
ԲԱԲԳԷՆ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆի՝ Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի հանգստեան կոչուած հոգեւորականին վախճանումին տխուր առիթով, Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչը, հովիւը եւ հոգաբարձական ու երեսփոխանական կազմերը, Տիկնանց միութիւնը, կիրակնօրեայ վարժարանը, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տեսչութիւնը եւ ուսուցչական կազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն վախճանեալի այրիին, զաւակներուն եւ հարազատներուն:
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հանդիսապետութեամբ՝ լուսահոգի տէր Բաբգէն քհնյ. Մանուէլեանի տան կարգը, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլի կէսօրուան ժամը 12ին. տան կարգի արարողութիւնը՝ ժամը 12ին, իսկ վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները՝ ժամը 1ին, Սուրբ Խաչ Մայր տաճարին մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: