ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան 15 Յունիսին ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վերաժողովի նախագահ Մարկարեթա Սեթըրֆիլտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Հարաւային Կովկասի հարցերու ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ Քարի Հենրիքսըն, վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Ռոպերթօ Մոնթելլա, Վիեննայի գրասենեակի փոխղեկավար Թիմ Քնոպլաու, ընդհանուր քարտուղարի խորհրդական Ֆրեյա Քոսի եւ ԵԱՀԿի ԽՎ նախագահի օգնական Ճոնաթան Տէմնըր:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
Ռուբինեան ներկայացուց 44օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանի յ իրավիճակը, Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները եւ չլուծուած մարդասիրական հարցերը:
Ռուբինեան շեշտեց, որ, հակառակ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ հայ ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը օգտագործել իբրեւ քաղաքական պատանդներ: Հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ օրակարգի վրայ է Ատրպէյճանի մէջ գտնուող անձերու անյապաղ վերադարձը:
Սեթըրֆիլտ կարեւոր նկատեց տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ այդ ուղղութեամբ հայկական կողմի ջանքերը: Խօսելով կառոյցի ծիրին մէջ համագործակցութեան մասին` Սեթըրֆիլտ բարձր գնահատեց վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան աշխատանքը: