ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Աբխազիա Ուքրանիայէն անկախութիւն հռչակած Տոնպաս շրջանի Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն հետ դիւանագիտական կապեր հաստատեց:
Ըստ Աբխազիոյ արտաքին գործեց նախարարութեան` 9 Մարտին Աբխազիա Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հետ դիւանագիտական կապեր հաստատելու մասին համաձայնագիրներ փոխանակած է:
Աբխազիա աւելի կանուխ ճանչցած էր Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը: