
«Աւանդական Կուսակցութեան Յաջողութեան Գաղտնիքը Իր «Աւանդականութեան» Պահպանման Մէջ Չէ, Այլ Շարքային Թէ Համակիր Զանգուածներու Ընդլայնումին»
Աւանդական կուսակցութիւններու, անոնց ծնունդին, առաքելութեան, յատկապէս ՀՅԴի եւ անոր ծաւալած գործելաոճին մասին «Զաւարեանական էջ»ը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին հետ:
ԶՈՄ.- Ի՞նչ կը հասկնանք «աւանդական կուսակցութիւն» սահմանումով: Որո՞նք են աւանդական կուսակցութիւնները, եւ ի՞նչն է, որ զանոնք կը դարձնէ աւանդական:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- «Աւանդական» եզրոյթը պէտք է յստակացնել: Այս պարագային, եւ որպէսզի մնանք քաղաքագիտութեան ոլորտին մէջ, «աւանդական»ը պէտք է հասկնալ որպէս mainstream: Այսինքն` այն քաղաքական ուժերը, որոնք տուեալ երկրի ներքաղաքական ոլորտին մէջ իրենք զիրենք կը հաստատեն որպէս իշխանութեան այլընտրանք, որոնց գաղափարախօսական ենթահողով ծրագրի մը առաջարկած լաւագոյն կեանքի տեսլականը հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածին կողմէ ընդունման արժանացած է:
Կուսակցութեան մը «աւանդականութիւնը» կ՛ենթադրէ պատմական ուղի եւ փորձառութիւն: «Աւանդական» կուսակցութիւնները, հետեւաբար, տուեալ երկրի կամ հասարակարգի մէջ ամէնէն աւելի ամրակայուած քաղաքական էութիւններն են. «էութիւնը» հոս պէտք է հասկնալ entity իմաստով եւ ոչ թէ` essence: Այս, սակայն, չի նշանակեր, որ աւանդական կուսակցութիւններու շարունակականութիւնը երաշխաւորուած է: Ո՛չ իր անցեալը, ո՛չ իր գաղափարախօսական ուրոյնութիւնը, ո՛չ իսկ ծրագրի վաւերականութիւնը կրնան բացառել անոր չէզոքացումը` որպէս քաղաքական այլընտրանքի կամ գործօնի: Աւելի քան որեւէ նորաբուխ, անձի մը շուրջ բոլորուած թէ պայմաններու բերումով ծնունդ առած որեւէ կուսակցութիւն, որուն յաջողութիւնն ու շարունակականութիւնը պայմանաւորուած է կեդրոնական դէմքի ղեկավարութեամբ կամ ժամանակաւոր պահանջարկով, աւանդական կուսակցութիւններն են, որ պէտք ունին` ա. հետեւորդ մնայուն զանգուածի մը, որուն ընդլայնումը հիմնական մարտահրաւէր է, բ. քաղաքական յաջողութիւններու, թէկուզ եւ` ամենաներքեւային մակարդակէն սկսեալ, եւ զանոնք քաղաքական դրամագլուխի վերածելու ատակութիւն, որ հետեւորդ զանգուածի ընդլայնման գլխաւոր գրաւականն է, գ. հաւաքական ղեկավարութեան, որ բացառէ կուսակցութեան առաջնորդութիւնը անձի մը հետ նոյնացնելու կամայ թէ ակամայ փորձութիւնը, եւ դ. կառոյցի, կանոնագրի եւ աշխատելաոճի արդիականացման պատրաստակամութեան: Կուսակցութիւնները 19րդ դարուն ամրագրուած քաղաքական արդիականութեան երեւոյթներ են, ծնունդ առած եւ ամրագրուած են ժողովրդավար հասարակարգերու մէջ: Աւանդական կուսակցութիւնները կազմաւորուած եւ զարգացած են ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան պայմաններուն մէջ, թէկուզ եւ անոնցմէ ոմանք ծնունդ են յեղափոխական գործընթացի, կամ ծնած` յեղափոխական գործընթացի ծնունդ տալու համար: Այն կուսակցութիւնները, որոնք յաւակնած են ըլլալ պատմական ճշմարտութեան մը միակ դրօշակիրը եւ իշխանութեան գալով` ստեղծած են միակուսակցական ամբողջատիրութիւններ, համայնավարութեան խորհրդային տարբերակը կամ ֆաշական վարչակարգերը, ի վերջոյ ձախողած են: Այնպէս որ, աւանդական կուսակցութեանց օրինակները պէտք է փնտռել յատկապէս Արեւմուտքի զարգացած ժողովրդավարութիւններուն մէջ: Հայկական իրականութեան մէջ «աւանդական» եզրոյթը mainstream-էն քիչ մը տարբեր պէտք է հասկնալ: Կը խօսինք 19րդ դարու Զարթօնքի եւ ազգային ազատագրական պայքարի ոլորտի մէջ ծնած երեք կուսակցութիւններու մասին` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն: Այս վերջինը ինքզինք ժառանգորդը կը համարէ արմենականներուն, որոնք ընկալուած են որպէս հայկական իրականութեան մէջ յայտնուած առաջին «կուսակցութիւնը», թէեւ, անկասկած, հնչակեանները եղան առաջինը, որ ստեղծեցին այն, ինչ կարելի է նկատել արդիական կուսակցական կառոյց: Դաշնակցութեան պարագային, գիտենք, որ անոր «կուսակցականացումը» եկաւ իր ծնունդէն երկու տարի յետոյ միայն: Հիմա, եւ վերադառնալով «աւանդական» եզրոյթին, երեք կուսակցութիւններն ալ գործած են քաղաքագիտական հասկացողութեամբ կուսակցութեան մը համար անբնական պայմաններու մէջ:
Խօսքը, պարզ է, Սփիւռքի մասին է, ուր երեք կուսակցութեանց քաղաքական գործունէութիւնը հիմնականօրէն եղաւ համայնքային ոլորտը, նոյնիսկ երբ 1965էն ետք Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, Հայ Դատը, քաղաքական գործունէութեան այլ մակարդակի դաշտ մը բացաւ: Երեք քաղաքական կուսակցութիւններու պարագային, հետեւաբար, «աւանդական»ը պէտք է հասկնալ «պատմական» իմաստով եւ ոչ թէ լոկ ինչ-որ «աւանդութեան» մը պահապանի, ինչ որ կրնայ մինչեւ իսկ ժխտական հնչել, քանի նման սահմանումով «աւանդական»ը կարծես կը բացառէ արդիականացումը…
Անկախ Հայաստանի մէջ տակաւին կայացման գործընթացի մէջ եղող պետականութիւնն ու թերի ժողովրդավարութիւնը կը դժուարացնեն աւանդական կուսակցութիւններու կազմաւորման եւ ամրագրման որեւէ կանխատեսում: Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը հասկնալիօրէն կը ճանչցուի որպէս «աւանդական», եւ նոյնն ալ պէտք է ըսել հնչակեաններուն եւ ռամկավարներուն պարագային, եթէ երբեք իրենց հայաստանեան կառոյցները յաջողին հրապարակ գալ որպէս աւելի տեսանելի քաղաքական գործօններ: «Աւանդական» պիտի հաշուել նաեւ այն, ինչ որ մնացած է նախկին «Կոմկուս»էն, որ իր կարգին անկախութենէն ետք տեսանելի քաղաքական գործօնի վերածուելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ: Հաւանաբար Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կարենայ ինքզինք հաստատագրել որպէս ազգային պահպանողականութեան արտայայտութեան առաջնորդ քաղաքական ուժ: Հետաքրքրական էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախաձեռնութիւնը` «Հայ ազգային քոնկրես»ը վերածելու քաղաքական կուսակցութեան, ինչ որ աջ-ազատական այլընտրանք մը կրնայ կայունացնել: Իսկ Ապրիլ 2018ի ժողովրդային զօրաշարժով իշխանութեան հասած «Քաղաքացիական պայմանագրի» պարագային, տակաւին շատ կանուխ է որեւէ կանխատեսում, թէկուզ եւ Յունիս 2021ին իր վերընտրութեամբ ցոյց տուաւ, որ այսօր քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը իրեն ձայն տուաւ: Այլ երկիրներու մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու փորձը կայացած քաղաքական ուժի ոչ մէկ փաստ տուած է:
ԶՈՄ.- Այսօր տարբեր շրջաններու եւ երկիրներու մէջ ժողովուրդներ ինչպէ՞ս կ՛ընկալեն աւանդական կուսակցութիւնները:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Դժուար է համապարփակ եւ առարկայական գնահատական մը տալ: Յստակ է սակայն, որ ժողովրդավարութիւնը ճգնաժամ կը դիմագրաւէ: «Ռիսքի (վտանգ) տակ է», ըստ IDEA հիմնարկի The Global State of Democracy 2021 տեղեկագրին: «Պաշարման տակ», կը բնութագրէ Freedom House-ի Freedom in the World 2021: Democracy under Siege տեղեկագիրը: Այդ մէկը չի կրնար իր անդրադարձը չունենալ աւանդական կուսակցութիւններու վրայ: Աւելի՛ն. Ամերիկայի մէջ 6 Յունուար 2021ի Թրամփի հետեւորդներու ըմբոստութիւնը Քոնկրեսին դէմ թերեւս ամէնէն աւելի բացայայտ դարձուց այս ճգնաժամը, որ Ամերիկայի քաղաքականութեան մասնագէտներ յաճախ կը նոյնացնեն Հանրապետական կուսակցութեան ճգնաժամին հետ: Ընդհանուր առմամբ, կարելի է ըսել, որ ժողովրդավարութեան դիմագրաւած ճգնաժամը տեսանելի է կեդրոն-աջ եւ կեդրոն-ձախ աւանդական կուսակցութիւններու տկարացումով եւ անոնցմէ ծնունդ առնող գաղափարախօսականօրէն աւելի արմատական կուսակցութիւններու կամ շարժումներու գտած ժողովրդականութեան մէջ: Երեւոյթը յաճախ կը բնութագրուի որպէս «փոփուլիզմ» (ամբոխավարութիւն), բայց զգոյշ պէտք է ըլլալ տեսականօրէն արդէն ակադեմական/հասարակագիտական ուսումնասիրութեանց կարեւոր առարկայ դարձած այդ յղացքի պարզամիտ գործածութենէն:
Ժողովրդավարութեան եւ անոր առնչակից աւանդական կուսակցութիւններու այս ճգնաժամը պէտք չէ անպայմանօրէն հաւասարեցնել համակարգային փլուզումի եւ աւանդական կուսակցութիւններու` կամ կուսակցութիւններու ընդհանրապէս, աւարտին հետ (ինչ որ շատ կը յիշեցնէ ատենին այլ համատարած պարզամտութիւն մը` «գաղափարախօսութիւններու աւարտը»…): Աւանդական կուսակցութիւններու կառուցային դիմացկունութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է, քան ինչ որ ենթադրել կու տան անոնց երբեմն շատ ակնբախ ձախողութիւնները: Օրինակի համար, Ֆրանսայի մէջ 2002ի ընտրութիւններուն ընկերվարականները մեծ պարտութիւն կրեցին, եւ առաջին անգամ ըլլալով «պալլոթաժ»ը (երկրորդ հանգրուանի մրցակցութիւն) եղաւ կեդրոն-աջի եւ ծայրայեղ աջի միջեւ, բայց Ընկերվարական կուսակցութիւնը իշխանութեան վերադարձաւ: Մերքել երեւոյթը երկար ժամանակ գերմանական ընկերվար-ժողովրդավարները շուքի մէջ ձգեց, բայց անոնք, ահաւասիկ, իշխանութեան վրայ են: Կայ հետաքրքրական երեւոյթ մը, որ նոր չէ, բայց կարծես կը շեշտուի. ընտրական կամ կառավարման դաշինքներու գոյացումը, որ կարելի է մեկնաբանել ե՛ւ որպէս աւանդական կուսակցութիւններու տկարացում, ե՛ւ անոնց աշխատելաոճի այժմէականացման կարողութիւն: Պէտք չէ անտեսել նաեւ նոր կուսակցութիւններու ծնունդն ու կարծես աւանդական կուսակցութեան վերածուելու հակումը, ինչպէս «Փոտեմոս»` Սպանիոյ մէջ, «Սիրիզա»` Յունաստանի, եւ պէտք է ուշադիր ըլլալ, թէ հիմա ի՛նչ կը պատահի Կապրիէլ Պորիքի հետ` Չիլիի մէջ:
ԶՈՄ.- Նկատի ունենալով կարգ մը կուսակցութիւններու աւանդական բնոյթը` անոնք ինչպէ՞ս կրնան քայլ պահել արդի աշխարհին հետ:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Իրենց քաղաքական փլաթֆորմի (ծրագիր), ի հարկին` ծրագրային դրոյթներու (բայց պէտք է յստակացնել, ոչ գաղափարախօսական սկզբունքներուն), կառոյցի եւ աշխատելաոճի, եւ, ի մասնաւորի, ղեկավարութեան վերաթարմացման ճամբով: Աւանդական կուսակցութեան մը յաջողութեան գաղտնիքը, կը կրկնեմ, իր «աւանդականութեան» պահպանումը չէ, այլ` շարքային թէ համակիր զանգուածներու ընդլայնումը եւ քաղաքական յաջողութիւնները, որոնք իրարու առնչուած են:
ԶՈՄ.- Մեր միջավայրին մէջ ինչպիսի՞ աւանդութիւններ կան, որոնք ժառանգուած են մեզի, սակայն այս դարուն ժամանակավրէպ են: Ինչպիսի՞ մօտեցում պէտք է ունենանք անոնց նկատմամբ:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Դժուար է այս հարցումին յստակ պատասխան մը բանաձեւել: «Ժառանգուած աւանդութիւնները» անպայմանօրէն ժամանակավրէպ չեն դառնար եթէ անոնց արդիականացման նախանձախնդրութիւնը, քննական/քննադատական մտածողութիւնն ու բանավէճը եւ վերաթարմացման ճիգը առկայ են ներկուսակցական ոլորտին մէջ: Կարեւոր է նկատի ունենալ, որ քսանմէկերորդ դարուն ոչ մէկ ներկուսակցական ոլորտ կրնայ յաւակնիլ ինքզինք հանրային կարծիքէն այնքան կտրուկ տարանջատել, որ անտեսէ անոր անխուսափելի անդրադարձը իր զարգացման հոլովոյթին վրայ:
ԶՈՄ.- ՀՅԴն իր կառոյցով, Ծրագիրով եւ Կանոնագիրով որքանո՞վ կրնայ քայլ պահել արդի աշխարհին հետ:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- 1988ին ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովը իր առաջ դրաւ մեծ մարտահրաւէր մը` «Դէպի Երկիր»: Աւելի քան երեք տասնամեակ յետոյ այդ որոշումի գործադրութիւնը իր բոլոր վերիվայրումներով ցոյց տուաւ, որ կուսակցութիւնը այդ մարտահրաւէրը յաջողութեամբ դիմագրաւած է: Կարծեմ անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ փուլ մը աւարտած է, եւ արդէն պէտք է առաջին հերթին կառոյցի, աշխատելաոճի եւ Կանոնագրի արմատական բարեփոխութիւն, ապա նաեւ` Ծրագրի վերատեսութիւն: Արդիականացումը հրամայական է նախ եւ առաջ գիտակցելու համար, որ ՀՅԴն, ինչպէս միւս հայկական աւանդական կուսակցութիւնները, քաղաքագիտական սահմանումով դասական կուսակցութիւն մը չէ, որովհետեւ հայութեան իրականութիւնը, այսինքն` կայացած եւ Հայաստանի համար անհրաժե՛շտ, Սփիւռքի գոյութիւնը որպէս անդրազգային գոյավիճակ, կը պարտադրէ կառոյցի, աշխատելաոճի եւ կազմակերպական կանոններու եզակիութիւն, գրեթէ բնորդի մը ստեղծում: Համահայկական տարողութեամբ զօրաշարժի ատակութեան պահպանումը կ՛ենթադրէ կազմակերպական ապակեդրոնացման կարողականութեան յաւելում/զարգացում եւ համակուսակցական գործի համակարգումի մեծ պատասխանատուութիւն: Ներկուսակցական բազմակարծութիւնը, թէկուզ եւ եթէ յանգի բացայայտ տարակարծութիւններու, այդ «տինամիզմ»ին հիմնական գործօն կրնայ ըլլալ, եթէ կուսակցութեան ղեկավարումը ընկալուի նախ եւ առաջ համակուսակցական գործի համակարգում, որուն համար, պարզ է, անհրաժեշտ են նաեւ համապատասխան կանոնագրային տրամադրութիւններ: Կառոյցի, աշխատելաոճի եւ կազմակերպական կանոններու արդիականացումը առաջնահերթային է: Ծրագրային դրոյթներու վերջին վերատեսութեան վրայէն անցած է գրեթէ 23 տարի, 27` եթէ նկատի ունենանք, որ 1998ին որդեգրուած Ծրագրի բարեփոխութեան գործընթացը սկիզբ առաւ անկէ չորս տարի առաջ: Այդ օրերու յետ պաղպատերազմեան աշխարհաքաղաքական իրավիճակը այլեւս պատմութեան անցած է: 1998ի Ծրագրին մէջ 21րդ դարու համաշխարհային, համամարդկային եւ մինչեւ իսկ քաղաքակրթական մեծ խնդիրներու ոչ մէկ անդրադարձ կայ: Աւելի՛ն. այդ անդրադարձի քննարկումը Դաշնակցութեան գաղափարախօսական մօտեցումով զարգացնելու համար անհրաժեշտ է վերաթարմացնել ընկերվարութեան վերաբերեալ կարգ մը պարբերութիւններ: Ծրագրի վերատեսութիւնն ալ պէտք չէ ուշանայ, բայց որոշ չափով մը անիկա կապուած է կառոյցի, աշխատելաոճի եւ կազմակերպական կանոններու արմատական բարեփոխութեան հետ, եթէ ոչ` պայմանաւորուած անոնցմով: Եթէ կառոյցի, աշխատելաոճի եւ կազմակերպական կանոններու փոփոխութիւնը ընկալելի չըլլայ որպէս այդպիսին, դժուար թէ ծրագրային փոփոխութիւնը որեւէ իմաստ եւ գործնական հետեւանք ունենայ: