ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

Ազգի մը նահատակներու մեծութիւնը անհասանելի կը մնայ բոլոր ողջերուն համար, որովհետեւ առաջինները՝ ի գին իրենց ամենաթանկին, մարմին-կեանքը խոնարհեցուցին դէպի ընդերքը հողին՝ վեհ գաղափարի կամ իտէալի մը համար, եւս առաւել՝ նուիրականագոյնին՝ հայրենիքի անկախութեան ի խնդիր:
Հայոց կեանքէն ներս բազմիցս խնկելի է յիշատակը անմահ նահատակներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեր բուռ մը ազգէն ամենաոսկի հատիկ մըն է: Տէրունական կենսաւորող խօսքը կ՛ըսէ՝ ցորենի այն հատիկը, որ հողին մէջ կ՛իյնայ ու կը մեռնի, բազմաթիւ հատիկներ կու տայ, այդպէս եղան, 1983ին, իրենց ուրոյն ոճով եւ եզակի հասկացողութեամբ Լիզպոնի Հինգը մարմնաւորող ցորենի հասկին հատիկները, որոնք միանգամա՛յն ինկան հողին տակ, որպէսզի Հայ Դատը առաջնորդուի դէպի նոր կեանքի նոր հորիզոններ:
Հայոց Լիզպոն «Հասկ»ի հինգ հատիկները թէեւ օտար հողի վրայ նահատակուեցան, բայց իրենց անձնազոհութեամբ ողջ մարդկութեան պատմեցին հայ ժողովուրդի բռնախլուած հողի՝ Արեւմտահայաստանի, ու ցեղասպանեալ մեր ազգի պատմութիւնը եւ իրենց արեամբ ոռոգեցին Հայ Դատի պահանջատիրական անդաստանը:
Այսօր, ինչպէս միշտ, ազգովին կը խոնարհինք 39ամեայ Լիզպոն «Հասկ»ի անմահներու յիշատակին առջեւ: