ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, տեղեկացուցին Հայաստանի վարչապետի գրասենեակէն:
Մաքրոն եւ Փաշինեան անդրադարձան Փարիզի մէջ նախատեսուող Հայ-ֆրանսական համագործակցութեան համաժողովի կազմակերպման ու իրենց հանդիպման առնչուող օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի իրավիճակին, Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն շուրջ: