ՆՈՒԱՐԴ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆի՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիին եւ «Անի» մասնաճիւղի երկար տարիներու ատենապետուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՆՈՒԱՐԴ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց ընկերներէն Աշոտ Մուրատեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՆՈՒԱՐԴ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ՝ ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբի ամդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, յանձնախումբի անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։