ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսա մտահոգ է ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ Արցախի մէջ յառաջխաղացման մասին տեղեկութիւններուն նկատմամբ, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ֆրանսա կը ցաւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած միջադէպերուն, մասնաւորաբար զինեալ ուժերու միջադէպերուն եւ Փառուխի ու Խրամորթի շրջաններուն մէջ զօրքերու յառաջխաղացման առնչութեամբ, եւ կոչ կ՛ուղղէ ուժերուն, որոնք, ինչպէս կ՛ըսուի, յառաջ շարժած են, ետ քաշուելու նախկին դիրքեր` զինադադարի մասին 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան համաձայն», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Արցախի մէջ կազի մատակարարման կասեցումներուն վերաբերեալ` պահանջելով վերականգնել տեղւոյն բնակչութեան կազի մնայուն մատակարարումը: Կը նշուի, որ այս հարցը արծարծուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին: