ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նամըք Թան Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, ցաւ յայտնեց Հոլանտայի ընտրութիւններու համար թեկնածու ներկայացած երեք թուրք քաղաքագէտներու դէմ բացուած արշաւի կապակցութեամբ։
Ինչպէս հաղորդուած էր, հոլանտական գլխաւոր երկու կուսակցութիւններու թեկնածու երեք թուրք քաղաքագէտներ կուսակցութիւններու թեկնածուներու ցանկէն դուրս հանուած էին, որովհետեւ անոնք կը մերժեն Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատել:
Կուսակցութիւններու այս որոշումին անդրադառնալով, թրքական մամուլը այս լուրը դիմաւորած էր «Հայկական լոպպին դարձեալ յաղթեց» ըսելով։
Բանբեր Նամըք Թան գրաւոր յայտարարութեան մը մէջ ըսաւ, որ Հոլանտայի մէջ երեք թուրք թեկնածուներու դէմ այս արարքը կարծիքի ազատութեան սկզբունքին խոտոր կը համեմատի եւ դիտել տուաւ, որ այդ երկրին մէջ երեսփոխաններուն ընտրութիւնը կախեալ պէտք է ըլլայ երկրին ներքին հարցերու մասին թեկնածուներուն ունեցած մտածումներէն: Ան յայտնեց, որ Հոլանտայի նման բարեկամ երկրի մը մէջ թեկնածուներու պարտադրուած այս «միակողմանի մտածելակերպը» անընդունելի է։
Երեք թուրք թեկնածուները Հինգշաբթի օր Հոլանտայի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով քննադատեցին իրենց կուսակցութիւնները։ Քրիստոնեայ ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածու Օսման Էլմաճ ըսաւ, որ արդար իրաւունքէ մը զրկուեցան այս խնդրին պատճառաւ։
Ընկերվարական ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածու Սաչան եւս պնդեց, որ երեք օր ճնշումի տակ դրուած է, որպէսզի ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը, սակայն ինք մերժած է։