Երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արծարծեց նշանաւոր հայ երգիչ Արամ Տիգրանի (բուն անունով՝ Արամ Մելիքեան) աճիւնը Աթէնքէն Տիգրանակերտ փոխադրելու հարցը։
Փայլան իր հարցադրումը ուղղեց Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին։ Ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ սիրուած երգիչ Արամ Տիգրանի փափաքը եղած է թաղուիլ Տիգրանակերտի մէջ, սակայն անոր մահէն 13 տարներ ետք թրքական իշխանութիւնները տակաւին չեն արտօներ անոր աճիւնը փոխադրել Թուրքիա եւ զայն յուղարկաւորել Տիգրանակերտի մէջ։
Նշենք, որ Արամ Մելիքեան քրտերէն իր երգերով Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ, նաեւ Սուրիոյ Գամիշլի շրջանին մէջ քիւրտերու եւ ասորիներու կողմէ շատ սիրուած երգիչ մըն էր ։