
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած իր հայրապետական այցելութեան օրակարգին վրայ նախատեսուած էր նաեւ այցլութիւն Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանը:
Երեքշաբթի, 7 Յունիսին, վարժարանս պատիւը ունեցաւ իր երդիքին տակ հիւրընկալելու հոգեւոր տէրը: Վարժարանիս աշակերտները դպրոցին գլխաւոր մուտքին, հայաստանեան եւ ամերիկեան դրօշակներով, հայկական աւանդական աղ ու հացով դիմաւորեցին կաթողիկոս-պատրիարքը:
Օրուան համար իւրայատուկ պատրաստուած յայտագիրը տեղի ունեցաւ վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Բարսեղ Ծ. վրդ. Բարսեղեան, գերապատիւ հայրեր եւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրեր:
Հանդիսավարութեամբ Մարիա Երալեանի, յայտագիրը սկիզբ առաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Հայ Քոյրերու վարժարանի քայլերգներով: Անգլերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տնօրէն դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ, որ նշեց, թէ ինք հոգեւոր տիրոջ բարի գործերուն շատ ծանօթ է, բայց ի մասնաւորի տպաւորուած է անոր՝ «ես պարզ հոգեւորական մըն եմ, որ կ՛աշխատիմ եկեղեցւոյ համար» խօսքով: Ան բարի գալուստ մաղթեց հոգեւոր տիրոջ, զայն համարեց օրհնութիւն բոլորին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր աղօթքներուն համար:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի աշակերտները՝ «Հայ Մանուկ» երգով, վարժարանիս երգչախումբը՝ «Կիլիկիա» եւ «Հայրապետական օրհներգ» երգերով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան՝ հայերէն բացման խօսքով: Ան ըսաւ, որ պատիւ, բերկրանք եւ հպարտութիւն է դպրոցին մէջ հիւրընկալել հոգեւոր տէրը, որուն լաւապէս վայել է «շէնացնող» մակդիրը, որովհետեւ իր առաքելութեան ուղեծիրին մէջ ուր որ ալ գտնուած է ան՝ միայն շէնցուցած ու ծաղկեցուցած է:
Ռաֆայէլ-Պետրոս կաթողիկոս-պատրիարքին հոգեկերտ, մարդակերտ, եկեղեցաշէն, ծառայասէր, մարդասէր, հիւրասէր, մարդուն միտքը լուսաւորող եւ խորհրդատու արժանիքներու միաձուլուած մարմնաւորումը հանդիսացող հոգեւորական մը ըլլալու հանգամանքները պարզող օրինակներ տալով՝ Պոյաճեան երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ՝ քաջ հովիւին, որ պատրաստ է իր 99 ոչխարները թողելու, մոլորած մէկ ոչխարը փրկելու համար: «Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ձեր վաստակով, ուրախ ենք ձեր հովանին վայելելով: Ձեր սփռած լոյսը եւ յոյսը կը վառին, կը լուսավառեն ու կը յուսավառեն ամէնուրեք», իր խօսքը եզրափակեց վարժարանիս փոխտնօրէնուհին:
Ուիլեըմ Սարոյեանի գործէն անգլերէն հատուածի մը աշակերտական ասմունքէն ետք, ներկայացուեցաւ «Ուզունտարա» եւ «Տքելէ» պարերը, որոնց յաջորդեց «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութեան կատարումը:


Հոգեւոր տէրը իր հայրապետական պատգամին մէջ նշեց, որ երբ ազգին նաւը սկսի տատանիլ եւ բարձրացող ալիքներու դիմաց կը գտնուի, եկեղեցին ներկայ է՝ խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն տալու: Ան անդրադարձաւ նաեւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան 175ամեակին. «175 տարիներ է անոնք կ՛աշխատին՝ տալու շարունակական զարգացում, որպէսզի կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ կարելի ըլլայ տոկալ»: Ան յուսաց եւ մաղթեց, որ այն ժամանակ, երբ Անարատ Յղութեան քոյրերը այս առաքելութիւնը կը կատարեն, անոնք գտնեն նաեւ երիտասարդ հոգիներ, որոնք նոյն ազնուութեամբ իրենց անձը նուիրեն ազգին ու եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայ գաղութի մարդասիրական ծառայութեան:
Հոգեւոր տէրը ընդգծեց, որ բոլոր հոգեւորական եղբայրները կը ծառայեն ազգի զաւակներուն՝ հոգեւոր աշխարհը զօրացնելու եւ զանոնք Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ պահելու:
Ռաֆայէլ-Պետրոս կաթողիկոս-պատրիարքը իր խօսքը փակեց՝ հայցելով, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս մնայ ներկաներուն վրայէն:
Իր սրտի խօսքին մէջ, վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան ըսաւ, որ հովուապետական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող հոգեւոր տիրոջ ներկայութիւնը խթան է յաւելեալ ջանքով թափ տալու աստուածահաճոյ եւ մարդասիրական առաքելութեան: Ան նշեց, որ Անարատ Յղութեան միաբանութեան աշխատանքը եւ ջանասիրութիւնը կը դրսեւորուի Հայ Քոյրերու վարժարանին ճամբով, որ յանձնառու է պատրաստելու նոր սերունդներ, որոնք զինուած ըլլան գիտութեամբ, հայկական շունչով ու քրիստոնէական ոգիով: Գասարճեան վստահեցուց, որ պատրիարքութիւն-միաբանութիւն կապը պիտի մնայ անքակտելի եւ ուժերը պիտի միացնեն, որպէսզի համայնքի զաւակներուն համար ապահովեն միայն լաւագոյնը եւ ամենաբարին:
Այնուհետեւ, Հայ Քոյրերու վարժարանին անունով, Գասարճեանը հոգեւոր տիրոջ նուիրեց յուշանուէր մը:
Յայտագիրը եզրափակուեցաւ «Հայեր Միացէք» երգով՝ ամբողջ աշակերտութեան կատարողութեամբ եւ բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)