Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF) ջանքերով, 61 ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ հեղինակաւոր Le Monde թերթին մէջ ստորագրեցին կոչ մը` դէմ արտայայտուելով Ատրպէյճանէն յաւելեալ կազ գնելու՝ Եւրոպական Միութեան կնքած համաձայնութեան, կը հաղորդէ լրագրող Ժան Էճքեան։
Անոնք կոչ կ՛ընեն Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոպական յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ անդամ կառավարութիւններուն եւ Եւրոպական խորհրդարանին, որ չվաւերացնեն համաձայնութիւնը, եւ որ Եւրոպական Միութիւնը կախեալ պիտի պահէ Պաքուէն։
«44օրեալ պատերազմը ցոյց տուաւ Ատրպէյճանի սոսկալի նպատակները», կը գրեն անոնք՝ յիշեցնելով նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը եւ շեշտելով, որ Պաքու կը շարունակէ բանտարկուած պահել պատերազմի հայ գերիները, որոնք նաեւ չարչարանքի կ՛ենթարկուին։