆԵԼԻ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅԴ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին հանգրուանը նորատեսակ տառապանքի շրջան մը եղաւ հայրենի ժողովուրդին համար: Առաջին հերթին կար նոր ու խորդ կարգերուն, այլ մանաւանդ տնտեսական դժուարութիւններուն վարժուելու անհրաժեշտութիւնը: Կարճ ժամանակ մը Հայաստան ալ օգտուեցաւ ՆԷԲի (տնտեսական նոր քաղաքականութեան) ընծայած տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերական ազատութենէն, ետքը, սակայն, ապրուստի պայմանները դարձան իրական մղձաւանջ մը, որ շարունակուեցաւ տարիներով: Ամէն ինչ դարձաւ սեւ շուկայ, իսկ վաստակ չկար: Կար ուտեստեղէնի տագնապ, կար բնակարանային անբաւարարութիւն եւ յարակից այլ դժուարութիւններ, որոնք անտանելի կը դարձնէին կեանքը, մանաւանդ նորեկներուն, այսինքն անոնց, որոնք ազատ երկիրներէ կու գային Հայաստան: Ժամանակին կը պատմուէր, թէ 1927ին Յունաստանէն «Ատրիաթիքի» շոգենաւով ներգաղթած յունահայերու բազմութիւնը Պաթումի մէջ դիմաւորուած է՝ նախապէս գաղթած խումբ մը յունահայ հայրենադարձներու կողմէ յունարէն բացագանչութեամբ մը՝ «քայքաթէ», այսինքն «այրեցաք», իբրեւ «բարի եկաք»ի արտայայտութիւն։
Ճիշդ էր արտայայտութիւնը, որովհետեւ տանելի չէր կեանքը այդ տարիներուն, եւ այնուհետեւ երկար տարիներով, մանաւանդ ծայր տուած ստալինեան սարսափներէն ետք, որոնք հետզհետէ պիտի առնէին ահաւոր համեմատութիւններ: Շատ չանցած, դէպի Տաճիկիստան կամ Սիպերիա աքսորի ճամբան պիտի բռնէին՝ հայրենիքին մէջ տեղաւորուելու համար արտասահմանէն վերադարձած բազմութիւններ, որոնք իբրեւ հակաբոլշեւիկներ կը մատնուէին՝ Չեկայի գործակալներուն փէշերուն տակ գործող հայանուն լրտեսներու կողմէ :
Մեռնողը մեռաւ աքորավայրին մէջ, իսկ ապրողը, հոգեհատորներ թաղած այնտեղ կամ ընտանեկան թուի միեւնոյն համրանքով, Ստալինի մահէն ետք վերադարձաւ հայրենիք, հիւծած, մաշած եւ նիւթապէս քայքայուած:(Քաղուած՝ Կարօ Գէորգեանի խմբագրած «Ամէնուն Տարեգիրքը» շարքին 1967-1968ի հատորէն)