
6 Մայիսին, Պըրպենքի առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցած Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 95րդ պատգամաւորական ժողովին բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան, որմէ ետք ան հոգեհանգստեան աղօթք հնչեցուց յընթացս այս տարուան ի Տէր ննջեցեալ թեմական եւ ծխական անդամներէն Վահրամ Պիրիճիքի, Արփի Պարսամի, Ռասըլ Էտըմզ, եւ Չարլի Թաթոյեանի հոգիներու համար։
Ժողովի դիւանը, սրբազանին նախագահութեամբ՝ կը բաղկանար հետեւեալներէն՝ դատաւորուհի Էտրիըն Գրիգորեան (ատենապետուհի), Պարլօ Տէր Մկրտիչեան (փոխատենապետ) եւ Սէնտի Գազանճեան (ատենադպրուհի): Ներկաները բարի գալստեան խօսքով ողջունեց ժողովի ատենապետուհին, ապա Օրակարգի որդեգրումէն եւ նախորդ պատգամաւորական ժողովին արձանագրութիւնները հաստատելէ ետք՝ պատգամաւորները ունկնդրեցին Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Օրհնութեան գիրը, որ հայերէնով եւ անգլերէնով ընթերցուեցաւ Գէորգ քհնյ․ Աբեանի եւ Եսայի քհնյ․ Պետրոսի կողմէ։
Օրուան հոգեւոր պատգամախօսն էր Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեան, որ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց ժողովասրահին մէջ տեղադրուած գրեթէ հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող խմբանկարին՝ նշելով, որ սոյն նկարը վերջերս յայտանբերուած է Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տէրիք Ղուկասեանի կողմէ։ Նկարին տակ ձեռագիր հայերէնով գրուած է․ «Դաշտահանդէս Լոս Անճելըսի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ, 4 Յուլիս 1927»:
«1927ը մեր թեմի հիմնադրման տարին էր, եւ անցեալի այս փոքրիկ յիշատակը կը բացայայտէ պատկերը նուիրեալ այն սերունդին, որ հիմը դրին այն բոլորին, զորս այսօր կը վայելենք։ Այստեղ մենք կը տեսնենք խումբ մը մարդիկ, որոնք, տեղահանուած ըլլալով իրենց պատմական հայրենիքէն՝ ապաստան գտած են մոլորակի միւս կողմը՝ Հրեշտակներու քաղաք Լոս Անճելըսի մէջ՝ կեանքի եւ ուրախութեան վերակերտման տեսիլքով: Այս դէմքերուն մէջ չէք տեսներ, որեւէ յուսահատութիւն կամ մռայլ արտայայտութեան նշան մը, հակառակ անոր, որ դեռեւս թաց էին անոնց վէրքերը։ Այս նկարին մէջ պատկերուած իւրաքանչիւր դէմք արժանապատուութեան, ուժի եւ հաւատքի դիմանկար մըն է», ըսաւ տէր հայրը:

Ապա իր խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը, որ բարձր գնահատեց տէր հօր հոգեշունչ ելոյթը, որմէ ետք ան համապարփակ կերպով ներկայացուց տարուան ընթացքին կատարուած հետեւողական աշխատանքները։ Սրբազանը նշեց, որ թեմը այս տարի կրկնապատկած է իր ծառայութիւններու․ ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու տարողութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին՝ իր հոգածութեան համար։ Սրբազանը պատմական համարեց թեմի 95ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ թեմի պատմութեան յուշամատեանի բացառիկ հրատարակութիւնը։ Ան իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Թեմական խորհրդի անդամներուն՝ ատենապետութեամբ՝ Տէրիք Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութիւն սրկ․ Մարգարեանին, առաջնորդարանի անձնակազմին եւ գործող բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։
Առաջնորդը իր տեղեկագրին մէջ անդրադարձաւ թեմէն ներս իրականացուող եկեղեցաշինական աշխատանքներուն՝ առանձնացնելով յատկապէս այս տարուան ընթացքին Սան Տիէկոյի Ս․ Սարգիս եւ Սաքրամենթոյի Ս․ Յակոբ եկեղեցիներու օծման կարեւոր իրադարձութիւնները։ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ նոր հիմնուած ծուխերուն եւ այնտեղ նախատեսուող եկեղեցիներու կառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց պատրաստութեանը եւ երիտասարդական բազմաթիւ ծրագրերուն, որոնք մեծ յաջողութեամբ յառաջ կ՛ընթանան։
Թեմը տասէն աւելի ընկերային, մարդասիրական, կրթական եւ այլ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն ներս, ինչպիսիք են՝ «Մեր Յոյսը», Զինուորի վերականգնման տուն, մանկապարտէզներու ծրագիրը, Կարիքաւոր երեխաներու հիմնադրամը, Արցախեան մարդասիրական հիմնադրամը։
Առաջնորդը նաեւ նշոց, որ թեմը Միացեալ Նահանգներէն ներս սերտ համագործակցութեան մէջ է միջեկեղեցական, պետական եւ հասարակական զանազան կառոյցների հետ։
Ապա ան յայտարարեց, թէ այս տարուան լաւագոյն Ծուխ եւ հոգեւոր հովիւ ճանաչուած են՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս․ Յովհաննէս եկեղեցին եւ Եղիշէ քհնյ․ Քսաճիկեանը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի, վերաքննիչ յանձնախմբի եւ Մնայուն հիմնադրամին նոր անդամներու ընտրութիւն։
Ապա սրբազանը նորակազմ Թեմական խորհուրդի պաշտօնի հաստատման արարողութիւնը կատարեց, իր օրհնութիւնը բաշխեց պատգամաւորներուն եւ աղօթեց անոնց քաջառողութեան եւ յարատեւ յաջողութեան համար:
Պատգամաւորական ժողովի աւարտին, գումարուեցաւ նորակազմ Թեմական խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ պաշտօններու ընտրութիւնը: Թեմական խորհուրդի 2022ի կազմը հետեւեալն է․ Նախագահ՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ատենապետ՝ Տէրիք Ղուկասեան, փոխատենապետ՝ Վարդան Նազարեան, գանձապահ՝ Միքայէլ Միսաքեան, քարտուղար՝ Սիլվա Քաչիգւեան, ձայնագրման քարտուղար՝ Սիւզի Գրիգորեանց եւ անդամներ՝ Բագրատ Ծ․ վրդ ․Պերճեկեան, Վազգէն քհնյ․ Պոյաճեան, Սերովբէ քհնյ․Ալանջեան, Մեսրոպ քհնյ․ Աշ, Կոմիտաս քհնյ․ Զօհրապեան, Մարկ Աստուրեան, Արթին Քնաճեան, Ռաֆի Յակոբեան, Ալեքս Էսիբով եւ Արա Երգանեան։
Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ