ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ բազմաթիւ հասարակաց կէտեր ունի եւ վերջերս կարելի եղած է անոնց հետ տարակարծութիւնները շրջանցել եւ «առեւտուրի, ճարտարարուեստի, պաշտպանական ճարտարարուեստի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ հաստատեցինք երկկողմ յարաբերութիւնները արագօրէն զարգացնելու ծրագիրներ, եւ անոնց համար քայլեր կ՛որդեգրենք»։
Ըստ անոր՝ Ռիատի եւ Ապու Տապիի հետ տարակարծութիւնները «մէկ ընտանիքի մէջ տարակարծութիւններ էին»: