ԿԼԷՆՏԷՅԼ, ՏԵՆՎԸՐ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւններ վերջերս քաղաքական հանդիպումներու շարք մը ունեցան քոնկրէսականներ Հենրի Ուաքսմանի (Դ., Քալիֆորնիա), Թոմ Թանքրետոյի (Հ.), Տայէնա տը Կէթի (Դ.) եւ Մարք Ուտալի (Դ.) հետ (վերջին երեքը Քոլորատոյէն):
Ուաքսմանի հետ հանդիպումը կայացաւ անոր Լոս Անճելըսի գրասենեակէն ներս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յանձնախումբի գաղութային յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Հայկ Յովսէփեան, ինչպէս նաեւ քոնկրէսականի ընտրաշրջանէն Ալիս Մուրատեան եւ Արա Խաչատուրեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Ուաքսմանին շնորհակալութիւն յայտնելու Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, ինչպէս նաեւ հայանպաստ այլ բանաձեւերու իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Ուաքսման հաղորդ պահուեցաւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկման, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդ նշանակուած Ռիչըրտ Հոկլընտի հարցերով:
Միւս կողմէ, Քոլորատոյի մէջ, հայկական պատուիրակութիւնը, բաղկացած Հայկ Յովսէփեանէ եւ Քեն Ալիքեանէ, տեսակցութիւններու շարք մը ունեցաւ քոնկրէսականներ Թանքրետոյի, Տը Կէթի եւ Ուտալի հետ, արծարծելով Հայաստանի ու հայութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Թանքրետոյի գրասենեակի անձնակազմը տեղեակ պահուեցաւ Ցեղասպանութեան բանաձեւին, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ ատրպեճանական իշխանութիւններու որդեգրած ոչ շինիչ վարքագիծին առնչուող հարցերուն:
Միւս հանդիպումներու ընթացքին, Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակները լուսաբանութիւններ տուին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին եւ իրենց խօսակիցներէն խնդրեցին զօրակցիլ անոր: Քոնկրէսական տը Կէթ զարմանք յայտնեց Ճան Էւընզի պաշտօնազրկումի, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ բացատրութիւն չտալու պետական քարտուղարութեան կեցուածքին նկատմամբ:
Քոնկրէսական Ուտլայի հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ շրջանի Հայ Դատի գործիչներէն Կարօ Չալեան եւ Քիմ Քրիթիանեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շնորհակալութիւն յայտնելու քոնկրէսականին, որ երկար ատենէ ի վեր կը զօրակցի հայանպաստ բանաձեւերու: