ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Փառուխ գիւղին մէջ իրավիճակի սրման 5րդ օրը՝ 28 Մարտին, գումարած իր նիստին Անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԽ) իր յայտարարութեան մէջ առաջարկեց Ատրպէյճանին՝ անյապաղ բանակցութիւններու սկսիլ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, նոյն ժամանակ յայտարարելով` «Ադրբեջանը հող է նախապատրաստում Ղարաբաղի ուղղութեամբ նոր սադրանքներ եւ յարձակում սկսելու համար»: Այս յայտարարութիւնը ընդվզումի ալիք յառաջացուց Հայաստանի ընդդիմութեան մօտ, ինչպէս նաեւ արձագանգի արժանացաւ Ատրպէյճանէն։
Անդրադառնալով Անվտանգութեան խորհուրդի 28 Մարտի յայտարարութեան՝ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնը մէկ կողմէ կը խօսի պատերազմի սպառնալիքին մասին, միւս կողմէ` Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին։
Երեւան հաստատեց նաեւ, որ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ներխուժումը կը շարունակուի:
«Պատերազմի սպառնալիքի դէպքում խաղաղութեան պայմանագիր չեն կնքում», յայտնեց պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնը հակասական համարող ընդդիմադիր պատգամաւորը: «Խաղաղութեան պայմանագիրը համաձայնութեան ամրագրումն է, եթէ թշնամին խօսում է ուժով հարցերը լուծելու մասին, եւ դու դա ընդունում ես, ապա այն զիջումները, որին դու պատրաստ ես գնալ եւ որի ուղերձը յղում ես, նոր զիջումներ ու նոր աւելի վատ պայմանների տեղիք է տալու: Քանի դեռ Հայաստանը յստակ ցոյց չի տուել` որոնք են իր կարմիր գծերը, գնալ բանակցութիւնների գտնուելով թոյլ վիճակում բաւականաչափ վտանգաւոր է», ընդգծեց Խաչատրեան։
«Լարուածութեան աւելացման մասին են յայտարարում, բայց կանխարգելման լուրջ միջոցառումներ չեն իրականացնում», դիտել տուաւ ընդդիմադիր միւս` «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր, Պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Տիգրան Աբրահամեան, որ աւելցուց, թէ յստակ քայլեր առնելու փոխարէն իշխանութիւնը երկու բանով զբաղած է՝ գնահատական տալ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին առնչութեամբ ու կոչով դիմել միջազգային հանրութեան` զսպելու Ատրպէյճանը:
«Միայն լոզունգներով խաղաղութեան հասնել չի յաջողուելու, այլ բան է, թէ ինչ պայմաններում է քո հետ բանակցում քո դիմացինը: Դա Ադրբեջանը կը լինի, Թուրքիան կը լինի, թէ այլ երկիր կը լինի, մէկ է` երբ որ դու ունես արդիականացած բանակ ու խնդիր լուծող բանակ, մէկ այլ վիճակ է, երբ դու քո ողջ յոյսը դրել ես Ադրբեջանի կամ Թուրքիայի հետ թուացեալ խաղաղութեան օրակարգի վրայ եւ այդ իրականութեան մէջ դու դրան հասնելու համար որեւէ գործուն քայլ չես անում», ընդգծեց Աբրահամեան:
Ան դիտել տուաւ, որ երբ խօսքը միջազգային զսպման մասին է, այդ կ՛ենթադրէ այլ երկիրներու միջամտութիւն, ինչը պէտք է քննարկուէր Ռուսիոյ հետ` քաղաքական խորհրդակցութիւններու միջոցով, այլապէս կացութիւնը աւելի պիտի լարուի. յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին ռուս սահմանապահները Հայաստանի մէջ, իսկ խաղաղապահները` Արցախի մէջ անվտանգութեան ապահովման առումով մեծ ներգրաւուածութիւն ունին, շեշտեց Աբրահամեան՝ աւելցնելով․ «Հայաստանի եւ Արցախի համար խնդիրներ են աշխարհաքաղաքական այս նոր սրացումների պայմաններում իրադարձութիւններից դուրս գալ հնարաւորինս քիչ վնասներով»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը, որ անհրաժեշտ են միջազգային զսպման մեքանիզմնգործիքակազմեր, 29 Մարտին պնդեց, որ զսպման լաւագոյն ձեւը միջազգային իրաւունքն է, որոնց կարգին «այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելը եւ յարգանքը պետութիւններու ինքնիշխանութեան ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն նկատմամբ»:
Պաքու դարձեալ շեշտեց, որ Հայաստանին ներկայացուցած 5 պահանջները, որոնց կարգին՝ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը եւ յայտարարած` «խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ անոր վրայ»: Անիկա նաեւ հաստատեց, որ մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել, եթէ Հայաստան պատրաստ է լուրջ քայլերու: Թէ ինչ քայլերու մասին է խօսքը` պաշտօնական յայտարարութիւնը չյստակացուց:
Մինչ այդ, Ալմաթիի մէջ՝ ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի 30ամեակի միջոցառումներուն ընթացքին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի ղեկավարը յայտարարեց, որ իրենք Հայաստանէն կը սպասեն բոլոր 5 կէտերու համաձայնեցում: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան պատասխանեց` Հայաստանի համար այդ հինգ կէտերը ընդունելի են:
Պաքուի 5 կէտերէ բաղկացած պաշտօնական առաջարկը ստանալէ ետք` այս ամսուան սկիզբը, Երեւան դիմեց Մինսքի խումբի համանախագահութեան` խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար: Ցարդ, սակայն, այդ ուղղութեամբ հրապարակային որեւէ յառաջընթաց չկայ: