
ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԽՕՍՔԷՆ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ՊԱՅՏԸՆԻՆ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ապրիլ 24ին հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցին նուիրուած ուղերձով՝ վերահաստատելով ամերիկեան գործադիր իշխանութիւններու յանձնառութիւնը՝ դէմ դնելու ատելութեան կործանարար ազդեցութիւններուն: Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«24 Ապրիլ 1915ին, օսմանեան իշխանութիւնները Պոլսոյ մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականները եւ համայնքի ղեկավարները: Այդպիսով սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու մեծագոյն զանգուածային կոտորածներէն մէկը: Այսօր, մենք կը յիշենք մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ դէպի մահ քալեցին, եւ կը սգանք հսկայական թիւով կեանքերու ողբերգական կորուստը:
«Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ մենք կը վերահաստատենք մեր խոստումը՝ դէմ դնելու ատելութեան կործանարար ազդեցութեան, իր բոլոր դրսեւորումներով: Մենք դարձեալ կը ստանձնենք աշխարհի տարածքին մնայուն սպիներ ձգող սպանդները դադրեցնելու պարտաւորութիւնը, նոյն ժամանակ, սգալով Մեծ Եղեռնին ընթացքին արձանագրուած կորուստը։ Մենք պէտք է կրկնապատկենք մեր ջանքերը դարմանելու համար վէրքերը եւ կառուցելու աւելի լաւ, աւելի խաղաղ աշխարհ մը մեր զաւակներուն համար: Աշխարհ մը, ուր կը յարգուին մարդկային իրաւունքները, ուր մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան չարիքներով չի յատկանշուիր մեր ամէնօրեայ կեանքը, եւ ուր մարդիկ ամէնուր ազատ են իրենց կեանքը ապրելու արժանապատիւ եւ ապահով կերպով:
«Այս նաեւ պահն է խօսելու հայ ժողովուրդի ուժին եւ տոկունութեան մասին: Ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք, հայ ժողովուրդը վճռական էր՝ կառուցելու իր համայնքը եւ մշակոյթը, շատ յաճախ արդէն նոր երիկրներու մէջ, որոնց շարքին էր Միացեալ Նահանգները: Ամերիկայի հայերը Միացեալ Նահանգներու կենսական մասնիկն են: Անոնք մեր երկիրը աւելի զօրաւոր եւ աւելի աշխուժ կը դարձնեն, մինչ անոնք կը շարունակեն իրենց հետ կրել ողբերգական յիշողութիւնը: Մենք կը ճանաչնանք անոնց ցաւը եւ կը յարգենք անոնց պատմութիւնը:
«Այսօր, 107 տարիներ ետք, Ամերիկայի ժողովուրդը կը շարունակէ յարգել բոլոր հայերը, որոնք զոհուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին»:
Ողջունելով Անգարայի ուրացման դէմ դնող այս յայտարարութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ այսուհետեւ Պայտընէն գործնական քայլեր կ՛ակնկալէ, ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն արդար վնասուց հատուցում ապահովելով, այլ նաեւ կասցելով հայութեան դէմ մշակուող ցեղասպանական երկորդ փորձը, որուն դերակատարներն են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։
Այս ծիրին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ յոյժ կարեւոր է անմիջապէս կասցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները, գործադրութեան դնելով «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»ի 907րդ յաւելուածը։
Միւս կողմէ, Անգարա դարձեալ դատապարտեց Պայտընի յայտարարութիւնը՝ պնդելով, թէ անիկա «պատմական իրականութիւններուն չի
համապատասխաներ»։


ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ ԵՒ ՔՈՆԿՐԵՍ

Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Ապրիլ 24ը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակեց, նոյն ժամանակ դրուատելով քալիֆորնիահայութեան բերած յատկանշական նեդրումը նահանգի բարգաւաճման աշխատանքին։
Միւս կողմէ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հրապարակած իր ուղերձին մէջ շեշտեց «Ցեղասպանութեան մութ ծալքերը դասաւանդելու» կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ մարդկութեան դէմ մերօրեայ ոճիրները աւելի լաւ հասկնալ եւ անոնց առաջքը առնել։
Նման ուղերձ մը հրապարակեց նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆ՝ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու՝ Անգարայի կեցուածքը եւ խոստանալով միշտ Հայաստանի, Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին նեցուկ կանգնիլ, յատկապէս այս օրերուն, երբ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը ջանան Ցեղասպանութեան երկրորդ փորձը իրականացնել։