ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Հայաստան գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Մեծն Բրիտանիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Թիմ Լովթընի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները 1 Ապրիլին՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Մեծ Բրիտանիա բարեկամական խումբի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեանի եւ պատգամաւոր Մարիամ Պօղոսեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։
Հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթանալով Ցեղասպանութիւնը փաստող ցուցանմոյշներուն`Թիմ Լովթըն հետեւեալ գրառումը կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ․
«Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք պատմութեան դասերը: Այսպիսի վայրեր մեզի կը յիշեցնեն, որ պէտք է աչալուրջ ըլլանք մեր շուրջ կատարուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Մեծապէս կը գնահատեմ մեր այս այցելութիւնը: Ասիկա շատ իւրայատուկ վայր է»:
Մեծն Բրիտանիոյ լորտերու տան անդամ, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս հայերէնով՝ ողջունեց բոլորը եւ ըսաւ.
«Շատ ուրախ եմ, որ դարձեալ այստեղ եմ, որ այս պատմական երկրին մէջ կը հանդիպիմ հրաշալի մարդոց: Ուրախ եմ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու եւ Համայնքներու պալատներու ներկայացուցիչներուն հետ այստեղ գտնուելու: Մենքն կը փորձենք ըլլալ ձեր ձայնը: Յոյս ունիմ, որ մենք կը կարենանք Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքականութեամբ աջակցիլ ձեր իրավիճակին: Ես խորապէս կը ցաւիմ, որ ձեր ժողովուրդը կը տառապի` յատկապէս Արցախի մէջ: Մենք կը յարգենք ձեզ: Ես միշտ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի` ազատութեան սահմանագիծը պահելնուդ համար»։