
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ պաշտօնական Մոսկուայի արժեւորումին՝ հայաստանեան բողոքի ցոյցերուն պատճառը ոչ թէ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններն են, այլ իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները։
«Ինչ կը վերաբերի ընթացիկ իրադարձութիւնները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լուծման գործընթացին հետ կապելուն, ինչպէս կը հասկնանք, խօսքը ոչ թէ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն նկատմամբ ընդդիմութեան վերաբերմունքին, այլ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ որոշ յայտարարութիւններու ընկալման մասին է», անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերուն՝ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայցեւ։
Ան շեշտեց, որ Մոսկուա հաւատարիմ է աշխոյժ կերպով նպաստելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու իրականացման, նաեւ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման միջոցով։