ՄԱԿ, «Անատոլու»․- Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումը միջազգային օրէնքի կոպտագոյն խախտում է, Հինգշաբթի օր յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու:
«Թուրքիա երբեք զայն պիտի չընդունի: Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը: Այս պատերազմին մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ. այս պատերազմը պէտք չէ սկսեր եւ պէտք է անմիջապէս դադրեցուէր: Միջազգային ընտանիքը չի կրնար համակերպիլ այս պատերազմին հետ, այս միջազգային օրէնքի կոպտագոյն խախտում է: Մարիուփոլի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է, այնտեղ ամէն օր կիներ եւ մանուկներ կը մահանան: Թուրքիա շատ լաւ կը հասկնայ գաղթականներու հարցը եւ ողբերգութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա աշխարհի վրայ ամէնէն շատ գաղթական ընդունած երկիրն է: Թուրքիա դիւանագիտութեան մէջ շատ աշխուժ է, սակայն մէկ երկրի նախաձեռնութիւնները բաւարար չեն: Բոլոր երկիրները պատասխանատու են ապագայ սերունդներուն բարեկեցութեան նկատմամբ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք` Ուքրանիոյ մէջ անյապաղ զինադադար հաստատելու. Ռուսիա պէտք է դադրեցնէ այս երկրին դէմ իր յարձակումը եւ անյապաղ հեռանայ գերիշխան պետութեան տարածքէն` առանց որեւէ պայմանի», յայտնեց Սինիրլիօղլու: