(Ծնեալ՝ 23 Մայիս 1979ին, Նու Ջուղա, Պարսկաստան)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, զաւակին, եղբօր եւ հարազատին՝ Վահէ Թորոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 3 Փետրուար 2022ին, Պարսկաստանի մէջ։
Հանգուցեալի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, 12 Փետրուար 2022ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave.:
Սգակիրներ`
Այրին՝ Սքարլէթ Թորոսեան եւ դուստրը՝ Անի (Պարսկաստան)
Ծնողները՝ Գրիշ եւ Ֆլոր Թորոսեան (Պարսկաստան)
Եղբայրը՝ Վաչէ Թորոսեան (Պարսկաստան)
Քոյրը՝ Վանէ եւ Ալէն Բէգջանեան
Հօրեղբայրը՝ Վարուժ եւ Վալերիկ Թորոսեան եւ դուստրը (Հայաստան)
Հօրաքոյրը՝ Վերժիկ եւ Նորիկ Շահվալադեան եւ զաւակները (Նոր Ջուղա)
Հօրեղբայրը՝ Կոմիտաս Ա. քհնյ. եւ երէցկին Սիլվա Թորոսեան եւ դուստրը
Հօրաքոյրը՝ Արմինէ եւ Հերոս Քալանթար Օհանեան (Նոր Ջուղա)
Մօրաքոյրը՝ Ֆրիդա եւ Արտաշ Ղարիբեան եւ զաւակները (Նոր Ջուղա)
Քեռին՝ Թաթուլ եւ Սեդա Ալլահվերդեան եւ զաւակները (Նոր Ջուղա)
Կնքահայրը՝ Հովակ եւ Քարօլ Մարկոսեան եւ զաւակները
Եւ համայն Թորոսեան, Հայրապետեան եւ Ալլահվերդեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ACF CHAPTERS WUSA-ին:
ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆի վաղաժամ մահուան տխուր առիթով (մահացած՝ Նոր Ջուղա), Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի հօրեղբօր՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանին, երէցկնոջ՝ Սիլվային, դստեր եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը: