ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 29ին տեղի ունեցաւ ելեւմուտի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեանի եւ Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրի Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալեքս Ռասինի միջեւ պաշտօնական նամակներու փոխանակումը՝ Մարտ 27ին ստորագրուած համաձայնագիրը պաշտօնապէս վաւերացնելու վերաբերեալ:
Յիշեալ համաձայնագիրով Հայաստանի կառավարութեան կը յատկացուի 235 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ, որը պիտի գործածուի չքաւորութեան նուազեցման համար՝ տնտեսական աճի եւ գիւղական համայնքներու զարգացման միջոցով:
Ծրագիրի հիմնական ուղղութիւններն են՝ գիւղական շրջաններուն մէջ ճանապարհներու եւ ոռոգման համակարգերու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ոռոգման նոր արհեստագիտութիւններու ներդրումը, ետբերքահաւաքային շուկայադրման համակարգերու կիրառումը՝ գիւղատնտեսական արտադրանքը դէպի շուկայ մատչելի դարձնելու նպատակով եւ զարգացման վարկերու տրամադրումը:
Ըստ ելեւմուտի եւ տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան, այս ծրագիրը իր ծաւալով ամենամեծ դրամաշնորհային ծրագիրն է Հայաստանի մէջ: