
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ 9 Յունիսին պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան, Աննա Գրիգորեան, Գեղամ Մանուկեան եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեան, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ, հանդիպում ունեցան Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Քարա ՄըքՏանըլտի հետ:
Զրոյցին ընթացքին պատգամաւորները ներկայացուցին Հայաստանի ներքաղաքական, ինչպէս նաեւ դատական եւ իրաւապահ, մամուլի ու խօսքի ազատութեան ոլորտներուն իրավիճակը:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ խաղաղ ցոյցերուն ընթացքին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ գործադրուած բռնութիւններուն եւ վայրագութիւններուն վրայ. առանձին մատնանշուեցան այն բոլոր իրաւախախտումները, որոնք վերջին տարիներուն արձանագրուած են դատական համակարգին մէջ, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ոլորտին մէջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լրատուամիջոցներուն նկատմամբ ճնշումներուն, օրէնսդրական բազմաթիւ փոփոխութիւններով լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը սահմանափակելու՝ իշխանութեան քայլերուն:
Յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուեցաւ բանտարկութեան կառոյցի այսպիսի ծաւալի եւ երկակի չափանիշներու կիրարկումը: