ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Փետրուարին, հայկական եւ օտար կառոյցներ դատապարտեցին Ատրպէյճանի որոշումը՝ կազմելու տեղւոյն ու միջազգային մասնագէտներու աշխատանքային խումբ, որ պիտի ուսումնասիրէ ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ անցած հայկական տարածքներուն մէջ «հայացուած ալպանական յուշարձաններ»ը եւ աշխատի ջնջել հայկական հետքերը։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստագոյնս դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն` յատուկ յանձնաժողով կազմելու որոշումը, որուն աշխատանքը, ըատ պաշտօնական յայտարարութիւններու, պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող մշակութային եւ կրօնական կոթողներէն հայկականութեան հետքերը ջնջել:
«Տուեալ քայլը եւս մէկ անգամ համոզիչ կերպով հաստատում է այն ակնյայտ փաստը, որ ադրբեջանական իշխանութիւնների վերահսկողութեան տակ յայտնուած հայկական մշակութային ժառանգութեանը լիակատար ոչնչացման կամ պատմական արմատներից անջատուելու իրական վտանգ է սպառնում», յայտարարեց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը՝ աւելցնելով․
«Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ոչ միայն Արցախի ժողովրդին իր իրաւունքներից, այդ թւում` մշակոյթի իրաւունքից զրկելու փորձ է, այլեւ` մարտահրաւէր միջազգային հանրութեան համար եւ սպառնալիք խաղաղութեանը եւ անվտանգութեանը»:
Յայտնենք, որ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով 3 Փետրուարին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, թէ յառաջացած է տեղւոյն ու միջազգային մասնագէտներու աշխատանքային խումբ, որ պիտի այցելէ «հայացուած ալպանական յուշարձաններ»` ընդգծելով. «Հայերը հետքեր ձգած են մեր յուշարձաններուն վրայ, անոնց վերաբերեալ այժմ մենք ապացոյցներ կը հաւաքենք»։
Արցախէն կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ անյապաղ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու` պարտադրելու Պաքուին կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները` «պահպանելով եւ յարգելով հայ ժողովրդի մշակութային ժառանգութիւնը, եւ լիարժէք կերպով կատարել ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի միջանկեալ միջոցների կիրառման մասին որոշումը»:
Իր կարգին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, դատապարտելով այս քայլը՝ դիմեց ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, առաջին կարգին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն, քոյր եկեղեցիներուն եւ կրօնական կառոյցներուն, միջազգային մասնագիտական կազմակերպութիւններուն` «խստագոյնս արձագանգելու Ադրբեջանի կողմից իրականացուող մշակութային եղեռնագործութեան անթաքոյց այս փաստին` կասեցնելու եւ կանխելու համար վանդալիզմի այս ու նմանօրինակ դրսեւորումները»:
Պաշտօնական Երեւանը եւս խստօրէն դատապարտեց Պաքուի վերահսկողութեան տակ յայտնուած հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային կոթողներու ինքնութիւնը փոխելու նպատակով աշխատանքային խումբ կազմելու՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումը:
«Լեռնային Ղարաբաղում հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան նկատմամբ վանդալիզմի եւ ոչնչացման դէպքերը կրում են միտումնաւոր ու ծրագրուած բնոյթ», յայտարարեց պաշտօնական Երեւանը` խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի յայտարարութիւնը։
«Հարեւան ժողովրդի պատմամշակութային ժառանգութիւնը միտումնաւոր ու ապօրինի իւրացնելու եւ նրան պատմական յիշողութիւնից զրկելու նպատակով պետական մակարդակով նման կառոյցի ստեղծումը աննախադէպ է անգամ հակամարտութիւնների պատմութեան համար», շեշտեց Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` ընդգծելով, թէ ասիկա կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ 44օրեայ պատերազմին եւ յաջորդած ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան նկատմամբ վանտալիզմի եւ ոչնչացման դէպքերը կը կրեն միտումնաւոր ու ծրագրուած բնոյթ, եւ Լեռնային Ղարաբաղը իր բնիկ հայ բնակչութենէն զրկելու քաղաքականութեան մաս կը կազմեն:
«Ադրբեջանի կառավարութեան այս քայլը բացայայտ մարտահրաւէր է ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմից 2021թ. Դեկտեմբերի 7ին կայացուած հրատապ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ որոշմանը, որը յստակ կերպով պարտաւորեցնում է Ադրբեջանին՝ «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու եւ պատժելու վանդալիզմի ու պղծման գործողութիւնները` ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ` եկեղեցիների եւ այլ պաշտամունքի վայրերի, յուշարձանների, տեսարժան վայրերի, գերեզմանատների եւ արտեֆակտերի (արուեստի գործերու, հնութիւններու) դէմ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Պաշտօնական Երեւանը կը հաստատէ, որ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան եւ կրօնական սրբավայրերու ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման այս քաղաքականութիւնը կը հակասէ հաշտութեան հասնելու Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն եւ լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ձգտումին:
Միացեալ Նահանգներու Կրօնական ազատութիւններու հարցերու յանձնաժողովը իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց եկեղեցիներէն հայկական արձանագրութիւնները հեռացնելու՝ Պաքուի ծրագիրներուն գծով։ «Մենք խորապէս մտահոգ ենք եկեղեցիներէն Հայ առաքելական արձանագրութիւնները հեռացնելու Ատրպէյճանի ծրագիրներով: Կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու պաշտամունքի վայրերը եւ այլ կրօնական, մշակութային կառոյցները», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է յանձնաժողովի ղեկավար Նատին Մաենզա:
Այս գծով ահազանգ հնչեցուց նաեւ յունահայկական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը՝ յայտարարութեան մը միջոցաւ դատապարտելով հայկական եկեղեցիներէն հայկական ներկայութեան վերացման համար աշխատանքային խումբ կազմելու Ատրպէյճանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնը: Յայտարարութիւնը հայերէնով եւ յունարէնով «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ զետեղած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
«Յունա-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը դատապարտում է աշխատանքային խումբ ստեղծելու՝ Ադրբեջանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնը, որի նպատակն է` նպաստել Ադրբեջանի կողմից Արցախից գրաւուած տարածքներում հայկական տաճարներից հայկական ներկայութեան ոչնչացնելը այն պատրուակով, թէ իբր այդ տաճարները պատկանել են Կովկասի ալբանական եկեղեցուն», կը նշեն յայտարարութեան հեղինակները:
Ըստ անոնց՝ իրականութիւնն այն է, որ Կովկասի ալպանական եկեղեցին եղած է ինքնավար եկեղեցի, ստեղծուած է կարճ ժամանակով 5րդ դարուն եւ 705 թուականին ենթարկուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Ալպանական այբուբենը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցին կողմէ՝ 405 թուականին: «Հետեւաբար, գրեթէ անհնարին է, որ հայկական եկեղեցին օգտագործէր ալբանական տաճարները: Ակնյայտ է, որ Բաքուի նպատակն է` մշակութային ֆաշիզմի գործողութեամբ` հերթական անգամ մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնելը», կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ:
Յունա-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը՝ դատապարտելով այդ արարքը, կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ դիրքորոշուելու ու ձեռնարկելու ամէն ինչի, որ անհրաժեշտ է այս քայլը կանխելու։
Տակաւին ամիսներ առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, այցելելով Հադրութի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին՝ յայտարարեց․ «Հայերը պղծած են թէ՛ մեր մզկիթները եւ թէ հին ալպանական տաճարները: Բայց մենք կը վերականգնենք: Այս բոլոր գրութիւնները կեղծ են, աւելի ուշ աւելցուած գրութիւններ են»:
Պաշտօնական տուեալներով` 2020ի պատերազմին իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են առնուազն 1456 նշանաւոր յուշարձաններ, որոնց կարգին 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ եւ 591 խաչքարեր: