«Կլոպըլ մարքէթ» կազմակերպութեան կողմէ ամբողջ աշխարհի մէջ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ աշխարհի ամէնէն չսիրուած երկու երկիրներն են Իսրայէլ եւ Թուրքիա։ 36 Երկիրներու ցանկին մէջ Թուրքիա կը գրաւէ 35րդ տեղը։
Հարցախոյզը շօշափած է մօտաւորապէս 26 հազար հոգիի կարծիքը։ Ամէնէն չսիրուած երկիրը Իսրայէլն է, որ ցանկին ամէնէն վերջին կարգին վրայ կը գտնուի։ Կարծիք յայտնողները դիտել տուին, որ Իսրայէլ նուազագոյն հիւրընկալութիւնը ցոյց տուող երկիրն է։
Հետաքրքրական է, որ ամերիկացիները եւս շատ նպաստաւոր կարծիք չունին Իսրայէլի մասին։
Ամէնէն շատ սիրուած երկիրը Մեծն Բրիտանիան է, որուն կը յաջորդեն Գերմանիան, Իտալիան, Քանատան, Զուիցերիան եւ Ֆրանսան: