ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անցնող շաբաթավերջը Լիբանանի համար եղաւ եռուն՝ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առումով:
Արտերկրի լիբանանցիները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ փաստեցին իրենց կապուածութիւնը Լիբանանին՝ նկատի ունենալով քուէարկելու իրենց խանդավառութիւնը:
6-8 Մայիսին, 5 ցամաքամասերու վրայ գտնուող երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կարելի եղաւ հետեւիլ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիէն:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ լիբանանեան աւանդական կուսակցութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները մեծաթիւ ներկայութիւն էին ընտրակեդրոններուն դիմաց եւ կը հսկէին քուէարկութեան հոլովոյթին:
Արտերկրի լիբանանցիներուն աշխուժութիւնը իր կարգին մղիչ ուժ պիտի ըլլայ երկրին մէջ ապրող քաղաքացիներուն յառաջիկայ Կիրակի ուղղուելու քուէարկութեան կեդրոններ եւ կատարելու քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը, որուն արդիւնքին հիման վրայ է, որ պիտի կերտուի երկրին ապագան: