ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումին նախաձեռնութեամբ, այս ամառ տեղի պիտի ունենայ վարժողական իւրայատուկ ծրագիր մը, որուն կրնան մասնակցիլ համալսարանական կամ համալսարանէն նոր շրջանաւարտ քալիֆորնիացի ուսանողներ:
Հետաքրքրուողները դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնեն մինչեւ 25 Մարտ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել CALCfellowship@gmail.com հասցէին։
Ծրագիրին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան մօտէն ծանօթանալու նահանգի մայրաքաղաքի քաղաքական կեանքին, արժէքաւոր փորձառութիւն ապահովելով եւ մօտէն գործակցելով նահանգային խորհրդարանականներու եւ քաղաքական այլ գործիչներու հետ:
Այս տարուան ծրագիրին համար պիտի ընտրուին երու ուսանողներ, որոնք ծրագիրին համար Սաքրամենթօ պիտի մնան Օգոստոսէն Սեպտեմբերի միջեւ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ 2500 տոլար, որուն 1000 տոլարը` բնակարանային ծախսերուն համար պէտք է գործածուի, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի հանրային փոխադրական ցանցին ձրի գործածութեան իրաւասութիւն: