
Վերջին տասնամեակներուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարած է գաղութի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած Միացեալ մարմնին միջոցով: Այս մարմինին մաս կը կազմեն կազմակերպութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններ։ Միացեալ մարմինին միացած են առաւել քան 40 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Այս տարի, դարձեալ նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ պահելով առողջապահական բոլոր ուղեցոյցները՝ Միացեալ մարմինին որոշումով, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, կրօնական արարողութեամբ մը պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցը, մասնակցութեամբ գաղութի յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն: Վայր՝ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640)։
Հրաւիրուած է հայ համայնքը՝ մասնակցելու եւ յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ