ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան պիտի մասնակցի Լիբանանի ականազերծման աշխատանքներուն: Այս մասին նշեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Սեպտեմբեր 29ին հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին եւ նշեց, որ այս համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր Յուլիսին՝ Իսրայէլ-լիբանանեան ռազմական գործողութիւնները սկսելէն օրեր առաջ՝ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Ֆաուզի Սալլուխի Հայաստան կատարած այցի ընթացքին:
Վ. Օսկանեանի խօսքերով՝ այդ գործին մէջ Հայաստան չի կրնար ներգրաւուած ըլլալ, քանի դեռ Իսրայէլ ականապատուած տարածքներու քարտէսները չէ տրամադրած: «Չենք բացառում, որ մեր մասնակցութիւնը լինի այդ ոլորտում, բայց դրա համար պէտք է սպասել տարածաշրջանում իրավիճակի հանդարտմանը», յայտնեց նախարար Օսկանեան: