Յունաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Տիմիթրա» պետական հաստատութեան նախագահ փրոֆ. Սերգօ Յարութիւնեան բացառիկ յաջողութեամբ ընտրուեցաւ ՄԱԿի պարենաւորման եւ գիւղատնտեսութեան միջազգային կազմակերպութեան (Food Agricultural Organization) գործադիր կոմիտէի անդամ։ Ան պատասխանատւութիւն կը ստանձնէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն համար։
Ընտրութեան մասնակցեցան 54 երկիրներ, իսկ Յունաստանի Գիւղատնտեսական համալսարանի դասախօս Սերգօ Յարութիւնեանի պաշտօնավարման շրջանը պիտի ըլլայ երկամեայ, որուն համար ան կրնայ վերընտրուիլ երեք շարունակական նստաշրջաններ եւս։
Ընտրութեան առիթով, յունահայ մեր հայրենակիցը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Յունաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարին եւ նախարարութեան պաշտօնակատարներուն, որոնք իր թեկնածութիւնը առաջադրած եւ պաշտպանած էին։ Ան յայտնեց, որ իր պաշտօնավարման շրջանին ամէն ջանք պիտի թափէ լուծումներ տալու համար գիւղատնտեսական առաջին կարգի արտադրութեան հարցերուն, կլիմայական փոփոխութիւններու դիմագրաւման, պարենաւորման բաւարարութեան ծրագիրներուն, հողամշակման նորաձեւութիւններու որդեգրումին, ինչպէս նաեւ կենսոլորտային գործնական միջոցներու տարածման։
FAO միջազգային կազմակերպութիւնը հիմնուած է ՄԱԿի կողմէ 1945ին․ անոր կեդրոնատեղին կը գտնուի Հռոմի մէջ։ Կազմակերպութիւնը օգնութիւն կ՛ընձեռէ առաւել քան 130 երկիրներու, նպատակ ունենալով գիւղատնտեսութեան ոլորտի հզօրացումը, ինչպէս նաեւ աղքատութեան ու անօթութեան վերացումը աշխարհէն։
Նշենք, որ փրոֆ. Սերգօ Յարութիւնեան երկար տարիներ ծառայած է Յունահայոց թեմի Ազգային վարչութեան կազմին մէջ եւ իր կարեւոր նեդրումը ունեցած է ազգային կեանքի վարչական եւ կազմակերպչական ծրագիրներուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.