ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Գիտութեան կոմիտէին աջակցութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայկական վարժարանների հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագրերը» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան:
Ցուցադրութեան նպատակն է մէկ դարու հեռաւորութենէն լուսարձակի տակ բերել եւ ներկայացնել Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ գործող շուրջ 2000 հայկական կրթօճախներու բեղուն գործունէութիւնը, որ ընդհատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք:
Տասնվեց խորագրային բաժիններ ունեցող երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) ժամանակաւոր ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են շուրջ երեսուն բնօրինակ աւարտական վկայականներ, լուսանկարներ, դասագիրքեր, դպրոցական պարագաներ, որոնք ձեռք բերուած են թէ՛ հայաստանեան եւ թէ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հաստատութիւններու արխիւներէն, թանգարաններէն, գրադարաններէն, ինչպէս նաեւ՝ մասնաւոր հաւաքածոներէն:
Ներկայացուած բնօրինակ վկայականներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ֆոնտերուն մէջ պահուող առաւել քան մէկ տասնեակ վկայագիրները, ինչպէս նաեւ ուղեկցող փաստագրական հարուստ նիւթը, որոնք փաստացի վկայութիւններն են Օսմանեան կայսրութեան հայկական վարժարաններու երբեմնի գոյութեան:
Ցուցահանդէսին իրենց վկայագիրներով տեղ գտած են արեւմտահայ նշանաւոր կրթօճախներ, ինչպէս՝ Կարինի (Էրզրում) «Սանասարեան» (1881-1915), Վանի «Երամեան» (1878-1915), Վասպուրականի կեդրոնական/կենտրոնական (1881), Խարբերդի Ազգային կեդրոնական/կենտրոնական կամ Թլկատինցիի (1887-1915), Սեբաստիոյ «Արամեան» (1895-1914), Այնթապի ազգային «Հայկանուշեան» (1877-1915), Կեսարիոյ «Կիւմշեան» (1826-1915) եւ այլ վարժարաններ:
Առանձին բաժին մը նուիրուած է Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն, ուր ուսանած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած արեւմտահայ յայտնի մտաւորականներ: Աւարտական վկայականներէն քանի մը հատը կը պատկանին արեւմտահայ յայտնի մտաւորականներ Ռուբէն Սեւակին, Դանիէլ Վարուժանին, Միսաք Մեծարենցին (Մեծատուրեան), Թադէոս Մանկասարեանին եւ Ռաֆայէլ Շիշմանեանին: Առանձին բաժնով ներկայացուած են նաեւ կայսրութեան միսիոներական դպրոցները՝ «Արմենիա» (հետագային «Եփրատ») քոլեճը (1878-1915) Խարբերդի մէջ, Այնթապի, Ադաբազարի «Հայուհեաց» բարձրագոյն (1885-1915) վարժարանը, Տարսոնի Սուրբ Պօղոս հիմնարկը (1888-1915), Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանը, Սեբաստիոյ ուսուցչական ամերիկեան դպրոցը՝ «Normal School»ը (1880-1915) եւ ուսուցչական քոլեճը («Teacher՚s College», 1912-1915):
Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 10 Սեպտեմբեր 2022: