ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ»․- Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը Եւրոպայի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան հասնելու գլխաւոր միջոցն է, յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ 5 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին:
Ուքրանիոյ եւ ՆԱԹՕի՝ դէպի Արեւելք ընդարձակման հարցերը քննելու համար Մոսկուա ժամանած Մաքրոն ընդգծեց, որ ներկայիս Եւրոպա կը գտնուի ճգնաժամային վիճակի մէջ, որուն համար կենսական է բոլոր կողմերուն պատասխանատուութիւն դրսեւորելը:
Փութին իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Ֆրանսա հասարակաց մտահոգութիւն ունին Եւրոպայի ապահովական ոլորտին մէջ:
«Ֆրանսա վերջին տասնամեակին ամէնէն գործօն մասնակցութիւնը կ՛ունենայ եւրոպական ապահովական հարցերու լուծման մէջ», ընդգծեց Փութին: