ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 24ին Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Վարդան Օսկանեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան, «դրական մթնոլորտում անցած բանակցութիւնների ժամանակ շարունակուել են Հոկտեմբերի 6ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարների մոսկովեան հանդիպման ընթացքում համանախագահների կողմից առաջարկուած նոր գաղափարների ու մտքերի քննարկումները:
«Դիրքորոշումների լրացուցիչ ճշգրտման համար ձեռք է բերուել պայմանաւորուածութիւն ԱԳ նախարարների մակարդակով խորհրդատուութիւնների շարունակման վերաբերեալ»:
Երկու նախարարներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի Նոյեմբեր 14ին, Պրիւքսէլի մէջ՝ Հայաստան-ԵՄ գործակցութեան խորհուրդի գումարման օրերուն:
ՕՍԿԱՆԵԱՆ-ՏՈՒՍԹ-ՊԼԱԶԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, նախարար Վարդան Օսկանեան ընդունուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ֆիլիփ Տուսթ-Պլազիի կողմէ։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները քննեցի երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի տարուան առնչուող հարցեր:
Այնուհետեւ մտքեր փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման գործընթացի, բանակցութիւններուն հնարաւոր յառաջխաղացքի կարելիու-թիւններուն շուրջ:
Անդրադառնալով ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն, նախարարները բարձր գնահատեցին Նոյեմբեր 14ին Հայաստան-ԵՄ գործակցութեան խորհուրդի ծիրէն ներս ստորագրուելիք Գործողութիւններու ծրագիրը, որ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ նաեւ երկկողմանի գործակցութեան խորացման համար:
Քննուեցան տարածաշրջանային հարցեր, ինչպէս՝ ռուս-վրացական յարաբերութիւններու հնարաւոր անդրադարձները տարածաշրջանին վրայ: