
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Իլհամ Ալիեւ կը պնդէ, որ պաշտօնական Երեւանը տակաւին չէ արձագանգած խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու վերաբերող Պաքուի առաջարկին: Այս յայտարարութիւնը Ալիեւ կատարեց պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ընթացքին:
«Վստահ եմ, որ մեր ջանքերը դրական կ՛ընդունուին Հայաստանի կողմէ, եւ վերջ կը դրուի երկարատեւ առճակատման: Խաղաղութեան համաձայնագիրին ուղղութեամբ աշխատանքի սկսելու մեր առաջարկը կը մնայ անպատասխան», ըսաւ Ալիեւ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ 44օրեայ պատերազմէն մէկուկէս տարի ետք ալ «Երեւան տակաւին չի կատարած իրաւական պարտաւորութիւնները հաղորդակցութիւններու բացման, Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն ատրպէյճանական ապրանքներու եւ քաղաքացիներու անարգել անցումը ապահովելու ուղղութեամբ»: Ան աւելցուց, որ այդ պարունակին մէջ Մոսկուայէն աշխոյժ գործունէութիւն կ՛ակնկալուի:
Լաւրով իր կարգին յայտարարեց հաղորդակցութիւններու բացման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքներուն մէջ «որոշ յառաջընթացի» մասին՝ առանց մանրամասնութիւններ հաղորդելու։
Փոխարէնը Լաւրով յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է հայկական կողմին հետ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան երաբերող հարցերը համակարգել ինքնաշարժներու առաւել յարմարաւէտ տեղաշարժի համար` «խուսափելու արհեստական խոչընդոտներէ»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` Լաւրովի հետ Պաքուի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին՝ յայտնեց, որ բանակցային գործընթացի արհեստական ձգձգումը «լուրջ վտանգներ կը պարունակէ»։
«Այսօրուան հանդիպումին մենք քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ յետ հակամարտութեան հարցերու կարգաւորումը: Ատրպէյճանի դիրքորոշումը այն է, որ հակամարտութիւնը կը պատկանի անցեալին, եւ կայուն խաղաղութեան համար համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է: Բոլոր կողմերը ամբողջութեամբ եւ անվերապահօրէն պէտք է կատարեն եռակողմ համաձայնութիւնները: Բանակցային գործընթացի արհեստական ձգձգումը իր մէջ լուրջ վտանգներ կը պարունակէ», դիտել տուաւ Պայրամով:
Լաւրով Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպումէն ետք, Պաքուէն յայտարարեց, որ Ռուսիա կը գնահատէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները եւ կ՛ակնկալէ զարգացնել դաշնակցային համագործակցութիւնը:
«Աշխարհի իրավիճակը կը պահանջէ կարծիքներու եւ գնահատականներու, պայմանաւորուածութիւններու մնայուն փոխանակում, որոնք նկատի կ՛առնեն կողմերու շահերը, ինչպէս յարիր է դաշնակիցներուն` Փետրուարին ստորագրուած դաշնակցային փոխգործակցութեան հռչակագիրի լոյսին տակ», նշեց ան։
Լաւրով հաստատեց, որ իրեն համար «միշտ հաճելի է այցելել Պաքու, որ բառին բուն իմաստով կը ծաղկի»:
«Մենք կը գնահատենք մեր յարաբերութիւնները, միշտ հաճելի է համատեղել անձնական շփումները մեր համատեղ աշխատանքային արցերու քննարկումներուն հետ», շեշտեց Լաւրով։