ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 6 Մայիսին, Մուրատ եւ Արմինէ Մինասեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած ծերակուտական Ալեքս Փըտիայի ընտրապայքարին ի նպաստ հաւաք մը։
Աւելի կանուխ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարած էր, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Փըտիայի ընտրապայքարին, նկատի ունենալով անոր շարք մը հայանպաստ քայլերը։
Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Արցախի նախորդ առաջնորդ Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան։
Մուրատ Մինասեան ուրախութիւն յայտնեց, որ ծերակուտականը հիւրընկալելու առիթ տրուած է իր ընտանիքն եւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ ծերակուտականը նոյն օրը նաեւ այցելած է Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն կառուցման մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Միանսեանի հայրը։
Փըտիա 1999ին ընտրուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իսկ 2006ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ։
2014ին, Փըտիա Հայ Դատին զօրակցութիւնը ապահոված էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղարը ընտրուելու պայքարին ընթացքին եւ աւելի ուշ մասնակցած էր Հայ Դատի կազմակերպած խորհրդաժողովին։
Ծերակոյտի անդամ դառնալէ ետք, ան շարունակեց հայանպաստ իր գործունէութիւնը, պահանջելով պատասխանատուութեան կանչել Արցախի եւ Հայաստանի դէմ բռնարարքներու ու պատերազմական ոճիրներու դիմած Պաքուի եւ Անգարայի իշխանութիւնները։