
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով անդրադարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին՝ դիտել տալով, որ տեղի ունեցածը Հայաստանի ներքին գործն է, սակայն Մոսկուա շահագրգռուած է, որ իրավիճակը շատ շուտ կարգաւորուի:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է: «Հայաստան մեր դաշնակիցն է. մեր գործընկերն է մեզի համար շատ կարեւոր համարկման ձեւաչափերու մէջ: Հայաստան մեր մեծագոյն բարեկամն է. այդ պատճառով մենք շահագրգռուած ենք, որ Հայաստանի մէջ այս ժամանակահատուածը որքան կարելի է արագ վերջանայ, եւ երկրին մէջ հաստատուի կայունութեան ժամանակահատուած, որ կարելիութիւն պիտի տայ աստիճանաբար ուղղուիլ իրագործման Ղարաբաղի հարցով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու, որոնք վերջնական տեսքի բերուած են Ռուսիոյ նախագահին մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման առումով», ըսաւ Փեսքով: