Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն Արեւմուտքին ու Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց՝ «առանց որեւէ նախապայմանի» իր երկրին «ԷՖ-35» ռազմական օդանաւեր եւ «Փեթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր յանձնելու:
Ալթուն ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կ՛ակնարկէ նոյն թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը, որ «կ՛առաջարկէր Թուրքիոյ իր «Էս․ 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ օգտագործել, եւ կը նշէր, թէ այդ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման պիտի յանգեցնէ»:
«Գաղափարը, հակառակ անոր որ այսօր իրատեսական չէ, վերջերս Արեւմուտքին հետ Թուրքիոյ դիմագրաւած հարցերու քննարկման առիթ մը չի ներկայացներ», գրած է ան:
Ալթուն կը քննադատէ Թուրքիոյ՝ ռուսական հրթիռներ գնելուն վերաբերեալ ամերիկեան պնդումները` յայտնելով, որ անոնք կ՛անտեսեն այն իրողութիւնը, թէ «Անգարա առաջինն էր, որ «Փեթրիըթ» համակարգեր գնելու համար դիմեց Միացեալ Նահանգներուն։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա կը գտնուի աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր եւ խառնակ տարածաշրջաններէն մէկուն մէջ, եւ անոր դիմակայած սպառնալիքները Ուաշինկթընի մերժումով կախարդական կերպով պիտի չքանան, Անգարային կը մնար այլընտրանքներ փնտռել», կ՛ըսէ ան։
«Թուրքերը տակաւին կը յիշեն, թէ իրենց դաշնակիցները ինչպէ՛ս թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու ամէնէն լարուած փուլերէն մէկուն ընթացքին իրենց «Փեթրիըթ» համակարգերը հեռացուցին Թուրքիայէն, եւ այդ փորձառութեան լոյսին տակ, թուրք ժողովուրդը այլեւս լուրջի չ՛առներ Արեւմուտքին կողմէ իրենց «Փեթրիըթ» համակարգ մատակարարելու մասին որեւէ ոչ-պաշտօնական խոստում», կը յայտնէ Ալթուն՝ աւելցնելով․
«Թուրքիան «ԷՖ-35»ի ծրագիրէն քաղաքական դրդապատճառներով ապօրինի կերպով հեռացնելը դժուար կը դարձնէ Թուրքիոյ նախկին կարգավիճակը վերականգնելու փոխաբերական «ստեպղին»ը լուրջի առնելը»: