ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը 1 միլիառ 18 միլիոն դրամ յատկացուց այս տարուան բնական աղէտներէն վնասներ կրած մարզերուն աջակցելու համար:
Վերոնշեալ գումարի շրջանակներով հացահատիկային սերմացուներու աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղաքունիքի, Կոտայքի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Տաւուշի մարզերու տնտեսութիւններուն:
Սերմացուներու ստացման, փոխադրման եւ բաշխման գործընթացներու վերհսկողութիւնը յանձնարարուած է մարզպետարաններուն եւ երաշտի հետեւանքներու մեղմացման եւ վնասներու վերացման գործողութիւնները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին: