
Բարերարներ Ճէք եւ Զառիկ Եուրէճեանները տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ քանի մը տարի առաջ դարձած էին համալսարանին զօրակցողներու` AUA Pillar-ներու փաղանգին անդամ:

եղբայր եւ քույր՝ Հայկ եւ Ռընէ
Այժմ անոնց զաւակները` Ռընէ եւ Հայկ Եուրէճեանները, որոշած են շարունակել իրենց ծնողքին առաքելութիւնը, դառնալով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին զօրակցողներու` AUA ChangMaker-ներու խմբակին անդամներ:
Ռընէ Եուրէճեան տնօրէնն է Կլենտէյլ հաստատուած LA Medical Wholesale ընկերութեան եւ կը նկատուի Լոս Անճելըս գաւառի հեղինակաւոր կին գործարարներէն մէկը, իսկ Հայկ Եուրէճեան ստանձնած է ընտանիքին` Western Drug Medical Supply ընկերութեան ղեկը:
Ռընէ եւ Հայկ Եուրէճեանները յոյժ կարեւոր կը համարեն Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին դերակատարութիւնը` Հայաստանի երիտասարդութեան ապագային համար նոր կարելիութիւններ ստեղծելու աշխատանքին մէջ:
Ռընէի եւ Հայկի հայրը՝ Ճէք Եուրէճեան, ծնած եւ հասակ նետած է Երուսաղէմի մէջ, իսկ ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Ան դեղագործութեան մէջ դոկտորի կոչումը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ 1977ին հաստատած է Western Drug Medical Supply ընկերութիւնը: Ան բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու իր երազին իրականացման մէջ կարեւոր կը համարէ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամէն ստացած աջակցութիւնը եւ իր կարգին կ՛ուզէ նպաստել յաջորդ սերունդներուն եւ այդ մղումը կրցած է յաջողութեամբ փոխանցել իր զաւակներուն: