ՀԱԼԷՊ.- Հինգշաբթի, 21 Ապրիլին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, Քեսապի եւ շրջակայից հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմեանի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Սուրիոյ զանազան նահանգներէ ժամանած ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը, որ հիմնովին քանդուած էր 21 Սեպտեմբեր 2014ին, թրքական հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ:
Այցելութեան նպատակն էր վերահաստատել հայութեան ուխտը եւ պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի վերականգնումի աշխատանքներուն սատարել:
Առաջնորդը եւ ազգային պատուիրակութիւնը Տէր Զօրի մէջ դիմաւորուեցան պետական աւագանիին կողմէ: Ապա անոնք այցելեցին Տէր Զօրի նահանգապետարանը, ուր ընդունուեցան նահանգապետ դատաւոր Ֆատէլ Նաճարի եւ Պաաս կուսակցութեան Տէր Զօրի քարտուղարին կողմէ:
Այս առիթով նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեցին առաջնորդին եւ պատուիրակութեան, դիտել տալով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրագործած Թուրքիան նոյն ոճրային տրամաբանութեամբ Սուրիան քարուքանդ ընել ու ժողովուրդը քայքայել փորձեց, անոր ձեռամբ քանդուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը Տէր Զօրի մէջ:
Ապա ուխտաւորները ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճը, ուր կատարուեցաւ Ս? եւ անմահ պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր Լեւոն վրդ. Եղիայեան:
Պատարագին ներկայ էին Տէր Զօրի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան քարտուղարը, հայրենական պաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչներ, աշիրապետներ, Տէր Զօրի ոստիկանապետը եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ:
Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա? իր առցանց պատգամը յղելով ուխտաւորներուն՝ ըսաւ. ,Ո՞վ կրնայ Տէր Զօր անունը դուրս հանել իւրաքանչիւր հայու կեանքէն: Ո՞վ կրնայ սրբել Տէր Զօր անունը հայութեան հաւաքական յիշողութենէն: Ո՞վ կրնայ ջնջել արիւնաթաթախ այս բառը հայոց ժամանակակից պատմութեան արիւնոտ էջերէն: Տարիներ առաջ Տէր Զօրը դարձեալ ենթարկուեցաւ նոյն ցեղասպանին ոճրագործ արարքին։ Եկէ՛ք Տէր Զօր, սիրելի՛ հայորդիներ, տեսնելու համար, որ դարձեալ թուրքն է անցած մէկուկէս միլիոն մեր սրբացեալ նահատակներու արիւնով շաղախուած այս սրբավայրէն եւ հոն ձգած սարսափ ու մահ, աւեր ու չարիք: Բայց մենք դարձեալ, Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին ու պետութեան զօրակցութեամբ եւ համազգային ճիգով պիտի վերաշինենք Տէր Զօրը, Հայոց համազգային ուխտատեղին, ազգային պահանջատիրական պայքարին հիմքը, նոր սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, մեր ազգի յաղթանակի ճանապարհըե:
Այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առցանց իր ուղերձով հաստատեց հետեւեալը.
Այսօր կրկին մթագնած է հայոց երկնակամարը. թրքական ու ատրպէյճանական աքցանի մէջ առնուած է մեր հայրենիքը, վտանգուած են Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. մարտահրաւէրները բազմաթիւ են եւ ճնշող. սակայն վհատողը չենք. ընդհակառակն՝ թող համայն աշխարհն իմանայ, որ Տէր Զօրէն վերապրողներու մնացորդացի պողպատեայ վճռակամութեամբ վերազինած ենք մեր պայքարի հաւաքական կամքը: Ապագան կերտելու համար պարտինք ամրապնդել մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որպէսզի այսքան չարիք չմոռնան մեր ժողովուրդն ու գալիք սերունդները: Այդ յիշողութեան կարեւորագոյն վկայարաններէն է այս կառոյցը, որուն առջեւ կը վերանորոգենք մեր ուխտըե:
Այս առիթով խօսք առաւ Տէր Զօրի նահանգապետը, որ ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ հաստատեց, որ Տէր Զօրի մէջ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայեր նահատակուեցան, նոյնպէս ալ հարիւր տարի ետք նոյն ոսոխին, օսմանցիներու ժառանգորդներուն եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ոճրային քաղաքականութեան պատճառով նահատակուեցան սուրիացիներ, սուրիահայեր: Սուրիական բանակը, որուն մէջ կը մարտնչէին նաեւ սուրիահայեր, տուաւ բազմաթիւ նահատակներ, սակայն ազատագրեց Տէր Զօրը: Եւ ինչպէս հայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք վերականգնեցաւ, նոյնպէս ալ պիտի վերականգնին Սուրիան եւ իր ժողովուրդը ու պիտի վերածաղկեցնեն երկիրն ու հայ-սուրիական եղբայրութեան խորհրդանիշը՝ Տէր Զօրը:
Ան յորդորեց բոլոր տէրզօրաբնակ հայերուն վերադառնալ եւ մասնակցիլ իրենց հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ տան վերակառուցման աշխատանքներուն, շեշտելով որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի առաջնորդութեամբ վճռած է պահպանել Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութիւնն ու ազատագրել Սուրիան բոլոր օտար ուժերէն:
Նաճճար շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին եւ հայութեան այս ուխտագնացութեան կազմակերպման եւ Տէր Զօր այցելութեան համար:
Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ փաստաբան Սումպուլ Սումպուլեան խօսք առնելով նկարագրեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ահաւոր աւերներն ու վերյիշեց համաշխարհային գրող Վիքթոր Հիւկոյի հետեւեալ խօսքը. ,Հոսկէ թուրքեր անցած ենե:
Սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Տէր Զօրի աշիրապետ Ապտ ալ-Քերիմ Տանտալ: Ան շեշտեց, որ հայերուն հետ արեան եւ հողի եղբայրներ են, ուստի կը շեշտէ, որ դաւադիր ուժեր պիտի չկարենան Սուրիոյ ժողովուրդին միասնութիւնը քայքայել:
Աւարտին սրբազան հայրը խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Տէր Զօրի հայրենական պաշտպանութեան ուժերու ղեկավարը:
Նշենք, որ պատարագին ներկայ էին հայկական եւ տեղական լրատուամիջոցներ: