Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՄՈՒՏՔ

Երբ կը խօսինք Սփիւռքի եւ անոր դիմագրաւած բազմերես մարտահրաւէրներուն մասին, առհասարակ ի մտի կ՛ունենանք մեր ապրած ժամանակաշրջանը, օրինակ՝ տուեալ 10-20 տարիները, մեր դիմաց բարձրացող նորագոյն դժուարութիւնները եւ կը փորձենք այդ՝ այլապէս նեղ սահմաններուն մէջ կատարել քննարկում, վերլուծումներ, ախտաճանաչում եւ հարցերու լուծման որոնում: Սա բնական է, որովհետեւ ի վերջոյ, նոյն այդ ժամանակաշրջանին գոյառած հարցերն են, որ կը տագնապեցնեն մեզ, զանոնք կը զգանք մեր մորթին վրայ, կը ստեղծեն հարցեր ու կը մղեն որոնումի: Նոյնքան բանական է, որ նախընթաց տագնապ մը նսեմանայ, մինչեւ իսկ մասամբ մոռցուի, երբ աւելի մեծ ու սուր տագնապ մը կ՛այրէ մեզ:
Եթէ խօսինք օրինակով մը, մեր հայեցակէտը աւելի լաւ բացատրած կ՛ըլլանք: Վերջին տասնամեակին, Սփիւռքը արդարօրէն տագնապի մատնուեցաւ, երբ ահազանգեր հնչեցին, հայկական թէ միջազգային շրջանակներէ, թէ՝ արեւմտահայերէնը ինկած է վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ: Սա ըստ էութեան ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՐՑ էր եւ է, որովհետեւ հայաստանաբնակ կամ Հայաստանէն տարածուած՝ այսպէս կոչուած՝ «նոր սփիւռք»ին համար (այն օճախներուն, որոնք կը տարածուին նախկին խորհրդային երկիրներու, Արեւելեան Եւրոպայի եւ նոր աշխարհներուն մէջ), արեւմտահայերէնի պահպանումը, գոյատեւումը նոյնքան տագնապեցնող հարց չէ, որքան «աւանդական» Սփիւռքի զաւակներուն համար: Չենք մոռնար, որ Սփիւռքի մէջ այսօր նկատառելի թիւ են այն հայորդիները, որոնք խորհրդային վերջին ու հետեւած տասնամեակներուն արտագաղթեցին Հայաստանէն, այս կամ այն գաղութին մէջ ստեղծած են իրենց «ենթագաղութները», ունին իրենց «ներքին» տագնապներն ու մտահոգութիւնները, որոնց անպայման ու լիովին բաժնեկից չեն տուեալ գաղութի այլ ենթաբաժանումները: Անշուշտ նոյն գաղութներուն մէջ կան այլ «ենթագաղութներ»՝ Պոլիսէն, Միջին Արեւելքէն, Պարսկաստանէն արտագաղթածներ:
Աւելորդ կը նկատենք լուսաբանութիւն տալ, թէ ինչո՛ւ այդպէս է: Արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը տագնապեցնող հարցի վերածուեցաւ յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ անկէ ճառագայթած՝ աւանդական գաղութներուն մէջ, նոյնքան հասկնալի պատճառներով: Ազդակներէն մէկը (ո՛չ՝ միակը) եղաւ ՄԱԿին կողմէ մեր լեզուին գլխուն կախուած վտանգին յայտարարումը: Իբրեւ հակազդեցութեան եւ յաւելեալ նահանջէ խուսափելու կանխամիջոց՝ կազմուեցան մարմիններ, կազմակերպուեցան համագումարներ (մաս մը… օտար լեզուներով), հռչակուեցան «Հայ Լեզուի տարի» եւ այլ յիշատակելի առիթներ, որդեգրուեցան բազում այլ միջոցառումներ, սակայն դարմանը մնաց վազողէն մի՛շտ հեռու մնացող՝ հորիզոնի գիծին պէս…:
Նպատակ չունինք նման՝ այլապէս ողջունելի եւ օգտակար նախաձեռնութիւններու տարածքը կամ ձեռք բերուած (կամ չբերուած) արդիւնքները քննարկման դնելու: Այս օրինակը բերինք, մատնացոյց ընելու, որ այս տագնապն ու անկէ բխած մարտահրաւէրները համեմատաբար նոր, սահմանափակ ժամանակաշրջանի մը մէջ կ՛իյնան, այսինքն՝ վերջին տասը կամ քիչ մը աւելի տարիներու շրջագիծին մէջ, մինչդեռ, նախորդ տասնամեակներուն, ահազանգը նոյն հնչեղութիւնը չունէր, կամ՝ ունէր քիչ մը տարբեր շարժառիթներ: Այլ խօսքով, նախընթաց ժամանակաշրջանին ալ, հայ կեանքը եւ մասնաւորաբար Սփիւռքը մեր լեզուի – եւ յարակից – կալուածներուն մէջ արձանագրուած դանդաղ նահանջներուն, տեղատուութեան իրազեկ էր. տագնապը կար տասնամեակներէ ի վեր, արտայայտութիւն կը գտնէր մէկէ աւելի գետիններու վրայ, սակայն ընդհանուր պատկերը, կանխարգելիչ քայլերն ու անոնց արդիւնքները քիչ թէ շատ գոհացուցիչ կը սեպուէին:
Լեզուին՝ արեւմտահայերէնին գլխուն կախուած վտանգը մէկն է բազում մարտահրաւէրներէն: Անցնինք միայնակ օրինակէն անդին եւ հարցը դնենք քիչ մը աւելի՛ տարածուն դաշտի մէջ: Սկսինք այն հարցումով, թէ ի՞նչ կը հասկնանք, ի՞նչ պէտք է հասկնանք Հայկական Սփիւռք ըսելով, ինչպիսի՞ հարցեր կախուած են անոր գլխավերեւը, ի՞նչ ըրած ենք, պէտք է ընենք, եւ ինչպիսի՞ նոր ու շատ աւելի տարածուն հայեացքով դիմագրաւենք ներկան ու ապագան:
ՍՓԻՒՌՔ. ԱՆՑԵԱԼ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ
Սփիւռքին ամէնէն պարզ սահմանումը հետեւեալն է. ամբողջութիւնը հայկական այն օճախներուն, որոնք գոյութիւն առած են մեր պատմական հայրենիքէն՝ Հայաստանի սահմաններէն դուրս, իսկ «օճախ»ով՝ ի մտի ունինք այն քաղաքներն ու երկիրները, ուր որոշ թիւով հայեր բնակութիւն հաստատած են եւ ստեղծած՝ թոյլ կամ ամուր հաւաքական կեանք, գաղութի զաւակներուն միջեւ կան ներքին, տեղական կամուրջներ (դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, մամուլ-հրատարակութիւններ եւ այլն): Այլ խօսքով, եւ դասական ըմբռնումով, սփիւռք հասկացութենէն ձեւով մը դուրս մնացած են այն շրջանները, ուր թէեւ որոշ թիւով հայեր կրնան բնակութիւն հաստատած ըլլալ, սակայն այդ շրջաններու բնակիչներուն միջեւ – նաեւ հայրենիքին ու այլ համախումբ գաղութներու հետ – չեն ստեղծուած կապ, հաղորդակցութիւն: Հոն, հայ ընտանիքներ ապրած են ու այսօր ալ կ՛ապրին ընդհանրապէս առանձնացած, մեկուսացած, ձեւով մը ինքնակղզիացումի վիճակի մէջ (կամովի թէ պայմաններու հարկադրանքին տակ):
Այստեղ արձանագրենք նաեւ, քանի մը տողով, պանդուխտ եւ արտագաղթ հասկացութեանց տարբերութիւնը: Պանդուխտը ան է, որ այս կամ այն հարկադրանքին տակ պահ մը կը հեռանայ հայրենի տունէն ու հողէն, կ՛երթայ ապրուստ փնտռելու այլ երկինքներու տակ, սակայն աչքը կը մնայ ետին. Որոշ ատեն ետք, ան կը դառնայ տուն եւ կը դադրի պանդուխտ ըլլալէ: Գաղթողը ան է, որ սեփական գիւղին-քաղաքին մէջ ապրուստի եւ այլ կարելիութիւններու տագնապ զգալով, կ՛որոշէ վերջնականապէս հեռանալ, առանց վերադառնալու մտադրութեան, հաստատուիլ այլ երկինքի տակ: Հազուադէպ չէ, որ պանդուխտը, դարձեալ նորաստեղծ պայմաններու բերումով, չկարենայ իրականացնել տունդարձի փափաքը եւ դառնայ գաղթական, նոյնը՝ նաեւ գաղթականին պարագային. Ան ալ կրնայ, որոշ պայմաններու կուտակումով, հրաժարիլ գաղթականի վիճակէն եւ վերադառնալ երկիր, հայրենիք: Մեր անցեալի ու ժամանակակից պատմութիւնը լայնատարած ցուցահանդէս են երկու պարագաներուն ալ: Սակայն մէկ բան յստակ է. գաղութները կը կազմուին եւ իրենց կեանքը կ՛ապրին ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միջոցով, նոր երկիրն մէջ կազմակերպ ու կայուն հաւաքական կեանք ստեղծելու անոնց ձգտումով (այս ալ կը բացատրուի, ձեւով մը, հայրենիքը նոր վայրին մէջ վերապրելու ցանկութեամբ: Լսած ենք, չէ՞, որ հայերը հոս-հոն «Նոր Հայաստաններ» կազմաւորած են, այդ գաղութներուն մէջ թաղեր, թաղամասեր կամ առեւտրական հաստատութիւններ, ճաշարաններ կոչած են Հայաստանէն «ներածուած» անուններով):
Այսօրուան հասկացութեամբ, Սփիւռքը այն գաղթօճախներն են, որոնք ստեղծուած են հայրենամերձ կամ հեռակայ երկիրներու, ցամաքամասերու մէջ, առաւելաբար վերջին 100 տարիներուն, այսինքն՝ իբրեւ հետեւանք Ցեղասպանութեան ու հայրենի հող կորսնցուցած հայուն՝ աշխարհով մէկ ցրիւ գալուն: Այդ գաղթօճախներուն մէջ հայ կեանքը, որոշ սերունդի մը ճիգերով, ապա նաեւ կեանքի բնական հարկադրանքներուն իբրեւ արդիւնք, գոյացած է որոշ կազմակերպուածութիւն՝ իր տարբեր բաղադրիչներով:
Ներկայի բազմերես տագնապներուն պարտադրանքով, ընդհանրապէս լուսանցքայնացուած է այն իրականութիւնը, թէ հայկական Սփիւռքը միայն 100 կամ քանի մը տասնամեակ աւելի տարիներու կեանք չունի: Ինչպէս ոեւէ ժողովուրդի, մեր պարագային ալ, սփիւռքը հեռաւոր անցեալէն սկսեալ գոյութիւն ունեցած է դարեր շարունակ, տարբեր ցամաքամասերու մէջ: Առանց մտնելու Սփիւռքի պատմութեան հոլովոյթին մէջ, բաւականանանք այստեղ արձանագրելով քանի մը օրինակ. սփիւռքեան գաղութներ (ո՛չ անպայման այսօրուան ըմբռնումով) կազմաւորուած են պատմական Հայաստանի մեր հողին վրայ անկախ պետականութեան կորուստ(ներ)էն ետք, Միջին Արեւելքի (Սուրիա, Լիբանան, Պարսկաստան, Եգիպտոս…), Եւրոպայի (Իտալիա, Լեհաստան, Պուլկարիա, Ռուսիա…), Ծայրագոյն Արեւելքի (Հնդկաստան եւ դրացի երկիրներ…) մէջ: Համեմատաբար աւելի կարճ կեանք ունին ամերիկեան ցամաքամասին (անոր հիւսիսային եւ հարաւային կիսագունդերու բաժիններով) մէջ կազմաւորուած հայկական օճախները: Սա եւս բնական է, որովհետեւ ամերիկեան ցամաքամասը աւելի «երիտասարդ» աշխարհ է, հայ գաղթականին (անհատներու պարագան տարբեր է) աչքը դէպի հոն սեւեռած է սկսելով այն օրերէն՝ երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ սաստկացող հալածանքները նաեւ հայուն մէջ ստեղծեցին նոր եւ ազատ աշխարհներու որոնումը, հայը տարին եւրոպական գաղթօճախներէն անդին: Նոյնը՝ շատ աւելի արեւելք ինկող՝ Ովկիանոյ (Աւստրալիա, Նոր Զելանտա…) համար: Անշուշտ անտեսելի չէ միւս իրականութիւնը. Անկախ երկրի ապահովութեան եւ յարակից պայմաններէն, հայեր արտագաղթած են նաեւ տնտեսական մղումներով: Բազմաթիւ գաղօճախներու մէջ հայութեան կազմակերպ ներկայութիւնը (ապա նաեւ գաղութին կազմալուծումը) հետեւած է առեւտրականներու գործառնութեանց: Ամէնէն պերճախօս մէկ օրինակը Հնդկաստանի գաղութին պատմութիւնն է:
Վերադառնանք մեզի մօտիկ ժամանակաշրջան: Ցեղասպանութենէն ետք, հայրենի հողերուն մերձակայ՝ նախկին համեմատաբար նօսր գաղթօճախները արագ աճ արձանագրեցին: Այս երեսը աւելի թարմ յիշատակներով տեղ ունի մեր հաւաքական իմացութեան եւ մտածողութեան մէջ:
Կարկինը այսքան լայն բացինք, ըսելու, որ այսօրուան Սփիւռքին հարցերն ու տագնապները քննարկելու եւ մարտահրաւէրներուն դարման գտնելու մեր ճիգին մէջ, չենք կրնար մոռնալ վիթխարի պատմութիւն մը, որ կը կոչուի ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ: Նման մօտեցում լոկ պատմագիտական դիտանկիւնի համար չէ, այլ մեզ կը դնէ տարբեր գաղութներու կազմաւորման, ապա նաեւ լուծման, անէացման պատճառներուն ուսումնասիրութեան հարկադրանքին տակ, որպէսզի մեր հաւաքական կեանքէն՝ մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի, քաղուած փորձառութիւնները օգտագործուին՝ այսօրն ու վաղը աւելի՛ լաւ ճանչնալու, հասարակաց տուեալներէն գործնական դասեր քաղելու եւ սխալները չկրկնելու տրամաբանութեամբ: Սա կ՛ենթադրէ գիտական լուրջ մօտեցում, վիթխարի եւ կազմակերպ աշխատանք, թերեւս այնպիսի տարողութեամբ, որ կը պահանջէ պետական մտածողութիւն, աշխարհահայեացք եւ… միջոցներ: Անշուշտ որ կատարուած են որոշ ուսումնասիրութիւններ, սակայն ընդհանուր պատկերը կը մնայ կիսկատար:
Մեկնելով անցեալի բնական փորձերէն, սակայն չմնալով անոնց «պատանդը», հասնինք ներկայ օրերուն: Այսօր, Սփիւռք ըսելով, կը հասկնանք այն օճախները, որոնք ապրող միաւորներ են, այսինքն՝ չեն անցած Լեհաստանի, Հնդկաստանի կամ երբեմնի նմանօրինակ պատմական գաղութներու ցանկին: Այսօրուան Սփիւռքը ունի ներքին ծալքեր, ստորաբաժանումներ, ստեղծած է ու կ՛արարէ ի՛ր պատմութիւնը: Այսօր ու վաղն ալ կը ստեղծուին, կրնան հետեւիլ պայմաններ, որոնք Լեհաստանի, Հնդկաստանի եւ այլ լուծարուած գաղթօճախներու ճակատագիրին մատնեն մեր օրերուն իբրեւ կենսունակ ընդունուած գաղութները: (Իսկ թէ պէտք է հասկնալ «կենսունակ» հասկացութեամբ, արդէն մեղուի փեթակը խառնելու հանգամանք կրնայ ստանալ…)
Թուարկումի կարգով, նշենք մէկ քանին: Ունինք միջին արեւելեան օճախները (որոնցմէ պաղեստինեանն ու յորդանանեանը, եգիպտականին նման, բաւական նօսրացած են, իսկ Սուրիան ու Լիբանանը, Իրաքի պէս, վերջին տասնամեակներուն հարկադրաբար կը հետեւին նախորդներուն ճամբուն: Պատճառներն ու ազդակները ծանօթ են), ուր զգալի տեղաշարժեր արձանագրուած են վերջին 50 տարիներուն: Աւանդական օճախներուն զուգահեռ, յաճախ նա՛եւ ի հեճուկս անոնց, կազմաւորուած են Ծոցի արաբական երկիրներու գաղութները: Թուրքիոյ գաղութը այլապէս իւրայատուկ պարագայ է, կերտած է իր առանձնակի պատմութիւնը, մանաւանդ Պոլիսը, գիտենք, ինչպիսի՛ դեր ունեցած է մեր մշակոյթի արարման մէջ (երբեմն կը թողունք լուսանցքի մէջ): Եւրոպան ունի գոնէ երկու մեծ հատուած. արեւելեան եւրոպական երկիրներու գաղութները (Պուլկարիա, Ռումանիա…, առանց մոռնալու Ռուսիան) եւ արեւմտեան երկիրներու օճախները (Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Սպանիա…): Թէեւ ափրիկեան (Միջին Արեւելք հասկացութենէն անդին տարածուող) երկիրներու մէջ ալ հայեր բնակութիւն հաստատած են տասնամեակներէ ի վեր, սակայն անոնք լայնօրէն չեն մտած Սփիւռքի աշխարհագրական քարտէսին մէջ (մասնակի բացառութիւն է Եթովպիան), այնպէս՝ ինչպէս որ է պարագան յիշեալ եւ հարաւ ամերիկեան երկիրներու հայութեան (Արժանթին, Պրազիլ, Վենեզուելլա, Ուրուկուէյ…): Անդրադարձա՞ծ ենք արդեօք, որ նոր գաղութներ սկսած են կազմաւորուիլ (կարելի է ըսել նաեւ՝ վերակազմաւորուիլ) հեռաւոր արեւելքի մէջ, սկսելով Չինաստանէն ու հասնելով Նոր Զելանտա եւ այլուր… (Ճափոնի մէջ իսկ անցեալին ունեցած ենք փոքր գաղութ մը. Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը հոն ունեցած է դեսպան…):
Հայկական Սփիւռք հասկացութիւնը եւ համապատասխան քարտէսը անվիճելիօրէն կ՛ընդգրկէ նախկին խորհրդային երկիրները, որոնք անկախ միաւորներ են աւելի քան 30 տարիէ ի վեր, նման մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի: Վրաստանի, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միւս երկիրներուն մէջ կայ պատկառելի թիւ մը հայերու, որոնց մեծ մասը հոն գացած է Հայաստանէն, եւ անոնց հետ հայկական աշխարհը ունի առաւել կամ նուազ չափով կապեր, յարաբերութիւններ, գործակցութեան դաշտեր (յիշեալ երկիրներուն մէջ ապաստան գտած հայերուն գլխաւոր դերակատարութիւնը՝ հայրենիքին մէջ մնացող ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն հասցնելն է: Հոն կան նաեւ, օրինակի համար, խորհրդային տարիներուն Սիպերիա աքսորուածներու ժառանգորդներ):
ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ…
Եթէ քիչ աւելի խորաթափանց աչքով դիտենք Սփիւռքը բաղկացնող երկիրները, պիտի տեսնենք, որ այս հսկայական տարածքին մէջ, կան «բնական» ենթաշերտեր, որոնցմէ մէկն ու միւսը ունին նմանութիւններ եւ զգալի տարբերութիւններ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս այսօր պատմութեան էջերուն անցած անցեալի գաղութները: Շատեր ունին իրենց տեղական պատմութիւնն անգամ:
Տարբերութիւնները կը ծնին բազմաթիւ ազդակներէն եւ գաղութի կազմաւորման առարկայական պայմաններէն: Անմիջապէս արձանագրենք, որ գաղթօճախները ո՛չ մէկ ատեն ծնած են նախօրօք տրուած որոշումով, ո՛չ ալ կազմալուծուած ու ձուլումի զոհ դարձած՝ որոշումով. անհատներ կրնան որոշումով գաղթական դառնալ, սակայն գաղութի մը կազմաւորումն ու կազմակերպ կեանքը կը հետեւին տարբեր օրէնքներու՝ պահանջներու, բազմերես կարիքներու, որոնցմէ մէկն է հայութեան, հայ կեանքին հետ կամուրջներու ստեղծումն ու պահպանումը, իսկ այդ պահանջին թուլացումը պատճառներէն մէկն է գաղութի լուծարման: Առարկայական պայմաններուն շարքին է տուեալ երկրին իրավիճակին ազդեցութիւնը (իրավիճակ ըսելով, կը հասկնանք քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ բազում այլ ազդակներ), այլ երկիրներու-ուժերու հետ յարակցութիւնն ու անոնցմէ հասած ազդեցութիւնները եւ այլն: Այս բոլորին կու տանք «տեղական պայմաններ» ընդհանուր որակումը:
Դարձեալ խօսինք օրինակով մը. որոշ երկրի մը մէջ, ուսումնական համակարգը ունի նախադրեալներ ու պայմաններ, որոնք կրնան տարբեր ըլլալ այլ երկրի մը հարկադրած պայմաններէն (լեզուներ, պետական քննութիւններու հարկադրանք, համալսարան մուտքի նախապայմաններ-պահանջներ…): Սա կ՛արձանագրենք՝ ո՛չ թէ ընդհանուր հարցը փոքրացնելու, նեղ սահմանի մը մէջ դիտելու մօտեցումով, այլ նշելու, որ սփիւռքեան որեւէ օճախ բացարձակապէս ինքն իր գլխուն տէրը չէ, այլ ստիպուած է ենթարկուելու տուեալ երկրին պահանջներուն, պայմաններուն, պէտք է ներգրաւուի անոնց մէջ, քայլ պահէ այդ երկրի կեանքին հետ: Սա արդէն կը ստեղծէ տարբերութիւններու այլ մակարդակ մը, այսինքն, տուեալ գաղութ մը, իր կամքէն անկախ, կ՛ապրի այլ գաղութէ մը բոլորովին կամ մասամբ տարբեր կեանք մը, տուրք կու տայ տարբեր հրամայականներու: Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ հայկականութիւն կոչուած հասկացութիւնը որոշ այլափոխում կը կրէ, նահանջ կ՛արձանագրէ ինքնաբերաբար, անիկա հաճոյ թուի գաղութի տէրերուն, թէ՝ զանոնք դնէ որոշ անտարբերութեան դիրքի վրայ: Քիչ մը աւելի՛ մանրամասնելով, կրնանք տեսնել, որ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու կամ Գանատայի մեր գաղութները ինչպիսի՛ առարկայական տարբերութիւններու ենթակայ են, բաղդատելով իրարու հետ, կամ՝ այլ գաղութներու, հետեւաբար, որոշ ժամանակ ետք, պարզ աչքով կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւրը միւսէն տարբեր է: Տարբերութիւնները աւելի՛ ակներեւ կը դառնան, երբ շարժինք դէպի արեւելք, այսինքն՝ նկատի ունենանք միջին արեւելեան մեր գաղութները եւ արեւմտեան օճախներուն հետ անոնց ստեղծած՝ ակամայ հեռաւորութիւնները (ոչ աշխարհագրական առումով): Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ (դարձեալ նեղ օղակի մէջ առնուած օրինակով մը), որոշ գաղութի մը մէջ հազար ու մէկ դժուարութեամբ խմբագրուած-պատրաստուած դասագիրք մը ընդունելի, մատչելի կամ յարմար չի նկատուիր այլ գաղութի մը մէջ:
Հոս կ՛ուզենք բանալ փակագիծ մը: Մասնաւորաբար արեւմտեան կարգ մը կազմակերպ գաղութներու մէջ, մեր ակնարկած անտարբերութիւնը երբեմն կ՛ունենայ յաւելեալ ցաւցնող եւ մարդակերտ դրսեւորումներ: Հայկական դպրոցը հետզհետէ կը դիտուի իբրեւ ապահով միջավայր՝ ծնողներու համար (հանրային դպրոցին մէջ կան կռուազան խմբակներ, թմրեցուցիչի եւ բարոյականութեան վնասող այլ գործօններ), իսկ դպրոցը կառավարողներու համար՝ առաւելաբար տնտեսական յանձանձումի ենթակայ հաստատութիւն (որքան մեծ ըլլայ աշակերտներու թիւը, կրթաթոշակներէն գոյացած եկամուտը կ՛ըլլայ աւելի): Տեղ-տեղ ստեղծուած է վիճակ, ուր պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողներ… ճակատումի մէջ են հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու հետ, դէմ կը կանգնին հայերէն գիրքերու ընթերցման անոնց թելադրանքին կամ այդ նիւթերը չեն դիտուիր իբրեւ առաջնահերթ: Նման պատասխանատուներ իբրեւ «դաշնակից» ունին մեծ թիւով ծնողներ, որոնք հայերէնին կը մօտենան իբրեւ «փոր չկշտացնող, հետեւաբար՝ անկարեւոր ապրանք» («Հայերէն գիրք կարդալով՝ մեր զաւակները հայագէ՞տ պիտի դառնան»ը արդէն համատարած մտածողութիւն է քիչ մը ամէն տեղ): Ալ ի՜նչ խօսք՝ հայկական դպրոցներու մէջ խօսակցական լեզուին մէջ օտար լեզուներու տիրապետութեան, երբ հայ ուսուցիչն իսկ կը ստիպուի հայերէնով աւանդուած դասապահներուն օտար լեզուներու դիմելու՝ որպէսզի… հասկցուի աշակերտին կողմէ:
Անշուշտ տարբերութիւններ կան եւ աստիճանաբար կը խորանան-կը զարգանան՝ ապրելակերպի-կենցաղի, տնտեսական-ընկերային եւ այլ գետիններու վրայ: Օրինակի համար, որոշ գաղութի մը մէջ հասակ առած, ասպարէզի մը մէջ վաստակ ու դիրք կերտած անձ մը դժուարութիւն կ՛ունենայ (երբեմն ալ անյաղթահարելի խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ) այլ գաղութ տեղափոխուելով, կը մոռնայ, թէ բոլոր գաղթօճախներն ալ, ի վերջոյ, մասնիկներն են Սփիւռք կոչուած համայնակուլ կենդանիին…: Սա քննարկման դաշտերու մէջ չառնուած երես մըն է սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ, թէեւ ազդու է (հարցը ունի բազմաթիւ երեսներ. Օրինակ, միջին արեւելեան երկրի մը մէջ մասնագէտ բժիշկ մը, ատամնաբուժ մը կամ ճարտարապետ-ճարտարագէտ մը, գիտական կալուածի մէջ հմտացած վաստակաւոր մը, արեւմտեան երկիր մը տեղափոխուելով՝ կրնայ հարկադրուիլ, մարդածին օրէնքներու ճնշումին տակ, դառնալու… ճաշարանատէր կամ մղուիլ կալուածային առեւտուրի դաշտ: Իսկ ազգային կեանքին մէջ ծառայողներ՝ ուսուցիչ եւ ընդհանրապէս գիրի մարդիկ, դէմ յանդիման կը գտնուին բազմապիսի խոչընդոտներու եւ կը ստիպուին հրաժեշտ տալ իրենց վաստակը կերտած ասպարէզին, այլապէս պատճառելով մարդուժի մսխում…):
Փակենք «մանրուքներ» նկատի ունեցող այս փակագիծը, առանց ամոքուած զգալու:
…ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վերոյիշեալ տարբերութիւնները պարզապէս օրինակներ են այն տարաբնոյթ համայնապատկերին, որ վիճակուած է Սփիւռքին: Գոնէ տեղ մը արձանագրենք նաեւ, որ այս համայնապատկերին դիմաց, կայ Հայրենիք կոչուած միաւորը, որ ունի իր ցաւերն ու մասնակից է համահայկական կոչուած ողբերգութիւններուն, ո՛չ միայն քաղաքական-ապահովութեան առումով: Հայրենիքը կ՛ապրի նաեւ իր առանձին ողբերգութիւնները, սկսելով մշակութային մարզէն՝ մինչեւ քաղաքական-պետականաշինութեան կալուածները: Անոնք յարակից են մեր շօշափած նիւթին, սակայն կ՛իյնան Սփիւռքի կարկինէն անդին:
Եթէ պիտի խօսինք Սփիւռքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մասին, բնականաբար չենք կրնար մեկնակէտ ունենալ հսկայական տարբերութիւնները (թէեւ չենք ալ կրնար անտեսել զանոնք), այլ պէտք է որոնենք ու սահմանենք այն մարզերը, կալուածները, որոնք կը կազմեն գաղութներուն նմանութեան եզրերը, եւ այդ նմանութիւնները ծառայեցնել տարբերութիւններուն նսեմացման եւ հասարակաց վախճանական նպատակներու մարմնաւորման:
Անմիջապէս շեշտենք, որ արդի աշխարհը մեզի կ՛ընծայէ այնպիսի միջոցներ, հնարաւորութիւններ, որոնք գոյութիւն չունէին անցեալին: Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումը ունի բազմերես բացասական գործօններ, սակայն նաեւ ունի դրական երեսներ, որոնք, ճիշդ օգտագործուելու պարագային, կրնան բարիքի վերածուիլ: (Այս իմաստով, որոշ եւ գոհունակութիւն առթող փորձեր կը կատարուին, սակայն կը մնան մասնակի, երբեմն «տեղայնական», սպասուած «համայնակուլ» ընթացքը շրջելու աստիճանին չեն հասած):
Տարբեր գաղութներու միջեւ նմանութիւնները բազմաթիւ են, ինչպէս իւրաքանչիւրին՝ տեղայնական ձեւով, նմանապէս ալ բոլորին դիմաց հասարակաց մարտահրաւէրներ դնելու առումով: Գործնական ըլլալու համար, թուենք քանի մը օրինակ: Սփիւռքեան գաղութները, այսինքն՝ ամբողջ Սփիւռքը ունի հայապահպանման հրամայականը. սա կը նշանակէ պահպանել լեզուն, հաղորդ մնալ մեր պատմութեան, մշակոյթի զարգացման եւ ենթաբաժիններուն (հարցը լեզուագէտ, պատմագէտ եւ արուեստաբան ըլլալու մասին չէ, այլ՝ տարրական, հիմնական գիտելիքներու մթերման, այնքան մը, որ զանոնք իւրացնողը ո՛չ միայն ինքզինք հայ զգայ, այլ նաեւ հպարտ զգայ, որ ինչպիսի՛ ազգի մը ժառանգորդն է, նման բոլոր այն ազգերուն, որոնք այսօր աշխարհի բեմին վրայ կը կանգնին բարձրաճակատ, հետեւելով «մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում» սկզբունքին):
Նման պահանջէ մեկնելով, անհրաժեշտ կը դառնայ մշակումը լայն իմաստով ուսումնական-կրթական ծրագիրի մը, որ ո՛չ միայն պահպանէ որոշ մակարդակ, այլ այդ մակարդակը՝ ընդունելի նուազագոյն մակարդակը, պարտադրէ աշխարհասփիւռ հայութեան:
Առաջին ակնարկով, աննուաճելի բարձունք մը կրնայ թուիլ ասիկա, սակայն գործը կը դիւրանայ, եթէ գաղութներու միջեւ ստեղծուի բաւարար հաղորդակցութիւնն ու փորձառութեանց փոխանակումը, որպէսզի ճշդուին գիտելիքներու նուազագոյն ընդունելի եւ անհրաժեշտ շտեմարանը եւ անոր հիմամբ ստեղծուին, օրինակ՝ դասագիրքեր ու մանուկներու, երիտասարդներու եւ այլ տարիքի հայերու յարմար ծրագիրներ: (Չենք անտեսեր առարկայական միւս տուեալը, չգործածելու համար «աղէտ» եզրը, որ կու գայ խառն ամուսնութիւններէ եւ Հայ Ընտանիք, մինչեւ իսկ Ընտանի՛ք հասկացութեան նսեմացումէն, թուլացումէն ու ջլատումէն):
Եւ որպէսզի չմնանք տեսականի եւ վերացականի մթնոլորտին մէջ, խօսինք երկու օրինակով, բացատրելու համար բոլորին համար հասարակաց ծրագիրներու կազմաւորման եւ տարածման մեր մտածումը:
Երբ պատանի մը հասնի ինքնաշարժ վարելու տարիքին, մասնագէտ մը անոր կը սորվեցնէ ինքնաշարժը կառավարելու գործնական ձեւերը, կու տայ նաեւ տեսական ծանօթութիւններ՝ ինքնաշարժին մասերուն վերաբերեալ: Թեկնածուին տրամադրութեան տակ կը դնեն ճամբաներու վրայ ի զօրու եղող օրէնքներու գրքոյկ մը, զոր վարորդը պէտք է իւրացնէ եւ համապատասխանաբար գրաւոր քննութիւն անցընէ: Տեսական եւ գործնական օրէնքներն ու վարժութիւնները ունենալով, անձը լիակատար վարորդ չ՛ըլլար, այլ պէտք է որոշ ժամանակ փորձառութիւն ձեռք բերէ, որպէսզի ընդունելի վարորդի մը մակարդակը նուաճէ: Ո՛չ ոք կ՛առարկէ նման դրութեան մը դէմ, եթէ կը ցանկայ ինքնաշարժ վարել: Իսկ ներկայ աշխարհին մէջ, ինքնաշարժ վարելը օդի, ջուրի եւ ճաշի չափ կարեւոր «կենսանիւթ» է: Երկրորդ օրինակը՝ տուեալ երկրի մը օրէնքներուն իմացումն է, անկախ անկէ, թէ այդ երկիրը ծննդավա՞յրդ ու մշտական բնակավա՞յրդ է, թէ հոն հասած ես իբրեւ գաղթական-ներգաղթող: Այս պարագային ալ, կայ տարրական օրէնքներու, գիտելիքներու շարք մը, որուն իմացումը անխուսափելի հրամայական է եւ գիտելիքներու նուազագոյն պաշարը՝ տուեալ երկին մէջ լուրջ հարցեր չդիմագրաւելու համար (իսկ ներգաղթողը, առանց անոնց իմացութեան, հպատակութիւն չի կրնար ձեռք բերել):
Այլ խօսքով, սփիւռքեան մեր գաղութները, եթէ իսկապէս կը հաւատան, որ հայապահպանումը անհրաժեշտ բան է մեր ազգի, գոնէ Սփիւռքի գոյատեւման ու զարգացման համար, պէտք է համակարգուած աշխատանք տանին, հասարակաց պահանջներու սահմանման ու արձանագրումին, ու անոնց հիմամբ՝ բազմապիսի ծրագիրներու (ոչ միայն ուսումնական-դաստիարակչական) մշակման համար: Կրկնենք. իտէալական եւ անիրականանալի բաներու մասին չենք խօսիր, այլ որոշ դժուարութիւններ ունեցող, բայց ոչ անկարելի նախաձեռնութիւններու մասին:
Նման համատարած եւ հասարակաց ծրագիրներու մշակումը պիտի ունենայ բնական այն արդիւնքը, որ աշխարհի որեւէ մէկ երկրին կամ քաղաքին մէջ բնակող հայը ինքզինք կամրջած պիտի ըլլայ այլ երկիրներու մէջ բնակող հայերու, նա՛եւ մայր հայրենիքին հետ, պիտի զգայ ու ապրի իբրեւ մէկ մեծ ամբողջութեան մասնիկը, համահաւասար՝ այլ օճախներու հայերուն: Նման առաջադրանքի նախնական ու շօշափելի օրինակները կարելի է սեպել այն հանդիպումները, որոնք տեղի կ՛ունենան տարբեր գաղութներէ Հայաստան այցելող երիտասարդական, սկաուտական եւ աշակերտական խմբակներու միջեւ փոխյարաբերութեանց ու կապերու ստեղծումով: Ճիշդ է. կը խօսինք, արդէն, այլ տարածքի մը՝ Հայաստան-Սփիւռք տարածքին մէջ, սակայն կը կարծենք, որ այդ օրինակը տալով, աւելի լաւ բացատրած կ՛ըլլանք մեր առաջարկը, դիտաւորութիւնը: Նման ծրագիրներու հետեւողական կիրարկումով ու զարգացումով, փորձառութիւններէ բխող հարստացումով, ատեն մը ետք սփիւռքեան միաւորներու միջեւ տարբերութիւնները աստիճանաբար կը նուազին, փոխադարձ ճանաչողութիւնը կ՛ունենայ բարերար ազդեցութիւն եւ ներգործութիւն: Այս իմաստով, որքա՜ն աւելի բաղձալի պիտի ըլլար, որ Հայաստան-Սփիւռք համագումարները ըլլային ձեւականէ-քարոզչականէ անդին անցնող նախաձեռնութիւններ (հիմա անոնք ալ շոգիացած են), Հայաստան ունենար այս իմաստով Սփիւռքի հարցերու նախարարութիւն (վերջին տարիներուն նախարարութիւնն ալ նահանջած է գործակատարի մակարդակի), որուն առաքելութիւն տրուէր ո՛չ թէ սփիւռքեան գաղութներ «թափանցելու» (մէկ տարբերակը՝ խորհրդային տարիներուն ի գործ դրուած՝ տիրապետելու ծանօթ ճիգերուն), այլ Սփիւռքի ճանաչողութիւնն ու անոր հետ գործակցութիւնը հասցնէր տարբեր եւ օգտաւէտ մակարդակի: Լիբանան ունի այսպիսի առաքելութիւն ունեցող նախարարութիւն, Հայաստանի ունեցածն ալ զոհ գնաց «յեղափոխականներու քայլերթին»…
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ
Սփիւռքի յաւելեալ կազմակերպումը եւ հզօրացումը անվիճելի հրամայական է (քիչ ետք կը խօսինք ասոր կրկնակի նպատակներուն մասին): Ներկայ աշխարհին մէջ, նիւթական միջոցները, տնտեսական ինքնաբաւութիւնը անխուսափելի հրամայականներ դարձած են: Անցած են այն ժամանակները (երանելի ժամանակներ), երբ ազգային կեանքը առաւելաբար յառաջ կը տարուէր նուիրաբերումով, հանգանակութիւններով, կամաւոր աշխատանքով (այդ երանելի ժամանակներուն բարի պտուղը եղաւ սփիւռքեան յետ-ցեղասպանութեան գաղութներուն կազմակերպումն ու զարգացումը): Մեր այսօրուան կեանքին մէջ, ասոնք շարունակուող բարի աւանդութիւններ են, սակայն չենք կրնար մեր մատին ետին պահուըտիլ եւ ըսել, այս ընթացքը նախկին թափով ու տարողութեամբ ի զօրու է այսօր, պիտի շարունակէ ի զօրու մնալ վաղը եւս: Տնտեսական յանձանձումի բարեփոխումը (չըսելու համար՝ յեղաշրջումը) հրամայական է:
Հաւաքական կեանքը աւելի լաւ մակարդակի հասցնելու եւ աւելի դիւրին կառավարելու համար (ինչպէս կ՛ընեն անհատ ընտանիքներ), անհրաժեշտ են տնտեսական միջոցներու-պայմաններու տարբեր ու այժմէական դրութիւններով կազմակերպումը, ենթահողի հզօրացումը, մասնագիտական դրութիւններու որդեգրումը: Որքան ալ ըսենք, որ նիւթականը առաջնակարգ չէ, այսօրուան աշխարհը, մեզմէ անկախ եւ քիչ մըն ալ հակառակ մեր կամքին, նախկինէն տարբեր հրամայականներ ու հարկադրանքներ կը ստեղծէ: Սա նորութիւն չէ, նորութիւն պիտի ըլլայ՝ համապատասխան տարողութեամբ վերցնել նետուած ձեռնոցը: Ու եթէ ստեղծուի նիւթական-տնտեսական ինքնաբաւարարութիւն, անկէ քայլ մըն ալ անդին երթալով՝ ստեղծուին հասոյթի, եկամուտի մնայուն եւ ճիշդ կառավարելի աղբիւրներ, արդէն մեր հաւաքական կեանքը դրած կ՛ըլլանք շա՛տ աւելի հեզասահ ընթացքի մէջ: (Ի՜նչ խօսք, որ նոյն տրամաբանութիւնը ի զօրու է նաեւ մեր հայրենիքին համար, այսինքն՝ սա ձեւով մը պետական մտածողութեան զարգացում կը նշանակէ):
Կարճ խօսքով, սփիւռքեան գաղութներու միջեւ հասարակաց գետիններ որոնելու եւ համակարգումի ճամբով՝ հայկականութեան բարելաւման ծրագիրներ ի գործ դնելու համար, կենսական են նիւթական միջոցները: Սա մէկ օրէն միւսը ստեղծուելիք համակարգ չէ, սակայն անհրաժեշտ է տարբեր աշխարհահայեացքի եւ տեսլականի, հորիզոններու պատկերացում, սակայն նաեւ տուեալ երկրի մը կամ աշխարհատարածքի մը մէջ օրինական հնարաւորութիւններու պեղում, օգտագործում: (Անհատներ կ՛ընեն, իսկ հաւաքական կեանքի մէջ մանր գետակները անբաւարար չափով ոռոգող չեն):
Առաջին մակարդակով, պէտք է որդեգրել այնպիսի մօտեցում, հորիզոն, որ սփիւռքեան գաղութներէն իւրաքանչիւրը դառնայ ինքնաբաւ, ինքզինք ապահովէ մնայուն եկամուտ(ներ)ով, հոգացուին դպրոցներու, մամուլի, միութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու, այսինքն՝ գաղութին տարրական, ապա նաեւ զարգացման, բարելաւման կարիքները: Չենք խօսիր անիւի գիւտը ընելու կամ անիրականանալի երազներու մասին, այլ աչքի առջեւ ունինք այլ ժողովուրդներու եւ հաստատութիւններու (օրինակի համար՝ եկեղեցիներ) փորձառութիւնները, անոնց որդեգրած եւ օրէնքներուն համապատասխանող դրութիւնները:
Սփիւռքեան իւրաքանչիւր օճախի ինքնաբաւութիւնը, ապա նաեւ զարգացման, բարգաւաճման նախադրեալներու ստեղծումը, յաջորդ փուլին, պիտի ստեղծէ վիճակ, որ աւելի պիտի դիւրացնէ մէկզմէկու օգնութեան հասնելու կարելիութիւնները, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ հայրենիքին ձեռք երկարելու հնարաւորութիւնը (հոս ալ կարելի է աչքի առջեւ ունենալ այլոց փորձառութիւնները): Օրինակները հազուադէպ չեն: Արձանագրենք մէկ քանին: Լիբանան 1975ին բռնուեցաւ քաղաքացիական կոչուած պատերազմի մը ոլորապտոյտին մէջ, որ տարբեր արտայայտութիւններով այսօր ալ բազմերես տագնապի մէջ կը պահէ այդ երկիրը: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ սփիւռքեան օճախներ, մերթ ընդ մերթ նաեւ մայր հայրենիքը օգնութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանի հայութեան, սակայն նաեւ գիտենք, որ սպասուածին հասնելու համար, մեր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը սահմանափակ են: Նման վիճակներու մատնուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի մեր օճախները, Իրանի գաղութը կը թուի աւելի ինքնաբաւ ըլլալ…: Սփիւռքը նաեւ օգնութեան ձեռք երկարած է հայրենիքին, երկրաշարժէն ետք թէ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ճամբով: Որքան ալ որ գովելի եւ հպարտառիթ են նման օժանդակութիւններ, գիտենք, որ անոնք մնացած են որոշ սահմաններու մէջ:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ
Սփիւռքի պահպանման ու բարելաւման, բարգաւաճման համար, կան բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնց շարքին, առաջնահերթ են երկու երեսի յստակացում:
Եթէ այսօր հարց տանք, արդեօք ունի՞նք Սփիւռքի ամբողջական մօտաւոր քարտէսը, այսինքն՝ համայնապատկերը այն երկիրներուն ու շրջաններուն, ուր ունինք առաւել կամ նուազ չափով կազմակերպուած գաղութ (կրնանք հարցումը տարածել նաեւ «կորսուած», հայութեան ընդհանուր կեանքէն խզուած շրջաններու վրայ), կամ՝ Սփիւռքի մէջ քանի՞ հայ կը բնակի, ո՛չ ոք կրնայ ճշգրիտ պատասխան մը տալ (գիտական մօտեցումով պատասխանի մասին է խօսքը): Սովորաբար կ՛ըսենք, թէ Հայաստանի բնակչութեան թիւը շուրջ 3 միլիոն է, իսկ աշխարհի տարածքին, կ՛ապրի շուրջ 10 միլիոն հայ, այսինքն՝ Հայաստանի սահմաններէն դուրս կ՛ապրի մօտաւորապէս 7 միլիոն հայ: Այս թիւին «տրամաբանութենէն» դուրս կը մնան այլասերած, հայութեան կեանքէն խզուած, օտարացած, ձուլուած հայերը (հազուադէպօրէն ականատես կ՛ըլլան նմաններու վերազարթօնքին, հայութեան հետ կապերու վերահաստատման, սակայն անոնք ծաղիկ բերող գարուններ չեն): Կա՞յ մէկը, Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի տարածքին, որ իսկապէս գործնական աշխատանք տարած է, հաշուելու համար, թէ իսկապէս ի՛նչ է հայութիւն կոչուած զանգուածին այսօրուան թիւը, ատիկա ինչպէ՞ս բաշխուած է գաղութներու վրայ: (Բոլորովին այլ հարց է այն, որ եթէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ունենայինք հայօրէն ապրելու եւ զարգացում վայելելու տարրական նախադրեալները, այսօր հայութեան թիւը ո՞ւր հասած կ՛ըլլար):
Նման հաշուարկ՝ կը թուի անկարելի առաքելութիւն, ո՛չ միայն վիճակագրութեանց եւ պաշտօնական արձանագրութեան բացակայութեան, թերի ու մասնակի ըլլալուն պատճառով, այլ նաեւ առարկայական այլ տուեալներու հետեւանքով: Օրինակի համար, եթէ Լիբանանի պէս գաղութի մը մէջ, հայութեան թիւը իմանալը համեմատաբար դիւրին է (որովհետեւ ծնողն ու մահացողը կ՛արձանագրուին ազգային հաստատութեանց տոմարներուն մէջ, թէեւ հոն ալ գաղթողներուն թիւը ստուգելը դժուար է), անդին, արեւմտեան եւ այլ աշխարհներու մէջ, սա գրեթէ անկարելի է. ծնողներուն ու մահացողներուն արձանագրութիւնները կը պահուին պետական գրասենեակներու մէջ: Յետոյ, խառն ամուսնութիւնները շատ աւելի անհակակշռելի, հետեւաբար՝ հաշուարկներէ դուրս ինկող տուեալներ են (ծանօթ է, որ միջին արեւելեան օճախներու, նաեւ Թուրքիոյ մէջ ալ խառն ամուսնութիւնները անհամեմատօրէն աճած են): Այլ խօսքով, սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութի, հետեւաբար նաեւ ամբողջ Սփիւռքի մէջ, իր «դասական», նորաստեղծ եւ թաքուն միաւորներով, հայութեան մարդուժի տարողութիւնը կը մնայ մեծ անծանօթ մը: Իսկ Սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն տեսանկիւնէն, նման տուեալի իմացութիւնը կրնար նպաստաբեր ըլլալ:
Կը հետեւի նաեւ, որ իւրաքանչիւր գաղութի, հետեւաբար նաեւ՝ Սփիւռքի նիւթական ներուժը միայն մասնակիօրէն ծանօթ է: Չենք տարուիր այն երեւակայութեամբ, որ նման ներուժի ընդհանուր պատկերը կարելի է ունենալ գէթ մօտաւոր ձեւով, սակայն հոս ալ կը կանգնինք ուշագրաւ մարտահրաւէրի դիմաց: Իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, կան ծանօթ, երբեմն ալ մէկ անգամ երեւցող բարերարներ, որոնք ձեռք կ՛երկարեն ազգային կեանքի այս կամ այն միաւորին: Մինչդեռ, եթէ տնտեսական աշխարհին մօտենանք տարբեր ակնոցով, մասնագիտական եւ արհեստավարժութիւն պահանջող տրամաբանութեամբ ուսումնասիրենք իւրաքանչիւր գաղութի՝ տուեալ երկրին ընձեռած կարելիութիւնները, նիւթական միջոցներու կեդրոնացումի, օրինական շահարկման ձեւեր որոնենք (ինչպէս կ՛ընեն ուրիշներ), հաւանաբար նիւթական կարելիութիւններով օժտուած անհատներ (որոնց կու տանք բարերար անունը) քայլ առ քայլ աւելի ներգրաւուին սփիւռքեան կարիքներէն բխող կալուածներու մէջ: Սա մեզ պիտի տանի հանգանակային, նուիրատուութիւններու վստահելու գործելաձեւէն քայլ մը (թերեւս ալ աւելի՛) անդին, պիտի ստեղծէ շահակցական գործառնութեանց դրութիւններ, ուր մասնակիցը հաւաքականութեան պիտի չմօտենայ լոկ նուիրաբերողի, բարերար ըլլալու տրամաբանութեամբ (այս տողերը թող չնկատուին ցարդ ի զօրու եղող դրութիւնը՝ բարերարութիւններ, նուիրատուութիւններ արհամարհելու, անկարեւոր նկատելու արտայայտութիւն. նման արարքներ միշտ ալ գոհունակութիւն կը պատճառեն եւ բարձր գնահատանքի արժանի են. մեր դիտաւորութիւնը այն է, որ այսօրուան եւ վաղուան աշխարհը ստեղծած են եւ պիտի ստեղծեն տարբեր մակարդակի հարկադրանքներ, որոնց հետ պէտք է քայլ պահել յառաջատուական տրամաբանութեամբ):
ԵՐԿՈՒ ՆՊԱՏԱԿ
Սփիւռքի պահպանումն ու զարգացումը, բարգաւաճումը ունին երկու հիմնական նպատակ: Առաջինը՝ իւրաքանչիւրին ինքնաբաւութեան, գոյութեան պահպանման ու զարգացման, բարելաւման (հայկականութեան հետ կապի իմաստով) հրամայականն է, իսկ երկրորդը՝ Մայր Հայրենիքին ու ազգի տարբեր կարիքներուն, պահանջներուն հասնիլը:
Կար ժամանակ, եւ ատիկա՝ Ցեղասպանութեան յաջորդող քանի մը տասնամեակներն էին, մինչեւ անցեալ դարու 40ականներու երկրորդ կիսուն եւ աւելի ուշ կազմակերպուած՝ ծաւալուն ու սահմանափակ ներգաղթերը, երբ հայութեան մէջ տիրապետող էր այն մտածողութիւնը, թէ Սփիւռքի ինքնանպատակ գոյութիւն չէ, Սփիւռքի հայուն գոյութիւնն ու վախճանական նպատակը՝ Մայր Հայրենիքն է, վերադառնալ գրաւեալ հողեր, հաստատուիլ այսօր Հայաստան կոչուած հողամասին վրայ, հոգ չէ թէ անիկա ամբողջական Հայաստանին մէկ փոքր մասնիկն էր:
Յետոյ, եւ մի՛շտ ալ սփիւռքեան կեանքին ապրած զարգացումներուն պատճառով (բացասական կամ դրական որակում չտանք այդ զարգացումներուն), հետզհետէ կազմաւորուեցաւ նոր մտածողութիւն, թէ՝ Սփիւռքը ունի երկու նպատակ. նախ՝ հասնիլ հայրենիքին, աչքերը սեւեռած պահել անոր, սակայն նաեւ վախճանական այդ նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ, Սփիւռքը ընդունիլ իբրեւ ապրող ու կենսական միաւոր (դարձեալ չմտնենք այն մանրամասնութեան մէջ, թէ Սփիւռքի ինչո՞ւ կարելի չէ մէկ միաւոր նկատել, այլ բազմաթիւ միաւորներու գումար մը), Սփիւռք մը՝ որ պէտք է ինքն իրեն ու հայկական աշխարհին նայի նախկինէն տարբեր տրամաբանութեամբ, դատողութեամբ, ընդունի, որ կամքէ անկախ պայմաններով գոյառած Սփիւռքը ցնոր տնօրինութիւն մշտական ներկայութիւն է ու պիտի մնայ հայութեան կեանքին մէջ: Եթէ մատնանշուած՝ յետ-Ցեղասպանութեան առաջին տասնամեակներուն, ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ հասկացութիւնը առաւելաբար կը սահմանափակուէր հայութեան թիւի պահպանումով, հաստատութեանց հոգացումով եւ լեզուի, պատմութեան եւ յարակից բաներու իմացութեան սահմաններուն մէջ, հետզհետէ զարգացաւ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ հասկացութեան նոր՝ աւելի բազմաճիւղ ըմբռնումը: Զուգահեռաբար, եւ տարուէ տարի, մեր քաղաքական մտածողութեան եւ գործին տարածման իբրեւ արդիւնք, հասկցանք, որ Սփիւռքի գոյատեւումը որքան կարեւոր է (եղեր) Մայր Հայրենիքին ու ազգին կարիքներուն, պահանջներուն դիտանկիւնէն: Երկրաշարժէն, Արցախեան շարժումէն եւ անկախութեան վերահաստատումէն շատ առաջ, մեր իրաւատիրութեան պայքարի դաշտերը ընդարձակուեցան, պայքարը դուրս եկաւ յիշեալ՝ առաջին տասնամեակներու նեղ շրջագիծէն:
Այնպէս եղաւ, որ մեր Դատին հետապնդման աշխատանքը առաւելաբար դարձաւ սփիւռքեան «մենաշնորհ», որովհետեւ, գիտե՛նք, խորհրդային օրերուն՝ Հայաստանի պետական հաստատութիւնները անկարող էին միանալու այդ աշխատանքներուն: Կարելի չէ մոռնալ եւ արհամարհել այն անուղղակի եւ իսկապէս յեղաշրջական գործը, որ տարուեցաւ յետ-ստալինեան ժամանակաշրջանին: (Իսկ թէ անկախութեան վերահաստատումէն ետք ի՞նչ կարելի էր ընել, ի՛նչ պէտք է ընենք այսօր՝ բոլորովին այլ հարց է, նման հարց արծարծելը, դժբախտաբար, կը դիտուի «կը քաղաքականացնեն»ի ծուռ հայելիով: Նպատակ չունինք այստեղ բանալ այդ «Բիւզանդական վէճ»ին էջը):
Բոլորս ալ ծանօթ ենք, որ անկախութեան վերահաստատումէն առաջ, Ցեղասպանութեան 50ամեակի նախօրեակին, բայց մանաւանդ անկէ ետք, Սփիւռքը ինչպիսի՜ վիթխարի աշխատանք տարած է մեր Դատի ծանօթացման եւ մեր իրաւունքներուն ճանաչման, հաստատման մարզին մէջ, եւ այդ աշխատանքը տարածուած է աշխարհով մէկ, զուրկ՝ պետական յենարանէ: Անկախ պետականութեան վերահաստատումէն ետք ալ, Սփիւռքի վսեմ առաքելութիւններէն մէկը մնաց եւ է՛ մեր Դատին հետապնդումը: Վերջին երեք տասնամեակներուն արձանագրուած արդիւնքներն ալ վաւերագրուած են եւ ամրագրուած՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ: Ըսել կ՛ուզենք, որոշ դիտանկիւնէ Սփիւռքը ինքնանպատակ-ինքնաբաւ դարձնելու դիտաւորութեան զուգահեռ, մեր ժողովուրդը ապրեցաւ ՍՓԻՒՌՔԸ Ի ՍՊԱՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հասկացութեան բազում արտայայտութիւնները, կենսափորձը:
Երեւակայութեան վստահելու պէտք չունինք, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար, որ նիւթապէս եւ կազմակերպուածութեամբ՝ այսօրուան վիճակէն շատ աւելի հզօր Սփիւռք մը որքա՛ն աւելի մեծ ծառայութիւն պիտի մատուցէ հայրենիքին (կրկնենք՝ անցնելով սեփական կարիքներու բաւարարման մակարդակէն անդին), որքան ըրած է մօտիկ կամ հեռաւոր անցեալին:
Դարձեալ կանգ առնենք մեր օրերու փորձին վրայ: Արցախը, 44օրեայ պատերազմին, անկէ առաջ եւ անկէ ասդին, թիրախ կը մնայ մեր դարաւոր թշնամիին սպառնալիքներուն, կը գտնուի մասնակի կամ ամբողջական անէացման վտանգին տակ (նորագոյն իրադարձութիւններուն մէջ չմտնենք, ո՛չ ալ «քաղաքականացում»ի դաշտ փոխադրենք քննարկումը, հակառակ անոր, որ վիճակին քաղաքականացումը, աշխարհաքաղաքական հորիզոններու դիմաց դիտելը տարիներէ ի վեր կը պարտադրուի մեզի): Յիշենք Սփիւռքի պատմակշիռ դերը, երբ աւելի քան տասը տարի առաջ հայութեան եւ Հայաստանի պետութեան գլխուն վերեւ կախուեցաւ «փրոթոքոլներ»ու «Դամոկլեան սուր»ը: Հայաստանի ժողովուրդին չափ, անկէ ալ աւելի՛ մեծ ուժականութեամբ շարժեցաւ Սփիւռքը եւ կարեւոր գործօն մը եղաւ վնասաբեր ուղիին խափանման (չենք արհամարհեր այլ տուեալներ, ազդակներ): 44օրեայ պատերազմի օրերուն, Սփիւռքը դարձեալ շարժեցաւ, թէեւ ո՛չ անհրաժեշտ տարածութեամբ, աշխարհի ուշադրութիւնը առաջնորդելու համար թուրք-ազերիական ոճիրներուն վրայ: Անկէ ետք, Սփիւռքի դերակատարութիւնը կը մնայ շատ աւելի սահմանափակ, հակառակ Հայ Դատի եւ նման միաւորներու ի գործ դրած ճիգերուն (կարեւոր մանրամասնութիւններ են տարբեր հզօր պետութիւններու մօտ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի ձեռք բերուած շօշափելի արդիւնքները): Այս ծիրին մէջ, Սփիւռքը հաւատարիմ է իր դերին, օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ մայր հայրենիքին ու անբաժանելի Արցախի (անկախ հայրենի իշխանութիւններուն ծանօթ դիրքորոշումէն եւ վարքագիծէն): Ահա թէ նաեւ ո՛ւր պէտք է փնտռել հզօր ու կազմակերպ Սփիւռքի մը դերը՝ համահայկական դաշտերուն մէջ: Այդ դերը այսօր շատ աւելի շեշտուած է, երբ աչքի առջեւ բերենք հայրենի հողերուն պատառ-պատառ կորուստը, թշնամիին հանապազօրեայ ոտնձգութիւններն ու արձանագրուած մարդկային ու նիւթական կորուստները:
Իսկ մեր Դատին դաշտը միակը չէ, ուր Սփիւռքը դերակատար եղած է ու կը մնայ: Սա արձանագրեցինք իբրեւ բազում օրինակներէն մէկը, իբրեւ հրատապ եւ շարունակուող դերակատարութեան օրինակ:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Վերի տողերուն մէջ մեր կատարած քննարկումն ու արձանագրած մտածումները համապարփա՞կ են կամ սպառի՞չ:
Անշուշտ թէ ո՛չ: Այս ուրուագծային տողերը արձանագրեցինք այն մօտեցումով, որ Սփիւռքի հարցերուն, անոր դիմաց բարձրացող հրամայականներուն մեր մօտեցումը ինչպիսի՛ ընդարձակ հորիզոններով պէտք է դիտել, անկախ անկէ, թէ այս կամ այն ենթաբաժանումին մէջ (լեզուի պահպանում, դպրոցներ, ազգային հաստատութիւններ) այսօր ինչպիսի մասնագիտական քննարկումի կը կարօտինք, մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար ինչպիսի նախադրեալներ պէտք է ապահովենք, մարտավարութիւն մշակենք եւ մեր տեսողութեան դաշտերը ինչպիսի հորիզոններու պէտք է բանանք:
Նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է այն, որ մեր քննարկումները մտնեն գործնական եւ յառաջատուական փուլ, երբեմն լաւ սկսուած աշխատանք մը կիսատ չթողունք եւ քանի մը տարի ետք, նմանօրինակ նախաձեռնութեան մը դիմենք՝ մոռնալով նախկինը, առաւել կամ նուազ չափով ձեռք բերուածները: Պէտք է անցնինք տարեկան տեղագիրները պարզապէս արձանագրութիւններով հարստացնելու «սիրողական» հոգեբանութենէն անդին, արհեստավարժ աշխատանքին տանք շէնք մը քար առ քար կառուցելու ընթացքը, ուր ամէնէն փոքր քարն անգամ իր տեղն ու դերը ունի կառոյցին բարձրացման եւ ամրացման մէջ:
Հայութիւնը ունի ներուժ, հնարաւորութիւններ, կարողականութիւն, որ լայն ու գիտական մօտեցումով անհրաժեշտ ուշադրութեան, քննարկումի չէ արժանացած: Մեր նշումները միայն մէկ մասն են պահանջուածին, որուն հասնելու համար, կարեւոր են ինքնաճանաչում, Սփիւռքին ամբողջական իրազեկում, գիտակցութեան զարգացում, բայց մանաւանդ «մէկը բոլորին համար, բոլորը մէկուն համար» տեսութեան այժմէականացումը՝ համաձայն Սփիւռքի հզօրացման եւ հայրենիքին հետ կամուրջներու ամրապնդման: Յաճախ կը հնչեն աւաղումներ, թէ «որքա՜ն ուշացած ենք մեր առաքելութեան կատարման մէջ»: Պատմութիւնը անվերջանալի շարունակութիւն մըն է, չի սիրեր «ուշացած ենք»ով անգործութեան մատնուողը, կրաւորականութեան դիմողը: Գործնական շօշափելի քայլ կրնայ ըլլալ, օրինակի համար, մասնագէտներէ բաղկացած ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ միաւորի մը կազմութիւնը (ո՛չ այն սահմաններուն մէջ, որուն մասին յաճախ այլապէս օգտակար առաջարկներ հրապարակ կը նետուին եւ… շուտով կը մոռցուին), որ գործէ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մը տրամաբանութեամբ եւ հայեցակէտով, հեռու՝ ժամանակաւոր քաղաքական հաշիւներէ, ստեղծէ աշխատանքի այնպիսի ծիր մը, որ լաւագոյնս օգտագործէ հայրենի պետութեան (հոս ալ զատորոշենք պետութիւնը՝ իշխանութենէն) կարողականութիւնները:
Չանտեսենք: Մինչեւ այսօր շատ բան ըրած ենք ու արձանագրած՝ «լաւ ըրած ենք»ի ցանկին վրայ: Գիտենք, որ ինքնաբաւութիւնն ու տեղքայլը նահանջ կը նշանակեն ու ներելի չեն, մինչդեռ աշխարհն ու Հայ Կեանքը մեզ՝ բոլորս, Սփիւռքով ու հայրենիքով միասին, դրած է ճակատագրական վիճակներու, անոնց հետ քայլ պահելու հրամայականին դէմ յանդիման: Չենք կրնար նահանջել կամ աչք փակել բազմացող մարտահրաւէրներուն դիմաց: Մանաւանդ իրաւունք չունինք կրաւորական մնալու մէկ կողմէ՝ Սփիւռքի հալոցներուն, միւս կողմէ՝ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու թուլացման փորձերուն, իսկ նոյնքան կարեւոր ճակատի մը վրայ՝ Սփիւռքի անփոխարինելի յենարանը (նաեւ ամբողջական Հայաստանի վերականգնումի պայքարին հիմնաքարը) եղող՝ Հայաստան-Արցախ հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն դիմաց:
Օգոստոս 2022
* 2022ը հռչակուած է Սփիւռքի տարի: Նախորդ տարիները ունեցան այլ խորագիրներ: Այս սիւնակներով, փորձ կ՛ընենք, առանց մեծ յաւակնութիւններու, ընթացիկէն քիչ մը աւելի լայն տարածքով եւ հորիզոններու դիմաց դիտել մարտահրաւէրները: